«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ
ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, այսօր` ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութեան» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ սկիզբ կ՛առնէ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:
Գիտաժողովը կը տեւէ 2 օր: Ստորեւ` առաջին օրուան ժամանակացոյցը:
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
8:30-9:00
ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
9:00-9:30
ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկ
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն
ԲԱՑՄԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ
9:30-10:15
ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
«Ժամանակակից ճառաբանութեան մէջ ինքնութիւններու տարակուսանքը»
****
I
ՅՂԱՑԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ա. նիստ
10:15-11:00
Ատենավար
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
«Ի՞նչ է «հայկականը»` հայկական ինքնութեան մէջ»
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
«Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային ինքնութեան կառուցումը»
ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
11:00-11:15
****
II
ՅԵՏԵՂԵՌՆԵԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ
Բ. նիստ
11:15-12:30
Ատենավար
ՄԵԼԻՍԱ ՊԻԼԱԼ
ՄԵՀՄԵՏ ՔԱՐԱՍՈՒ, ՄԵԼԵՔ ԿԷՕՐԵԿԵՆԼԻ, ՌԵՄԶԻՅԷ-ԵՇԻԼ-ԵԱՓՐԱՔ
«1915-ը երիտասարդներու դիտանկիւնէն. Թուրքիա-Հայաստան բաղդատութիւնը»
ՏԻԱՆՆԱ ՔԱՉՈՅԵԱՆ-ՇԱՆԶ
«(Ան) Միջոցի մէջ. հայկական անդրազգային ֆեմինիստ երկխօսութիւններ` ընդմէջ ինքնութեանց, պատկանելիութեանց ու մայրենի լեզուներու»
Յիշողութեան ու մշակութային ընկերաբանութեան աշխատութեանց միութիւն
«Յետեղեռնեան 4-րդ սերունդին մօտ ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ենթակայութեան ստեղծումը. բաղդատական քննութիւն ու Թուրքիոյ, Հայաստանի ու սփիւռքի հայ երիտասարդներուն վրայ»
ԱՆԻԹԱ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
«1915-էն 2015 հայկական արուեստ ու հաւաքական ինքնութիւն. տեղահանուած հայ սփիւռքի արուեստին զարգացման փուլերը (Լիբանանի օրինակը)»
ՑԵՐԵԿՈՒԱՆ ՃԱՇԻ ԴԱԴԱՐ
12:30-13:45
****
III
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՏԱՐԱԾԱՅԻՆ ԾԱՒԱԼՆԵՐԸ Ա.
Գ. նիստ
13:45-14:45
Ատենավար
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
«Պատմելու իրաւունքը. հալէպահայերը վերջին 100-ամեակին»
ԷԼԼԻ ՓՈՆՈՄԱՐԵՎԱ
«Սփիւռքեան ինքնութեան կառուցումը» թիֆլիսահայութեան մօտ»
ՄԱՐԱԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Հայ երիտասարդներու ինքնութեան կառուցումը Ֆրանսայի մէջ, մշակութային ընկերականացումին ազդեցութիւնը դպրոցական ու ընտանեկան միջավայրերուն մէջ»
ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
14:45-15:00
****
IV
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՏԱՐԱԾԱՅԻՆ ԾԱՒԱԼՆԵՐԸ Բ.
Դ. նիստ
15:00-16:15
Ատենավար
ՖԵՐՀԱԹ ՔԵՆԹԵԼ
ՔԱՐԵԼ ՊԵՐԹՐԱՄ
«Ամերիկահայերն ու անատոլեան ինքնութիւնը: Հանդիպիլ «Տան»
ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ
«Ամերիկացի՞ հայ, թէ` հայկական ծագումով ամերիկացի: Յետեղեռնեան պայմաններ, վիճակներ ու ինքնութեան զօրութենականութիւնը Ամերիկայի մէջ»
ՔՈՆՐԱՏ ՍԻՔԻԵՐՍՔԻ
«Հայերը ժամանակակից Ռումանիոյ մէջ: Սփիւռքին ու կառոյցներուն մասնակցութիւնը` համայնքի ստեղծումին»
ԱՆՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ-ՉԱՐՓԻՆ
«Հայոց շառաւիղները Հարաւային Յորդանանի մէջ. հարցաքննել հայկական ինքնութիւնը»
ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ
16:15-16:30
****
V
«ՀԱՅԸ» ՈՐՊԷՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Ե. նիստ
16:30-17:30
Ատենավար
ԱՐՏԱՇԷՍ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
«Ինքնութեան հիմնախնդիրներու խոցելիութիւնը Հայաստանի մէջ»
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ
«1990 թուականի ապրիլքսանչորսեան երթը եւ ցեղասպանութեան զոհի կաղապարի յաղթահարման դրսեւորումները»
ՌՈՒԲԷՆ ԳԱԼՉԵԱՆ
«Ինքնութիւնը` 2600-ամեայ քարտէսներու ընդմէջէն»
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Լարա Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Անի Գարագաշեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Վարդանեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Շաքէ Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Զեփիւռ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Ազնիւ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Մարալ Վարդանեան եւ զաւակունք
Վարդանեան եւ Գարագաշեան ընտանիքներ
Աբրահամեան եւ Թոփալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄԱՆՈՒԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 9 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի (ծնեալ` ՉԱՓԱՐԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԵԴԱ ՈՒՆՃԵԱՆ-ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՀԵՍՏԻՑ ՔՈԼԵՃ
L. A. T. C.
2016-2017 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
20 հոկտեմբեր 2016
Գիշերային եւ ցերեկային արագ ուսման դասընթացքներ: Անձամբ ներկայանալ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ կամ
հեռաձայնել 01-282618 եւ 03-564409 թիւերուն, գրասենեկային ժամեր առաւօտեան ժամը 9:30-էն-1:00, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-էն 6:30:
———————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 7:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-էն 13:00:
«Թ. ՌՈՍԼԻՆ» գեղարուեստի դպրոց
«ԳԱՅԵԱՆԷ» պարարուեստի դպրոց
«Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ» երաժշտական քոլեճ
«ԱՐԵԳ» թատերական դպրոց
«Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոն 01-265899
«Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոն 04-715491
———————————————————————-
ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ
Վարպետ, փորձառու եւ բծախնդիր ոսկերիչ գործաւորի մը (սետեքեր)
Ներկայանալի քարտուղարուհիի մը, նուազագոյնը` երկրորդական ուսման մակարդակով, նաեւ հմուտ` համակարգիչի գործածութեան:
Վճարումի լաւ պայմաններով:
Հասցէ.- Պուրճ Համուտ, հեռաձայն` 03-152513:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի օգնական հաշուապահ-հաշուապահուհիի մը` Պուրճ Համուտի մէջ:
Աշխատանքի ժամեր` 8:00-էն 3:00:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ուղարկել հետեւեալ հասցէին mh@dm.net.lb
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Հաշուապահ մը կը ստանձնէ հաստատութիւններու հաշուեկշիռներու պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը ելեւմուտքի նախարարութեան: Հեռ. 03-989630:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի մթերանոցի մէջ աշխատող եւ ինքնաշարժով հագուստ փոխադրելու երիտասարդ վարորդ մը: Հեռ. 03-164767:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ
Պուրճ Համուտ, Համազգայինի շէնք, վերելակ + կառատուն, 2 ննջասենեակ, 2 բաղնիք: Հեռ. 03/614934:
———————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Փոքրիկն Սերուժ Ազնաւուր իր մեծ հօր` Սարգիս Ազնաւուրեանի յիշատակին կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 ամ. տոլարով:
(7 հոկտեմբեր 2016):
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
25-26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ
3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ