ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թալին Շահմելիքեան եւ զաւակները` Սարէլ եւ Անդօ (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Շաղիկ Նալպանտեան եւ դուստրը` Ցոլեր (Լոս Անճելըս)
Օրդ. Արսինէ Շահմելիքեան (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Ազնիւ Շահմելիքեան եւ զաւակը` Անդրանիկ (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Զէքի եւ Արփի Հատտատ եւ զաւակները` Ռաժա, Նենսի եւ Ռամզի (Լիբանան)
Տիկին Մատլեն Խաչատուրեան
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Նաթալի Պուտագեան (Լիբանան)
Օրդ. Խաթուն Գրիագօ (Լիբանան)
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Մարօ Գրիագօ (Լիբանան)
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Ալիք Լօշխաճեան (Լիբանան)
Կէպէնլեան եւ Ճանճանեան ընտանիքներ
Սիմոնեան, Նալպանտեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, եղբօր կնոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐՕ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Գրիագօ-Կիրակոսեան, 1939-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիթի աֆ հոփ» հիւանդանոցին մէջ (Լոս Անճելըս), յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2015-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ «Հոլիվուտ Հիլզ ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զարուհի Տեմիրճեան եւ զաւակները` Սարօ եւ Կարէն
Տէր եւ տիկին Նազարէթ Տեմիրճեան
Տէր եւ տիկին Վանիկ Տեմիրճեան
Տէր եւ տիկին Արսէն Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Լեւոն Սերայտարեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Աւետիսեան եւ զաւակունք
Տեմիրճեան եւ Սերայտարեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Կտիգեան ընտանիքներ
Պեքարեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ
Գայայեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԶԱՒԷՆ ԱՐՍԷՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2015-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
- Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՎ
ՀԱՐՈՒՍՏ «ՐԱԿՈՒ»
+ ԲԻՒՐԷ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր տարեշրջանի արձանագրութիւնները նախկին եւ նոր սաներուն համար պիտի կատարուին 1 հոկտեմբերէն մինչեւ 31 հոկտեմբեր, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն 7:00, մեր միութեան տան մէջ, Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր.
- Դիմողները իրենց հետ պէտք է ունենան փաստաթուղթ մը, որ ցոյց տայ աշակերտին դպրոց արձանագրուած ըլլալը:
- Վերոյիշեալ թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հեռ. 04-410001
2015-2016 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ`
Ուրբաթ, 2 հոկտեմբեր 2015, ժամը 16:00-ին:
Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ`
BT-ի, TS-ի եւ LT-ի ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ հայերէնի յատուկ դասանիւթեր:
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԺԱՄԵՐ
Գրասենեակը բաց է հետեւեալ օրերուն.
ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր, չորեքշաբթի,
30 սեպտեմբեր 2015, ժամը 16:00-18:00:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ. 76-585561 կամ 04-710964:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, լման կահաւորուած, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 2 բաղնիք, 4 պատշգամ, 2-րդ յարկ, + վերելակ + կառատուն: Դիմել` հեռ. 76-770602:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Ճամբորդութեան պատճառով գրասենեակի ամբողջական կահոյք, «Ինթըրտիզայն»-ի պատրաստութիւն: Դիմել` հեռ. 03-655466:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի
ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
26 ԵՒ 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015