Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (8 Փետրուար 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկերներէն

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիլվա Էսկիճեան
Տեարք Րաֆֆի եւ Արա Էսկիճեաններ
Տիար քափիթեն Կարօ Էսկիճեան
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Էլիզապեթ Էսկիճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էտուար եւ Մարալ Ունճեան եւ զաւակունք
Տիար Ժան եւ օրիորդ Շողեր Արսլանեաններ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 3:00-ին, «Պել Վիւ» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 10 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 11 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:

———————————————————————-

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

LAAPS-Lebanese Artists Association, Painters and Sculptures, Լիբանանի Արուեստագէտներու ընկերակցութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ իր անդամին եւ վաստակաւոր արուեստագէտին` Զոհրապ Քէշիշեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն` անոր մահուան առիթով:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գրիգոր Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տիար Յովսէփ Քէշիշեան եւ դուստրը
Տիկին Մարալ Թէնքէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ծովիկ Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թինա Առաքելեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Սալբի Գարամանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլի եւ Քարլա Ուաքիմ եւ զաւակունք
Տիար Ժան-Փիեռ Քէշիշեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր Կիտանեան եւ դստերք
Հանգուցեալ Յակոբ Կիտանեանի ընտանիքը
Տիար Րաֆֆի Կիտանեան
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սիրարփի Գանլըճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վազգէն Գանլըճեան եւ զաւակունք
Օրդ. Թալին Գանլըճեան
Տիար Թոնի Շատարեւեան
Քէշիշեան եւ Բանողլեան ընտանիքներ
Գանլըճեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ
Ուաքիմ եւ Էմմիեան ընտանիքներ
Խնայսեր եւ Էմմիեան ընտանիքներ
Ճիկերեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Գեղանկարիչ-արուեստագէտ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 փետրուար 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 9 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, միչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 10 եւ շաբաթ, 11 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «ՔԱՀԼ» հաստատութեան:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի յանձնախումբը կը գուժէ ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին վեթերան ֆութպոլիստներէն

ԶԱՒԷՆ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վեթերան մարզիկներէն

ԶԱՒԷՆ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2017-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիլվա Գալֆայեան եւ զաւակները` Րաֆֆի, Սեւակ եւ Ռիթա
Տէր եւ տիկին Գառնիկ Գալֆայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկազ Գալֆայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ Գալֆայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Գալֆայեան եւ զաւակունք
Տիկին Ծովիկ Սագճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճիկ Տերվիշեան եւ զաւակունք
Չագըրեան ընտանիք
տիկին Մարիցա Յովհաննէսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Պապլուզեան եւ զաւակունք
Գալֆայեան եւ Սագճեան ընտանիքներ
Տերվիշեան եւ Չագըրեան ընտանիքներ
Յովհաննէսեան եւ Պապլուզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԶԱՒԷՆ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1940-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Միշել Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Սոնա Յովսէփեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Օրդ. Անգինէ Քէշիշեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սեդա Գոճաօղլանեան
Օրդ. Ցոլին եւ պրն. Հրակ Գոճաօղլանեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նանոր Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Շողիկ, Կարօ եւ Շաքէ Արսլանեաններ
Տիկին Լուսին Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Պայծառ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Քէշիշեան եւ Գոճաօղլանեան ընտանիքներ
Թորիկեան եւ Այնթէպլեան ընտանիքներ
Յովսէփեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՍՏՂԻԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՃԱՕՂԼԱՆԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Լա Վեռն, Քալիֆորինա:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 9 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Forest Loan, Hollywood Hills Church of Hills-ի մէջ, ապա թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սիւզան Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հենրի եւ Սիլվա Խաչիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ղազարոս եւ Արփի Խաչիկեան եւ դստերք
Օրիորդ Նինա Խաչիկեան
Պզտիկեան եւ Էսմերեան ընտանիքներ
Ղարիպեան եւ Պագլայեան ընտանիքներ
Կիտցինեան եւ Մալճեան ընտանիքներ
Շաայա եւ Ֆղալի ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Քէրօղլեան ընտանիքներ
Պեհեսնլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՅԱԿՈԲ ՆԵՐՍԷՍ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1931-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 6 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 10 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 11 փետրուարին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

———————————————————————-

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Այս տարի Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը կիրակի, 12 փետրուար 2017-ին է: Սուրբին անուանակոչութիւնը եւ եկեղեցւոյ ուխտի տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ թուականին:

Մեր կրօնական կանոններուն եւ ազգային աւանդութեանց համաձայն, պիտի պատրաստուի ուխտի մատաղ /ճիտապուր/` անցեալ տարիներուն պէս:

Առ այդ, այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար/արու-անարատ/ պիտի նուիրեն կամ անոր փոխարէն նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդին գրասենեակը` քարտուղարութեան, կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:

ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է բերել առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթ, 11 փետրուար 2017, առաւօտեան ժամը 10:00

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ                                       
«ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կը բանախօսէ`
ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի`
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

  • Տեսերիզի ցուցադրութիւն
  • Գեղարուեստական յայտագիր
  • Հիւրասիրութիւն

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 10 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ, Ամանոս:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————-

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

  • Անթիլիաս, «Երեւանեան» շէնքեր, 7-րդ պլոք, Ա. յարկ, 90 քառ. մեթր:
  • Աուքար, 125 քառ. մեթր, Ա. յարկ:
    Դիմել` հեռ. 71-769095:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Այնճարի մէջ, 7000 քառ. մեթր, շատ լաւ դիրքով: Հեռ. 03-397149:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

sofia-kravvadz-or

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

– ՃԱՇ –

14 ՄԱՐՏ 2017-ԻՆ

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

24 ՄԱՐՏ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

7 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ

5 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

13 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

20 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ

ՇԱԲԱԹ, 27 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

23 եւ 24 յունիս

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,

իսկ 18 յունիս`

պալէ:

29 յունիս`

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>