ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռայիֆ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆրանսուա Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ապպուտ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նապիլ Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Պօղոս եւ զաւակունք
Տիար Մույին Պօղոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Տէր Մեսրոպեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՌՈԶԵԹ ՊՕՂՈՍԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 31 յուլիս 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 1 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————————————————-
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ, ՊԻՔՖԱՅԱ
8-12 օգոստոս 2016
Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 8-12 օգոստոս 2016-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդին բարեպաշտ զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:
ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, «Տպարան Տօնիկեան»-ի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
—————————————————————————-
Նախաձեռնութեամբ`
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հանդիսապետութեամբ`
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԶՄՄԱՌՈՒ ՄԻԱԲԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻՆ, ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՆՈՐ ԱՄՓԻԹԱՏՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու վանքի շրջակայքին մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու այս պատմական հանդիսութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով` յաւերժացնելու համար հայ ազգի մէկուկէս միլիոն նահատակաց եւ Զմմառու միաբանութեան նահատակ հայրերուն յիշատակը:
ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ
—————————————————————————-
ԿՈՉ
Սիրելի՛ հայրենակից,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 56 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ մէկ ամիսէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ մը կը տառապի:
Լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:
Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 200.000 եւրօ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:
Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք` սիրելի՛ հայրենակից, որ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ի կոչին ընդառաջէք:
Վստա՛հ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը կը փրկենք:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 4000 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 70-468162:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ
Այնճարի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ + պարտէզ` պտղատու ծառերով + մթերանոցի յարմար 2 սենեակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-463257: