Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (15 Դեկտեմբեր 2016)

$
0
0

 

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐԱ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Վարդուհի Նաճարեան եւ զաւակը` Արթօ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Աղազարեան եւ զաւակունք
Աղազարեան եւ Պետիկեան ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Քիրակոփուլոս ընտանիքներ
Տողրանճի եւ Մելքիսէթեան ընտանիքներ
Տիշչեքենեան եւ Աբէլեան ընտանիքներ
Դարբինեան եւ Էզեկելեան ընտանիքներ
Քիւփճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր եւ հարազատին`

ՏԻՐԱՆ Մ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Ժեհթաուի հիւանդանոցին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին  Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Կարօ Կարապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս Գըլըպոզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սամիր Հատտատ եւ զաւակունք
Տիար Վարդան Գասապեան
Տիկին Աքի Չաթրըս
Տէր եւ տիկին Արա Պէրպէրեան եւ դուստրը
Տիար Նշան Յուսիկեան
Կարապետեան եւ Գըլըպոզեան ընտանիքներ
Հատտատ եւ Գասապեան ընտանիքներ
Չաթրըս եւ Ուրֆալեան ընտանիքներ
Պէրպէրեան եւ Յուսիկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, զոքանչին եւ հարազատին`

ՍՈՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՍԱՊԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Ճերի եւ Ծովինար Պօղոսեան-Մինզ եւ զաւակները Յակոբ եւ Թամար
Տէր եւ տիկին Վարազդատ եւ Շողինար Գարակէօզեան եւ զաւակները Արմէն եւ Աստղիկ
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Էտիթա Պօղոսեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Պերճուհի Խաչատուրեան եւ զաւակները` Արաքսի, Ռուբէն, Վահէ եւ Անի
Տէր եւ տիկին Ֆարուք եւ Աստղիկ Խոտր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Կիմա Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Կիւլեն Տէր Պօղոսեան եւ զաւակունք
Սարգիսեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Տեքեսօղլու եւ Արզումանեան ընտանիքներ
Չէօփճեան եւ Սէօքիւնեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Կատամանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, քեռկինին եւ հարազատին`

ԱԳԱՊԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1925-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին:

———————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ
Խմբապետական կազմին

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՕԳՆԵՆՔ ՈՒՐԻՇԻՆ
ՄԻԱՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, ժամը 10:00-էն 12:00 «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ, ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԲԵՐԵԼՈՎ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆ ԵՒ ԽԱՂԱԼԻՔ:

 

———————————————————————-

ՏՆՕՐՀՆԷՔ

Այն ընտանիքները, որոնք զանազան պատճառներով զրկուած կը մնան Ս. Ծննդեան եւ Զատկական տնօրհնէքներէն, թող բարեհաճին 01-258300 հեռաձայնի թիւով կապուիլ Ազգային առաջնորդարանի քարտուղարութեան եւ փոխանցել անուն-մականուն, հասցէ, հեռաձայնի թիւ եւ ծխային շրջանի անուն, որպէսզի քահանայ հայրը նաեւ այցելէ իրենց բնակարանները:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Հովանաւորութեամբ`
ԱՐՀԻ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
Օգնական եպիսկոսպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմի

Կատարողութեամբ`
Հ. ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի
եւ
Լիբանանահայ թենոր ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆի

Մասնակցութեամբ`
«ԱՐԾԻՒԵԱՆ» եւ «ԲԼԲՈՒԼ» երգչախումբերուն

Ղեկավարութեամբ`
ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆի

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

———————————————————————-

 

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պիյաքութի շրջան, նորակառոյց շէնք, 180 քառ. մեթր, ծովահայեաց տեսարան: Հեռ. 03-305775:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:

———————————————————————-

 

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Բիւզանդ Թորիկեանի մահուան առիթով
ԼՕԽ-ի «Վ. Տեքիրմենճեան» խոհանոցին յանձնախումբը եւ անձնակազմը 100$` ԼՕԽ-ի «Վ. Տեքիրմենճեան» խոհանոցին:

 

———————————————————————-

 

ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

16, 17 ԵՒ 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>