Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (21 Սեպտեմբեր 2015)

$
0
0

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵՏ, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ 40-ԱՄԵԱԿ

ԱՅՍՕՐ`ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2015-Ի
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 8։00-ԻՆ
ԶԱՀԼԷԻ «ԱՐԱՄ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ։

ՀՅԴ «ԱՐԱՄ»  ԿՈՄԻՏԷ

—————————————————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Գոհար Գժտըրեան
Տիար Պօղոս Գժտըրեան եւ խօսեցեալը
ՏԷր եւ տիկին Աւետիս Ապուսէֆեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Անտոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուկ Հապէշեան
Տէր եւ տիկին Իշխան Գասարճեան եւ դուստրը
Տիկին Անուշ Շոքոյեան
Տէր եւ տիկին Սեդրակ Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Տէր Գալուստեան եւ զաւակունք
Տիար Միսաք Տէր Գալուստեան
Տէր եւ տիկին Մովսէս Ադամեան եւ զաւակունք
Շերպեթճեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
Գարաքէշիշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ԳԺՏԸՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1953-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իր բնակարանին մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

  • Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
  • Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 21 եւ երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը` Այնճար:
  • ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Յովհաննէս Այնթապեան
Տէր եւ տիկին Փանոս եւ Հուրի Այնթապեան եւ զաւակունք
Դոկտ. Լոյտ եւ տոքթ. Նեկտար Էնկել եւ զաւակունք
Դոկտ. Հրայր Այնթապեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Աստղիկ Թերզեան եւ զաւակը
Դոկտ. Սեպուհ եւ Արմիկ Այնթապեան եւ զաւակունք
Տիկին Վերժին Թազեան եւ ընտանիք
Այնթապեան եւ Թազեան ընտանիքներ
Ինճէեան եւ Շաննաքեան ընտանիքներ
Էնկել եւ Թէրզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, զոքանչին եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹԱԶԵԱՆ, Խտըր Պէկ, Մուսա Լեռ, 1936-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

  • Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
  • Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, իսկ երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, հանգուցեալին բնակարանը` Այնճար, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2015-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարկօ Շպարա-Թոգաթլեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Թոգաթլեան եւ զաւակները` Ճոնի, Սանտրա եւ Նայիրի
Տիկին Սօնա Թոգաթլեան եւ զաւակները` Սապին, Սերժ եւ Սեպասթիեն
Օրդ. Իզապել Թոգաթլեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Թոգաթլեան
Տիար Րաֆֆի Թոգաթլեան
Թոգաթլեան եւ Շպարա ընտանիքներ
Սիրանոսեան եւ Սուպրա ընտանիքներ
Ղաննուշի եւ Սաքր ընտանիքներ
Արոյեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ԳԷՈՐԳ ԹՈԳԱԹԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

  • Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
  • Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կ. եւ Ա. Նազարեան» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
  • ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ:

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՄԻՍՈՎ ԵՐԿԱՐ ԴԴՈՒՄ
+ ՄԱԾՈՒՆ

Գին` 15.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214

www.badguer.com

—————————————————————————-

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելիութեան ջերմօրէն հաւատացող մեր բարերար ազգայիններէն` պրն. Աքսոր Գասարճեանի յիշատակին, «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտը, 2015-2016 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ Ազգային նախակրթարաններու աշակերտներուն:

Այս բացառիկ առիթէն օգտուիլ փափաքող մեր աշակերտներուն ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2015, ստանալու համար «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի դիմումնագիրը:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015:

Լիայոյս ենք, որ «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը ջերմօրէն պիտի դիմաւորուի Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
Մեքսիք փողոց, Հայկազեան համալսարանին կից
(Հեռ. 01-349816)

Ատհայի պետական տօնին (24 եւ 25 սեպտեմբեր) հետեւեալ փոփոխութիւնները եղան վերամուտի առնչութեամբ:

ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – 2 օր միայն` երեքշաբթի, 22 եւ չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ .- Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:40-ին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ.  76-585561 կամ 04-710964:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի իր ցուցադրասրահին մէջ կանացի հագուստ վաճառող օրիորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:

—————————————————————————

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ժտէյտէ, Հըքմէ փողոց, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ ճաշասրահ: Լման կահաւորուած, 4-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 03-688582:

—————————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ Է

Յարկաբաժին մը` Զալքայի մայր ճամբուն վրայ, 120 քառ. մեթր, կահաւորուած, վերելակ` 24 ժամ, կառատուն եւ ջրհոր:

Հեռաձայնել յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք` 03-593116 թիւին:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Քարաշէն տուն, Այնճարի մէջ, նոր շինութիւն, կղմինտրով: Շատ լաւ վիճակի մէջ: Մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 70/393789 թիւին:

—————————————————————————-

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>