Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (21 Յունուար 2017)

$
0
0

———————————————————————-

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
126-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ

Երկուշաբթի, 23 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան մասին

Մասնակցութեամբ` Յարութ Լափաճեանի (ՀՅԴ ԼԵՄ-էն)
Նարէ Աղասարգիսեանի (ՀՅԴ ԶՈՄ-էն)
Աշոտ Բագրատունիի (ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինէն)

Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Արցախ ֆոնտ եւ Հայ դատ

Մասնակցութեամբ` Վահրամ Էմմիեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի

Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Մտաւորականութիւն, գաղափարաբանութիւն եւ մշակոյթ

Մասնակցութեամբ` Յովիկ Պէրթիզլեանի եւ Յակոբ Եափուճեանի

Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Դաշնակցական Մամուլը

Մասնակցութեամբ` Շահան Գանտահարեանի

Ուրբաթ, 27 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օր, հաշուետուութիւն եւ ծրագիրներ

Մասնակցութեամբ` Յակոբ Հաւաթեանի

Հարցազրոյցները կը վարէ` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Փառանձեմ Քարկոտորեան
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սիւզի Քարկոտորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նորա Քարկոտորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արա եւ Սիւզի Քարկոտորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ստեփան Քարկոտորեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արտաշէս Քարկոտորեան եւ զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սարգիս Քարկոտորեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սերոբ Գիզիրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Աւետիս Գիզիրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սամուէլ Գիզիրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ Գիզիրեան եւ ընտանիք
Քարկոտորեան եւ Գիզիրեան ընտանիքներ
Տէր Նիկողոսեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Չէօրեքճեան եւ Գայայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎՍԷՓ ՔԱՐԿՈՏՈՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 20 յունուար 2017-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` կիրակի, 22 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երկուշաբթի, 23 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ՀԲԸՄ-ի «Երուանդ Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկերներէն

ՍԱՐԳԻՍ ԳՈՉԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 յունուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սալբի Գոչիկեան
Տէր եւ տիկին Արա Գոչիկեան եւ զաւակները` Քրիստիան եւ Ժոել (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Ասպետ Գոչիկեան եւ դստերք` Նանէ եւ Լելի (Միացեալ Նահանգներ)
Արաքսի Գոչիկեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մայտա Տէյիրմենճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Հելեն եւ Թերեզ Չըննոզեաններ (Միացեալ Նահանգներ)
Տունկեան եւ Գըլլոյեան ընտանիքներ
Փալանճեան եւ Զարիկեան ընտանիքներ
Քէհէեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին, հօրաքրոջ տղուն եւ հարազատին`

ՍԱՐԳԻՍ ԳՈՉԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 յունուար 2017-ին, Տահր էլ Պաշեք հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 21 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:      

———————————————————————-

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

«Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»-ով ճամբորդող մեր ընթերցողները իրենց ուղեւորութեան ընթացքին կրնան պահանջել «Ազդակ»-ը:

Որոշ ընդհատումէ ետք «Ազդակ» առօրեայ հերթականութեամբ կ՛ուղարկուի օդակայան` տրամադրելի ըլլալու համար օդակայանի սպասման սրահներուն եւ «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»-ի բոլոր թռիչքներուն:

———————————————————————-

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2017 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐԻ»

Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, փոխան քարոզի, Ս. պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով 2017 տարին կը հռչակուի «Վերանորոգումի տարի»:

Սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը` մեր եկեղեցիներուն մէջ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

———————————————————————-

Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Նախագահութեամբ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ`

Ազգային Արհեստից քոլեճի (L.A.T.C.) շրջանաւարտներու

Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 23 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————-

126amyagcolor

———————————————————————-

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

aztag-90_113016

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Նահատակուած եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ական քոյր-եղբայրներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս նորակառոյց «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՆԺԵԼ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ-ՕՀԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

ՏԻԳՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆի (մահացած` Քանատա, 10 նոյեմբեր 2016-ին) հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:

———————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահութեան յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Շարքին հինգերորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին:

«ՄԻԶԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆ
(Ընդհանուր մարմնի բժիշկ)

———————————————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Տիար Մանուկ Տագէսեան եւ ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանէն թէ արտասահմանէն անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր եւ հարազատին` ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՏԱԳԷՍԵԱՆի մահուան սուգին:

———————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ Է

Պուրճ Համուտի շրջան, կահաւորուած բնակարան, երեք սենեակ, 2-րդ յարկ: Հեռ. 76-016617:

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Վարպետ ադամանդաշար մը եւ քարտուղարուհի մը: Հեռ. 01-268478, 03-207772:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Բացառիկ յարկաբաժին, 250 քառ. մեթր, որուն 50 քառ. մեթրը` թերաս, գեղատեսիլ դիրք (ծով եւ լեռ), «Օ. Էն. Սի.» եւ «Աուն» սուփըրմարքեթներու ներսի ճամբուն վրայ, «Տոքթ. Սալհապ» փողոց: Դիմել` հեռ. 04-408510:

———————————————————————-

 ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏ­ՌԷ

Տա­րեց­նե­րու եւ հիւ­անդ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թիւն: Դի­մել` հեռ. 71/690035:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

sofia-kravvadz-or

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

23 եւ 24 յունիս

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,

իսկ 18 յունիս`

պալէ:

29 յունիս`

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>