Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (28 Յուլիս 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Շողիկ, Կարօ եւ Շահէ Արսլանեաններ
Տիկին Աստղիկ Քէշիշեան եւ դուստրը` Անգինէ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սեդա Գոճաօղլանեան եւ զաւակունք` Ցոլին եւ Հրակ
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Միշել Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Սոնա Յովսէփեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նանոր Այնթապլեան եւ զաւակունք
Արսլանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Գոճաօղլանեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
Այնթապլեան եւ Թորիկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՔՆԱՐԻԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՃԱՕՂԼԱՆԵԱՆ, 1930-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 28 յուլիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի տեղափոխուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պհարսաֆի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Միսաք Հեքիմեան եւ դուստրը` Սիրան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մանիա Մկրտիչեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Լուսին Գալթաքճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սերգօ եւ Վարդուկ Օհաննէսեան եւ զաւակունք
Հեքիմեան եւ Իշխանեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Գալթաքճեան ընտանիքներ
Օհաննէսեան եւ Պոյրազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՌՈԶ ՀԵՔԻՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԻՇԽԱՆԵԱՆ, 1929-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 26 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Ամանոս, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հինգշաբթի, 28 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————————————————-

ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայրենակից,

«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 56 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ մէկ ամիսէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ մը կը տառապի:

Լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:

Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 200.000 եւրօ:

Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:

Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք` սիրելի՛ հայրենակից, որ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ի կոչին ընդառաջէք:

Վստա՛հ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը կը փրկենք:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

PRINTKOM ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել` e-mail: kanekour@dm.net.lb

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ

Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, 52 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-695352:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Այնճարի մէջ, 4000 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 70-468162:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Այնճարի մէջ, 4000 քառ. մեթր, բնակարաններու շրջան, կարելի է բաժնել 2 անջատ հողաշերտերու: Դիմել` հեռ. 76-174834 թիւին:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-610584:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ

Այնճարի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ + պարտէզ` պտղատու ծառերով + մթերանոցի յարմար 2 սենեակ + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 03-463257:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>