ՄԱՀԱԶԴ
Էսկիճեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 3:00-ին, «Պել Վիւ» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք հետագային:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Արզուհալճեան
Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պէսնիլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարինա Պէսնիլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարտօ եւ Լենա Մանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Պէսնիլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Բիւզանդ Պէսնիլեան եւ զաւակունք
Տիկին Սեդա Պէսնիլեան եւ զաւակունք
Պէսնիլեան եւ Արզուհալճեան ընտանիքներ
Մանուկեան եւ Մուսա ընտանիքներ
Հապիպ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՄԱՆՈՒԷԼ ՊԷՍՆԻԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 6 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 7 փետրուարին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սամիա Հատտատ-Ժամկոչեան
Տիար Սարօ Ժամկոչեան
Օրդ. Իզապէլ Ժամկոչեան
Տիար Գէորգ Ժամկոչեան
Տիար Վաչէ Ժամկոչեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ Ժամկոչեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Ժոզեֆ Ժամկոչեանի ընտանիքը
Հանգուցեալ Պետրոս Ժամկոչեանի ընտանիքը
Հանգուցեալ Ռոզին Նաճարեանի ընտանիքը
Ժամկոչեան եւ Հատտատ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՕՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 6 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
———————————————————————-
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանահայ բժշկական միութեան ընդհանուր անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ 26 յունուար 2017-ին, միութեան տան մէջ, Մար Մխայէլ: Ատենապետի եւ վարչական մասնակի ընտրութիւններէ ետք, վարչութեան կազմն է`
Ատենապետ` | Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան |
Ատենադպիր` | Տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեան |
Գանձապահ` | Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան |
Հաշուապահ` | Տոքթ. Յարութ Այնթապլեան |
Խորհրդականներ` | Տոքթ Արա Փոլատեան Տոքթ. Ռուզաննա Պետրոսեան-Գարակէօզեան Տոքթ. Զարեհ Գասարճեան |
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
առողջապահական յանձնախումբ եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական
կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Շարքին վեցերորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին:
Նիւթ`
«ԱՐԻՒՆԱՀՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՉՊՈՒՔՃԵԱՆ
(Ընդհանուր մարմնի բժիշկ)
———————————————————————-
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը այս տարի կը զուգադիպի կիրակի, 12 փետրուար 2017-ին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ աւանդական մատաղի օրհնութիւն եւ տօնախմբութիւն:
Բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք երեք օրուան ծոմապահութեան մէջ են, Ս. հաղորդութիւն պիտի ստանան չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար պիտի նուիրեն կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին գրասենեակը` քարտուղարութեան, կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Սիմոնեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԻՄՈՆԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սեդա Մելքոնեան եւ ընտանիք եւ Մելքոնեան ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին եւ եղբօր` ԱԼԵՔՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 7000 քառ. մեթր, շատ լաւ դիրքով: Հեռ. 03-397149:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պէյթ Շաար, Հայաստանի դեսպանատան մօտ, 200 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասրահ, ճաշասրահ, սպասուհիի սենեակ, 4 բաղնիք, 3-րդ յարկ, ծովահայեաց դիրք, անձնական ջեռուցիչ, վերելակ եւ կառատուն: Գին` 275.000$: Դիմել` հեռ. 03-273685:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
– ՃԱՇ –
14 ՄԱՐՏ 2017-ԻՆ
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
24 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
5 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
20 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՇԱԲԱԹ, 27 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: