Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (12 Օգոստոս 2016)

$
0
0

ՈՒԽՏԻ ՕՐ
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտագնացութիւնը։

Այս առիթով, ուխտաւոր հաւատացեալներուն կը ներկայացնենք Ուխտի Օրուան ժամանակացոյցը.-

Ուրբաթ 12 Օգոստոս

  • Աղի օրհնութիւն առաւօտեան ժամը 11:00-ին
  • Աջահամբոյր, առաւօտեան ժամը 11:30-12:00
  • Երեկոյեան ժամերգութիւն, կ.ե. ժամը 5:00-ին
  • Հսկում, երեկոյեան ժամը 7:30-ին
  • Ոչխարներու զենում, երեկոյեան ժամը 8:30-ին

Շաբաթ 13 Օգոստոս

  • Առաւօտեան Ժամերգութիւն, առաւօտեան ժամը 7:00-ին
  • Երեկոյեան Ժամերգութիւն, կ.ե. ժամը 5:00-ին
  • Հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին

Պիտի պատարագէ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆ

Արարողութեանց պիտի նախագահէ
եւ ժողովուրդին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցէ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին,
տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։

Կիրակի 14 Օգոստոս

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ առաւօտեան ժամը 10։00-ին։

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմին

 Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի
տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։

Պիքֆայայի Վանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ առաւօտեան ժամը 10:00-ին։

Երկուշաբթի 15 Օգոստոս

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգիստ ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ։

Կ Ա Ր Ե Ւ Ո Ր

Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ խաղող նուիրել Ուխտի Օրուան առիթով, պէտք է ամէնէն ուշը Ուրբաթ, 12 Օգոստոս 2016-ի կէսօրին, իրենց նուէրները յանձնեն Անթիլիասի Մայրավանքը կամ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը:

Հեռ: Անթիլիաս 04-410001/3, 523461/2 և Պիքֆայա 04-983634/5:

—————————————————————————-

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի Ուխտի օրուան առիթով, սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, մասնակից դառնալու Պիքֆայայի վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին:

Հանդիսաւոր այս առիթով, արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ մեր ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

Տօնական այս առիթով, դէպի Պիքֆայա մեր հաւատացեալ ժողովուրդին երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով, մասնաւոր փոխադրակառքեր տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն մէջ.

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
Ս. Յակոբ եկեղեցի
Ֆանարի ակումբ
Ռաուտա (Էհլան կեդրոն)
Ս. Սարգիս եկեղեցի
Զալքայի ակումբ
Անթիլիասի «Սիմիթեան» շէնքեր
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Հաճըն եւ Ռմէյլ` նախկին փուռ Փատովայի կից

Փոխադրակառքերը վերոնշեալ վայրերէն պիտի մեկնին ճիշդ երեկոյեան ժամը 6:00-ին եւ Ս. պատարագի աւարտէն կէս ժամ ետք ժողովուրդը վերադարձնեն Պէյրութ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————————————————-

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Պուրճ Համուտ)

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Հովանաւորութեամբ`
ԱՐՀԻ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ
Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին

Շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին,

Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ. պատարագին եւ խաղողօրհնէքին պիտի յաջորդէ թափօր` Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

Յաւարտ թափօրին, օրհնուած խաղողներ եւ ԼՈԻՐՏԻ հրաշագործ ջուրէն պիտի բաժնուին հաւատացեալ ժողովուրդին: Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ս. պատարագին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւն:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ վերանորոգուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵԿԵՂԵՑՒ

—————————————————————————-

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ԽԱՂՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
ՖԷՅԹՐՈՒՆԻ «ՍԱԹԵԼԻԹԻ» ՀԱՄԱԼԻՐԻ
ՄԱՐ ԺՐԺՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին եւ մանաւանդ այն հաւատացեալներուն, որոնք բարձրացած են Ֆարայայի, Հարաժելի, Ֆէյթրունի, Աշութի եւ Քեսրուանի շրջակայից հովոցները, թէ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, ապա խաղողօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարուի:

Պիտի պատարագէ շրջանի հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ԽԱՉԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ

Սկիզբ Ս. պատարագի` կէսօրուան    ժամը 12:15-ին
Խաղողօրհնէք`   ժամը 1:30-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայ գտնուելու հոգեպարար սուրբ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան սուրբ խորհուրդով:

ԾԱՆՕԹ.

Անոնք, որոնք կը փափաքին աւանդութեան համաձայն խաղող ընծայաբերել, թող բարեհաճին մինչեւ ժամը 1:00 յանձնել խաղողները եկեղեցւոյ դրան մօտ հիւրընկալող տիկնանց յանձնախումբին եւ կամ թաղական խորհուրդի անդամներուն: Իսկ անոնք, որոնք փափաքը ունին իրենց սիրեցեալ ննջեցեալներուն համար «Տէր ողորմեա» խնդրել, պարտին մինչեւ ժամը 12:30 ներկայ գտնուիլ եկեղեցի եւ արձանագրել ննջեցեալներուն անունները:

ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ
ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

Ս. ԱՍՏ­ՈՒԱ­ԾԱԾ­ՆԱՅ
ՎԵ­ՐԱ­ՓՈԽ­ՄԱՆ ՏՕ­ՆԱԽՄ­ԲՈՒ­ԹԻՒՆ
ԶՄՄԱ­ՌՈՒ ՎԱՆ­ՔԻՆ ՄԷՋ

Զմմա­ռու պատր­ի­ար­քա­կան կղե­րի մի­ա­բա­նու­թիւնը կը ծա­նու­ցէ, թէ շա­բաթ, 13 եւ կի­րա­կի, 14 օգոս­տոս 2016-ին, Զմմա­ռու վան­քին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ վան­քիս վար­չա­կան խոր­հուր­դին եւ Հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պե­տու­թեանց, պի­տի տօ­նախմբ­ուի Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ վե­րա­փոխ­ման տօ­նը, հե­տեւ­եալ յայ­տա­գի­րով.

Շա­բաթ, 13 օգոս­տոս 2016-ին,
երե­կոյ­եան ժա­մը 19:00-ին

Պատր­ի­ար­քա­կան փո­խա­նորդ եւ Զմմա­ռու վան­քի մե­ծա­ւոր`
Հ. ԳԱԲՐԻ­ԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒ­ՐԱՏ­ԵԱՆ

արա­բա­խօս­նե­րու հա­մար, Զմմա­ռու վան­քի նո­րա­կա­ռոյց «Երա­նե­լի Մա­լոյ­եան» ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ հան­դի­սա­ւոր Ս. պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցէ եւ խա­ղո­ղօրհ­նէք կա­տա­րէ:

Կի­րա­կի, 14 օգոս­տոս 2016-ին,
առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:30-ին

Զմմա­ռու վան­քի նո­րա­կա­ռոյց «Երա­նե­լի Մա­լոյ­եան» ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ, հայ­րա­պե­տա­կան Ս. պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցէ եւ խա­ղո­ղօրհ­նէք կա­տա­րէ

ԱՄԵ­ՆԱ­ՊԱ­ՏԻՒ ԵՒ ԳԵ­ՐԵՐ­ՋԱ­ՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻ­ԳՈՐ ՊԵՏ­ՐՈՍ Ի.
Կա­թո­ղի­կոս-պատր­ի­արք
Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կէ հա­յոց:

Սրբա­զան եր­գե­ցո­ղու­թիւնը պի­տի կա­տա­րէ «Կռունկ» երգ­չա­խում­բը` ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մա­յեսթ­րօ դոկտ. Եդ­ուարդ Թո­րիկ­եա­նի:

Բո­լոր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը ապա­հով­ուած են: Ուս­տի, դի­մել հայ կա­թո­ղի­կէ բո­լոր ժո­ղովր­դա­պե­տու­թիւն­նե­րուն` ար­ձա­նագր­ուե­լու հա­մար:

—————————————————————————-

logo-lokh1ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի կազդուրման կայան ծրագիրին փակման հանդէսը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ, Այնճար:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

logo-lokh1otvlogo

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, յետմիջօրէին ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.»-ի հայկական լուրերու բաժինէն ունկնդրեցէք ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ծրագիրին առիթով տեղի ունենալիք հարցազրոյցը` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարօ Թազեանի հետ:

—————————————————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԳԱՂՏՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ (1945-1991, ԸՆՏՐԱՆԻ)»

Կազմեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Տպարան «Էտիթ Փրինթ»

Հեղինակային հրատարակութիւն

Երեւան-2016

—————————————————————————-

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Սոյն թուականի սեպտեմբերի 19-ից 22-ը Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ «Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը» Երեւանում կազմակերպում են «Արտադրուած է Հայաստանում» (Made in Armenia) ցուցահանդէսը, որի հիմնական նպատակն է ցուցադրել Հայաստանի Հանրապետութեան արդիւնաբերութեան առկայ ներուժը, զարգացման հնարաւորութիւնները, նպաստել նոր շուկաների բացայայտմանը, գործարար կապերի հաստատմանը, ներդրումային ծրագրերի իրականացմանը, ինչպէս նաեւ, հարթակ ստեղծել հայ արտադրողների եւ արտասահմանեան ներդրողների եւ ցրուողների միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան համար: Ցուցահանդէսին ներկայացուած կը լինեն բացառապէս հայկական արտադրութեան ապրանքներ եւ ծառայութիւններ: Ցուցահանդէսի շրջանակներում կը կազմակերպուեն երկուստեք հանդիպումներ, շնորհահանդէսներ եւ համտեսներ, գործարար համաժողովներ, ինչպէս նաեւ` այցելութիւն ընկերութիւններ:

Մանրամասն տեղեկատուութիւնը հասանելի է ցուցահանդէսի պաշտօնական կայքէջում, որը մշտապէս թարմացւում է` http://madeinarmenia.dfa.am/:

Ցուցահանդէսի մասնակցութեամբ հետաքրքրուած անհատ գործարարները եւ ընկերութիւնները դիմեն Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն:

—————————————————————————-

logo-lokhՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը իր Բժշկական բաժանմունքէն ներս կարիքը ունի BT կամ TS վկայականով պաշտօնեայի մը:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 2:00 եւ կամ իրենց CV-ները ղրկել arcl-absmc@hotmail.com   հասցէին:

Հեռ. 01/253793-4-5

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ

Այնճարի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ + պարտէզ` պտղատու ծառերով + մթերանոցի յարմար 2 սենեակ + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 03-463257:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>