Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (19 Յունուար 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը գուժէ իր նախկին դերասան անդամներէն

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի անդամներէն

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ պաշտօնէութիւնը կը գուժեն իրենց թաղական խորհուրդի երկար տարիներու վաստակաշատ անդամին`

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը գուժեն իրենց հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամին`

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ժաքլին Արզումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Արզումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Արզումանեան
Տէր եւ տիկին Մհեր Արզումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Շուշիկ Պալպալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդգէս Արզումանեան եւ զաւակունք
Արզումանեան եւ Օգումուշեան ընտանիքներ
Պուճիքեան եւ Միքայէլեան ընտանիքներ
Թեճիրեան եւ Տուրսունեան ընտանիքներ
Աւագեան եւ Արթինճեան ընտանիքներ
Սիմոնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԲԻՒԶԱՆԴ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 19 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 20 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Յասմիկ Քէլէշեան եւ զաւակը` Քրիստ
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Ռիթա Էլենփաժէ եւ զաւակը` Սաշա-Մարիա Մարուն
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Թալին Քէլէշեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Ազնիւ Քէլէշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Սիլվա Քէլէշեան
Հանգուցեալ Վարդան Քէլէշեանի ընտանիք
Տիկին Մունիրա Ղարզօ
Տէր եւ տիկին Ռեմոն Ղարզօ եւ ընտանիք
Տիար Խաչօ Ղարզօ
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ժանտարք Մուրատեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մուֆիտ եւ Թերեզ Մուզայա եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Միլետ եւ Քլոտա Հոսրի եւ ընտանիք
Քէլէշեան եւ Էլենփաժէ ընտանիքներ
Պետրոս եւ Հոսրի ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Ղարզօ ընտանիքներ
Մուզայա եւ Մուրատեան ընտանիքներ

եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, փեսային եւ հարազատին`

ՍԱՀԱԿ ՔԷԼԷՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1949-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 3:00-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 20 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 21 եւ կիրակի, 22 յունուարին, հանգուցեալին բնակարանը` Նաքքաշ, Պէյթ Մուսթաքպալ, «Անի» շէնք, Ա. յարկ:որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

126amyagcolor

———————————————————————-

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

aztag-90_113016

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Նահատակուած եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ական քոյր-եղբայրներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս նորակառոյց «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՏԻԳՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆի (մահացած` Քանատա, 10 նոյեմբեր 2016-ին) հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:

———————————————————————-

«ԷՀԼԱՆ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2007-ԷՆ 10 ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՆՑ` ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԱՐԻՒՆՈՎ ԳՆՈՒԱԾ
ՀԱՅՈՑ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ

«ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ»

Բանախօս` ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ-ՀՈԿԼԻՆՏ

  • Տեսերիզի ցուցադրութիւն

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 27 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ, Ռաուտա, Պաուշրիէ:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————-

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին կազմակերպած վիճակահանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին, յետաձգուած է մինչեւ հինգշաբթի, 2 մարտ 2017:

———————————————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԱՆՄԱՐ ԿԱՆԹԵՂԸ ԼՈՒՍՈՅ»

Հեղինակ` ՊԱՅԾԻԿ ԱՐԱՊԵԱՆ-ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Պէյրութ, 2016

———————————————————————-

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ

Ազգային Միացեալ Վարժարանը կարիքն ունի վարչական պատասխանատուի մը, հաշուապահի մը, գանձապահի մը եւ գործադիր քարտուղարի մը։
Թեկնածուները պարտին  ունենալ համապատասխան վկայականներ եւ փորձառութիւն։

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել uacc@armprelacylb.org  հասցէին։

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

———————————————————————-

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

Ազգային Առաջնորդարանը կարիքը ունի գանձապահի մը։ Թեկնածուն պարտի ունենալ համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն։

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայանալ Ազգային Առաջնորադարան եւ դիմել դիւանապետին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Վարպետ ադամանդաշար մը եւ քարտուղարուհի մը: Հեռ. 01-268478, 03-207772:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Բացառիկ յարկաբաժին, 250 քառ. մեթր, որուն 50 քառ. մեթրը` թերաս, գեղատեսիլ դիրք (ծով եւ լեռ), «Օ. Էն. Սի.» եւ «Աուն» սուփըրմարքեթներու ներսի ճամբուն վրայ, «Տոքթ. Սալհապ» փողոց: Դիմել` հեռ. 04-408510:

———————————————————————-

 ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏ­ՌԷ

Տա­րեց­նե­րու եւ հիւ­անդ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թիւն: Դի­մել` հեռ. 71/690035:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

sofia-kravvadz-or

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

23 եւ 24 յունիս

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,

իսկ 18 յունիս`

պալէ:

29 յունիս`

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles