Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
«ՄԱՅՐԵՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆ» Ա. ԿԱՐԳԻ ՄՐՑԱՆԱԿԻ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը հայապահպանման գործին մէջ իր ունեցած նշանակալի աւանդին համար արժանացած է սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ 2015 թուականի համահայկական տարեկան մրցանակաբաշխութեան «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգի Ա. կարգի մրցանակին, ինչպէս նաեւ նիւթական պարգեւատրման:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան։
———————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր եւ հին սաներու արձանագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1-էն 31 հոկտեմբեր, իւրաքանչիւր երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը1:00, նոյնպէս հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00, իսկ շաբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 1:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, մեր կեդրոնին մէջ` Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց: Հեռ. 01-875765:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ
Վարպետ, փորձառու եւ բծախնդիր ոսկերիչ գործաւորի մը (սետեքեր)
Ներկայանալի քարտուղարուհիի մը, նուազագոյնը` երկրորդական ուսման մակարդակով, նաեւ հմուտ` համակարգիչի գործածութեան:
Վճարումի լաւ պայմաններով:
Հասցէ.- Պուրճ Համուտ, հեռաձայն` 03-152513:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կարիքը ունի վկայեալ հիւանդապահուհիի մը: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` հեռաձայնելով 01-263030 թիւին կամ իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկելով հետեւեալ հասցէին hkcc@terra.net.lb :
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի օգնական հաշուապահ-հաշուապահուհիի մը` Պուրճ Համուտի մէջ:
Աշխատանքի ժամեր` 8:00-էն 3:00:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ուղարկել հետեւեալ հասցէին mh@dm.net.lb
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
«Սենթըր Արին», Պուրճ Համուտ, Ա. յարկ: Հեռ. 01-268741:
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Հաշուապահ մը կը ստանձնէ հաստատութիւններու հաշուեկշիռներու պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը ելեւմուտքի նախարարութեան: Հեռ. 03-989630:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի մթերանոցի մէջ աշխատող եւ ինքնաշարժով հագուստ փոխադրելու երիտասարդ վարորդ մը: Հեռ. 03-164767:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
25-26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ
3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ