ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Թորիկեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Թորիկեան եւ զաւակները` Սարին եւ Ալին
Տէր եւ տիկին Վահան եւ Նելլի Համամճեան եւ դուստրը` Նանոր
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Սեդա Թորիկեան եւ զաւակները` Թամար եւ Սինթիա
Տիկին Տիքի Թորիկեան
Տիկին Արսինէ Թորիկեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն Թորիկեան եւ զաւակը` Արամ
Տէր եւ տիկին Գառնիկ Թորիկեան եւ զաւակները` Նարեկ եւ Արի
Տէր եւ տիկին Թորոս Պապիկեան եւ զաւակները` Արէն եւ Սեւակ
Վաչէ եւ Շաղիկ Թորիկեան-Պոյաճեան եւ զաւակները` Կասիա եւ Լիլիթ
Տէր եւ տիկին Մարուան եւ Սիլվա Շուէյրի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թամար Թորիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Նանոր Թորիկեան եւ զաւակը
Տիար Ղասսան Հայտար
Օրդ. Սիւզան Պետրոսեան
Թորիկեան եւ Քիլեճեան ընտանիքներ
Փեհլիվանեան եւ Համամճեան ընտանիքներ
Գրոշեան եւ Գասապեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, տագրոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 7 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 8 յունուարին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Վերժին Քէչէճեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Պետեւեան եւ զաւակը` Մուշեղ
Տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Մարալ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Շողեր Մկրտիչեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Անի Տէրտէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Փոլին Քէչէճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Արշօ Աւագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Դալար Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Վարդի Երեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Պերճուհի Պէօճեքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Մարօ Պէօճեքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Թագուհի Մելիքեան եւ զաւակունք
Պետեւեան եւ Արնելեան ընտանիքներ
Քէչէճեան եւ Պէօճեքեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Թորգոմեան ընտանիքներ
Մինասեան եւ Պալապանեան ընտանիքներ
Աւագեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Տէրտէրեան եւ Երեմեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԵՏԵՒԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 4 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 N. White Oak Ave. Encino CA. 91316, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հարազատները հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարեն կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, որմէ ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
———————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով ուրբաթ, 6 յունուար 2017-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
եւ թեմի Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին.
– Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
– Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
Հայ Ազգային Բուժարան – Ազունիէ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բուժարանիս խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուն, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:
Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները, երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել` հետեւեալ ձեւով.
Շաբաթ, 7 յունուար 2017, ապաստանեալներու պարագաներուս տրամադրութեան տակ պիտի դրուին բուժարանին մինի պասերը: Փափաքող ենթակաները ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: Երթուդարձը` անվճար:
Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ ուրբաթ, 6 յունուար 2017: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
Պէյրութի գրասենեակ 01-248851/ Whatsapp 81-287735
Բուժարան-Ազունիէ 05-220406
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՆԺԵԼ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԼՈՒՍՆԹԱԳ ՕՀԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՂԱԶԱՐ ՎԱՐԱԳԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ