Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (1 Օգոստոս 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռայիֆ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆրանսուա Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ապպուտ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նապիլ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Պօղոս եւ զաւակունք
Տիար Մույին Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Տէր Մեսրոպեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՌՈԶԵԹ ՊՕՂՈՍԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 31 յուլիս 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 1 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 2 եւ չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————————————————-

ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայրենակից,

«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 56 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ մէկ ամիսէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ մը կը տառապի:

Լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:

Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 200.000 եւրօ:

Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:

Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք` սիրելի՛ հայրենակից, որ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ի կոչին ընդառաջէք:

Վստա՛հ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը կը փրկենք:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

—————————————————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Տարագճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր եւ հարազատին` ԱԼԻՍ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆի մահուան սուգին:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Այնճարի մէջ, 4000 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 70-468162:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-610584:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ

Այնճարի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ + պարտէզ` պտղատու ծառերով + մթերանոցի յարմար 2 սենեակ + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 03-463257:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>