Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (7 Հոկտեմբեր 2015)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Խորէն եւ Վերժինի Քէօսէեան եւ զաւակունք
Օրիորդ Մարլեն Քէօսէեան
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Սիլվա Պարսումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարտիրոս եւ Զեփիւռ Մատայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Ռոզի Գապասագալեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժոզեֆին Պաղտասարեան եւ զաւակունք
Տիկին Արշալոյս Մուրատեան եւ զաւակունք
Տիկին Նուարդ Սարգիսեան եւ զաւակունք
Հալաճեան եւ Պարսումեան ընտանիքներ
Մանսուր ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ԱՐՓԻՆԷ ՔԷՕՍԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լուսին Շաքլեան
Տէր եւ տիկին Շարպել եւ Նոյեմի Քէյրուզ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Հելենա Շաքլեան
Տիկին Վարդուհի Մոմճեան եւ զաւակունք
Տիկին Անի Գույումճեան եւ զաւակունք
Շաքլեան եւ Մոմճեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Քէյրուզ ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Տիրացուեան ընտանիքներ
Մանայեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Նաամէ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ԿԱՐԱՊԵՏ ՇԱՔԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1940-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2015-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Պուրճ Համուտ, «Պայքար» ակումբին սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նաեւ ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տի­րա­մայր Մա­րի Բա­րիք­եան
Տի­ար Պօ­ղոս Բա­րիք­եան եւ զա­ւակ­նե­րը` Մի­սաք եւ Սե­ւակ
Գերշ. Տ. Մեղ­րիկ եպս. Բա­րիք­եան
կը գու­ժեն իրենց ամուս­նոյն, հօր եւ մեծ հօր`

ՌՈՒ­ԲԷՆ ԲԱ­ՐԻՔ­ԵԱ­ՆԻ
(Ծնեալ` Պէյ­րութ, 1933-ին)

մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ, ուր­բաթ 2 հոկ­տեմ­բեր 2015-ին:

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան արա­րո­ղու­թիւնը պի­տի կա­տար­ւի չո­րեք­շաբ­թի, 7 հոկ­տեմ­բե­րին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3:00-ին, Ֆա­նա­րի մատ­րան մէջ, ուր­կէ հան­գուց­եա­լին մար­մի­նը պի­տի փո­խադր­ուի Պուրճ Հա­մու­տի Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

Ներ­կայս ըն­դու­նիլ իբ­րեւ մա­հազդ:

Ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՛ըն­դուն­ուին հան­գուց­եա­լին բնա­կա­րա­նը` Ֆա­նար, «Սխըն» շէնք, երեք­շաբ­թի, 6, չո­րեք­շաբ­թի, 7 եւ հինգ­շաբ­թի, 8 հոկ­տեմ­բե­րին:

—————————————————————————-

 ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 86-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԲԱՑՄԱՆ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԶՈՅԳ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր տարի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին կը զուգադիպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանին վերամուտը: Այս առիթով յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւններն ու ձեռնարկները.

1) Սրբոց Թարգմանչացի նախատօնակ.- Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ:

2) «Տեսչական պատարագ».- Կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
Հոգշ. Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան
տեսուչ դպրեվանուց:

3) Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացման հանդիսութիւն.- Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ, Պիքֆայա:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու վերոնշեալ արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ԽԱՌՆ ԲԱՆՃԱՐԵՂԷՆ
+ ՓԻՒՐԷ

Գին` 15.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214

www.badguer.com

—————————————————————————

MarashiHayrewnagtsaganMiyoutyoun

ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունելու կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2015-2016 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:

Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ը, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:

Բարի վերամուտ բոլորին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ.  76-585561 կամ 04-710964:

—————————————————————————-

ԾԱ­ԽՈՒ ԵՆ

6 յար­կա­բա­ժին­ներ եւ 6 խա­նութ­ներ` զա­նա­զան չա­փե­րով, Պուրճ Հա­մուտ, Ծե­րա­նո­ցին մօտ: Հեռ. 79-304093 կամ 03-115949:

—————————————————————————-

 ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Հայաստան, Քանաքեռ 800 քառ. մեթր տարածութեամբ, մայր ճամբէն 100 մեթր ներս, Առաջին աւագ դպրոցին մօտ: Դիմել հեռաձայնելով 00 374 91 437074  կամ 03-975138 թիւերուն:

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի

ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

26 ԵՒ 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>