Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (28 Դեկտեմբեր 2016)

$
0
0

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Մասնակցութեամբ`
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի:

Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Հարցազրոյցը կը վարէ` ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Վազգէն Հատիտեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Հուրի Հատիտեան եւ զաւակները` Սագօ, Հրակ եւ Լեւոն
Տիար Ժան Սաաթճեան
Տէր եւ տիկին Ատուր եւ Արաքսի Ուրիշեան եւ զաւակները` Հայկ եւ Սեւակ
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Թամար Հատիտեան-Շլելա եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Արին Հատիտեան-Զուղպի
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Թամարա Սաթճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շարպել եւ Սալբի Աթիէ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միքայէլ եւ Լարա Յովակիմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Թամիկ Հատիտեան եւ զաւակը
Հատիտեան եւ Ճիպեան ընտանիքներ
Ուրիշեան եւ Շլելա ընտանիքներ
Զուղպի եւ Սաթճեան ընտանիքներ
Յովակիմեան եւ Աթիէ ընտանիքներ
Փափազեան եւ Ալթան ընտանիքներ
Կիւլեսերեան եւ Մարաշլեան ընտանիքներ
Ստեփանեան եւ Գույումճի ընտանիքներ
Փուչիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՀԱՏԻՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃԻՊԵԱՆ, 1929-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Տըպպայէ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աւետիս Թահմիզեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Վաչէ Թահմիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մարալ Աւագեան եւ զաւակունք
Տիկին Ովսաննա Կրպոյեան (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Մարալ Կրպոյեան (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Լուսիկ Կրպոյեան (Ֆրանսա)
Նուարդ եւ Վազգէն Թահմիզեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Դերձակեան եւ զաւակունք
Թահմիզեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Կրպոյեան եւ Դերձակեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ԹԱՀՄԻԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1941-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ կից առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Փերուզ Մահրուգեան
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Շողիկ Մահրուգեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քաթիա Թերզեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Սեսիլ Մահրուգեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Ծովիկ Մահրուգեան եւ զաւակները
Տիկին Արփի Մահրուգեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Զարուհի Պետրոսեան եւ զաւակները
Տիար Ալպեր Մահրուգեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Արշակ եւ Սրբուհի Կոկոնեան եւ զաւակը
Տիկին Էօժենի Խրիմեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Արշօ Սաֆայեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին տոքթ. Սողոմոն եւ Սեդա Պոյաճեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Նուէր Խրիմեան եւ զաւակները
Խրիմեան եւ Չիլինկիրեան ընտանիքներ
Թերզեան եւ Պասթէքեան ընտանիքներ
Քենտիրճեան եւ Մահրուգ ընտանիքներ
Չիրչեան եւ Իսթամպուլեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Սեմերճեան ընտանիքներ
Ռասամ եւ Շէկեան ընտանիքներ
Պասթըրմաճեան եւ Տաղլարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՂԱԶԱՐՈՍ ՄԱՀՐՈՒԳԵԱՆի
(Ծնեալ` 1948-ին, Պէյրութ, Լիբանան)

Մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2016-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կլենտէյլի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 1510 E. Mountain St., ապա թաղումը` Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

———————————————————————-

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 2017-Ի ԲԱՑԱՌԻԿԸ ԻՐ ԿՈՂՔՈՎ,
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐՈՎ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Բացառել ետդարձները

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հպարտ հայեր ու հայութեան ամրոց

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սուրիոյ հայութեան տագնապը, մեր Դատը, հեռանկարներ

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Որպէսզի Հայ դատը իր արժանի տեղը ունենայ
կրթական մեր համակարգին մէջ

Շ. Գ.          
Գործընթացներ արագացնող իրադրութիւններ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայ դատի տարին

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Կուսակցութիւններ եւ քաղաքական մշակոյթ

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Ժամանակակից հայու ինքնութեան որոնման ճանապարհին վրայ    Յովսէփ Պարազեան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ի՞նչ կ՛ընէի եթէ…

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Մենք մեր խաղաղութիւնն ենք կերտում

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին առիթով

ԱՐՄԻՆԷ ՆԱՐԻՆԵԱՆ
Ինձ հերոս կը զգայի, եթէ մեր կորցրած դիրքերը յետ վերցնէինք

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հայկական հարցը եւ թրքութեան առասպելը Թուրքիոյ կրթական համակարգի ճահիճին մէջ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
66 Ամենայն «Սրբոց»

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Թռչնոց բոյնը եւ Մարիա Ճէյքըպսըն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յովհաննէս Հինդլեանը` քրիստոնէական
աստուածաբանութեան պրիսմակէն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
85 Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-րդ տարեդարձին` վերյիշենք քիչ մը պատմութիւն

Հ. ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Հայոց նորաբողբոջ պետականութեան արծաթեայ յոբելեանը

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
94 Համահայկական նոր սկիզբը կամ նոր մեկնարկը` ՏԱՀՔ-ն է

ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Զօրավիգ կանգնինք միմեանց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յոյն-թրքական պատերազմը եւ Իզմիրի աղէտը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
«Նեմեսիս» Հրաչ Փափազեան

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
Պարսկաստանի Կարիպալտին Եփրեմ Խանի
մահուան 105-ամեակի առիթով

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
129 Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 120-ամեակ եւ մահուան 80-ամեակ

ՀԱՅՐ ԲԱՐՍԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Կարտինալ Աղաճանեանի
քահանայութեան 100-ամեակին առիթով

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
95 տարի աննկուն ոգիով ժողովուրդին ծառայութեան մէջ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Քրիստոնէութեան յեղափոխական եւ յառաջդիմական էութեան գործնականացման տարբեր ձեւերը

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակները

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սայպըրի (Cyber) պաղ պատերազմ

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Պատմութիւն Իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու (Իսթանպուլ. Փարոս. 2016. 799 էջ)

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հալէպի պատմական անցեալէն

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Որոշում…

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Լիբանանահայ կեանք

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Իր 90-ամեակի սեմին «Ազդակ» կը շարունակէ
իր երթը` փորձելով գոհացնել իր հաւատաւոր ընթերցողները

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ քաղաքական աննախընթաց համախոհութեան տարին: Աղբի տագնապ:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կենացներ, բաժակաճառեր, բարեմաղթանքներ

ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երաժշտութեան երկար պատմութիւնը
Մեծ գիւտարարներ: Ժամանց:

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Լիբանանեան, հայկական եւ միջազգային մարզաշխարհը` 2016 տարուան ընթացքին

ՍՐԲՈՒԿ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Պահուած բառ
Սուտոքու

———————————————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ»

ԳԻՐՔ Զ.

Հեղինակ` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

«Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամ-թիւ 19

Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս-20126

———————————————————————-

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

cover-marzig_404

ՄԱՐԶԻԿ

35-րդ տարի , թիւ 404

«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`

  • Խմբագրական- Յաջողութեան գաղտնիքը
  • Հաղորդագրութիւն
  • ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Բիւզանդ Թորիկեանի կորուստը
  • Հաւատքի մարդը` Բիւզանդ Թորիկեան (ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան դամբանականը` Բիւզանդ Թորիկեանի մահուան առիթով)- Գառնիկ Մկրտիչեան
  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի կեդրոն
  • Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակին այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի կեդրոն
  • Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի կեդրոն
  • Յովհաննէս Թ. Հինդլեան. նորահաս սերունդներու մարդակերտման ու հայակերտման գաղափարակիրը- Ն. Պէրպէրեան
  • Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Արմէն Քէօշկերեան
  • Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը նախապատրաստեց միութեան 100-ամեակի սկաուտական աշխատանքները
  • ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի մասնաճիւղերու Վկայեալ կարգի սեմինար

Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Վիեննա, Քանատա, Սուրիա, Գահիրէ, Երուսաղէմ, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Հոլանտա) եւ ժամանցի բաժին: 64 էջ: 5000 լ.ո.

Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:

———————————————————————-

ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ

Փաստաբանական գրասենեակ մը` Պոլիսէն, կը փնտռէ հետեւեալ անուանացանկին հետ ազգականական հարազատութեան կապ ունեցող որեւէ ժառանգորդ.

– Ասատուր Մերջիմէքեան (Մարտիրոս Օղլու):
– Փիեռօն Անանեան (կինը` Մարի), զաւակները` Ժոզեֆ, Անտրէա եւ Մարիա:
– Նուարդ Փարութեան (Արամ Օղլու):
– Գէորգ Չատիրչեան (Արթին Օղլու):
– Արմենակ Պէյհան (Ճանօ Օղլու):

– Էլենի (Միլթիյատու Քըզը):

Ժառանգորդները յաւելեալ մանրամասնութեան համար կրնան կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակին.

alphamegadem@hotmail.com

Re: Heirs

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:

Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:

Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.

yep.managment@gmail.com

———————————————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

– Պրն. Բիւզանդ Գէորգեան կը նուիրէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 500$, ինչպէս նաեւ 125 տուփ կարկանդակ:
– Քոյր Վերժին Պարոնեանի գործակից խմբակը 800.000 լ. ո.:
– Տոքթ. Մէյ Նաժըմ իր հօրը` Ժրիոս Նաժըմի մահուան առիթով հիւանդներուն, պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն հրամցուցած է 1 օրուան նախաճաշը եւ ճաշը:
– Քոյր Ազատ խմբակը Կաղանդի առիթով բուժարանին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց եւ հրամցուց 1 օրուան նախաճաշը եւ ճաշը:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>