ՄԱՀԱԶԴ
Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը կը գուժէ իր հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկերներէն
ՆՈՒՊԱՐ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Սգակիրներէն կը խնդրուի նախքան յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հաւաքուիլ Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ապա ուղղուիլ եկեղեցի:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Թագուհի Մահսէրէճեան-Մելիքեան
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Լուսին Քէչէճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տէյվիտ եւ Մարիանա Կիտընս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Բենօ եւ Թամար Խտըրլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժանօ եւ Կարինէ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Անուշ Թապուքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Զուարթ Օհանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Նորա Թերզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սեդա Մելիքեան եւ զաւակունք
Մելիքեան եւ Մահսէրէճեան ընտանիքներ
Քէչէճեան եւ Կիտընս ընտանիքներ
Խտըրլեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Թաւուքճեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Թերզեան եւ Օվիկեան ընտանիքներ
Աթոյեան եւ Մարկոսեան ընտանիքներ
Շատարեւեան եւ Շիրանեան ընտանիքներ
Մերճանեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Տուտագլեան եւ Տէրտէրեան ընտանիքներ
Վանլեան եւ Քիւրտեան ընտանիքներ
Օսմանլեան եւ Փոլատեան ընտանիքներ
Թէնքէրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՆՈՒՊԱՐ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Դամասկոսի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 23 եւ ուրբաթ, 24 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Լութֆիկ եւ Լիւսի Այվազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պաղտիկ եւ Լիզեթ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվի Սարխանեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Սամիհ Մուքպել
Տիկին Նորա Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Օրօր Գարապաճաքեան եւ զաւակունք
Սարգիսեան եւ Այվազեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Սարխանեան ընտանիքներ
Մուքպել եւ Գարապաճաքեան ընտանիքներ
Կրպոյեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Այանեան եւ Աստուրեան ընտանիքներ
Առաքելեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ՊԵՐՃ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1948-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 փետրուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 21 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, իր դստեր` Սիլվի Սարխանեանի բնակարանը` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվիա Թնկըրեան-Տաայպէս
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Մարիա Տաայպես եւ զաւակունք
Տիկին Ժուաննա Տաայպես եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Կինատի եւ Ճոյս Ռաժի եւ ընտանիք
Տիար Մունիր Տաայպես եւ ընտանիք
Տիկին Սամիրա Սալուան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Իսամ եւ Մունա Տըպս եւ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՄԻՐ ՏԱԱՅՊԵՍԻ
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հազմիէի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 20 փետրուարին, հանգուցեալին զաւկին բնակարանը, «Տաայպես» շէնք, 4-րդ յարկ, Հազմիէ: Իսկ երեքշաբթի, 21 եւ չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Մար Թաքլա եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հազմիէ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վիոլեթ Սէքիլեան
Օրդ. Մարիա Սէքիլեան
Տէր եւ տիկին դոկտ. Նատեր եւ Լիզա Նասիֆ եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Սէքիլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարկօ Սահակեան եւ դուստրը` Շաքէ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Սահակեան եւ զաւակունք
Տիար Խաչիկ Սահակեան
Տիար Սարգիս Սահակեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գէորգեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տէր եւ տիկին Թուֆիք եւ Էլիզապեթ Նահհաս
Տէր եւ տիկին Եագուպ եւ Ալին Եուսեֆ
Սէքիլեան եւ Նասիֆ ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Մսըրլեան ընտանիքներ
Գէորգեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Նասիֆ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին, քենեկալին եւ հարազատին`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԷՔԻԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պաղտատ, 1934-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 19 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 21 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նաեւ չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ:
———————————————————————-
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017-ԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ
Կը մասնակցին հայ երեք յարանուանութեանց պետերը:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան, առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ժամը 11:00-ին Գերշ Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան կը փոխանցէ Վարդանանց ճակատամարտի խորհուրդը:
Ժամը 11:30-ին Արհի. հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս:
Ժամը 11:45-ին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ:
———————————————————————-
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ`
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԺԱՆԸՆՏԻՐ ԳԱՀԱԿԱԼ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան | ժամը 8:00-ին |
Սկիզբ պատարագի` | ժամը 10:00-ին |
Վեհափառ հայրապետի դիմաւորութիւն` | ժամը 10:15-ին |
Հայրապետական պատգամ` | ժամը 11:00-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 12:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը` մասնակից դառնալու օրուան հոգեպարար արարողութեանց եւ լսելու վեհափառ հայրապետին ոգեշունչ պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԱՅՆՃԱՐ
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ, ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կը Բանախօսեն`
ՎԵՐ. ՀՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Այնճարի քաղաքապետ ՎԱՐԴԳԷՍ ԽՕՇԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ
Այնճարի երեք վարժարաններու աշակերտութեան
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
———————————————————————-
ՀՐԱՒԷՐ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչու-թեան առիթով հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (արու ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ` քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:
ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը երեքշաբթի, 21 փետրուարի առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Նախագահութեամբ`
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ
Տ. Տ. ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
կաթողիկոս պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
«ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ»
Պատգամախօսութեամբ`
ԱՒԵՏԻՍ ԿԻՏԱՆԵԱՆի`
Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար
Մասնակցութեամբ` «Արծիւեան» ու «Բլբուլ» երգչախումբերուն
Ղեկավարութեամբ` ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
———————————————————————
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս, հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին:
Պատգամաբեր` ՎԵՐ. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ
Պատգամ`
«ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ»
ՀՐԱՒԷՐ
———————————————————————
THE CULTURAL HOUR
@
HAIGAZIAN UNIVERSITY
invites you to a lecture on
Mikhail Naimy:
The Last twenty years of his life
by SUHA NAIMY
Thursday, February 23, 2017 – 7 p.m.
Haigazian University Auditorium – Kantari
———————————————————————
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐԻ ԿԱՐԻՔ
«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուական բաժինին համար կարիքը կայ հայերէն լուրեր խմբագրող եւ հաղորդավար պաշտօնեաներու: Թեկնածուները պէտք է լաւապէս տիրապետած ըլլան հայոց լեզուին եւ նախընտրաբար ունենան այս մարզերուն առնչուած մասնագիտութիւն:
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց դիմումնագիրները ուղարկել հետեւեալ հասցէին` otv.recruitment@gmail.com
———————————————————————-
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած` «Ֆենիսիա» պանդոկի ճաշկերոյթի ձեռնարկին տոմսերը սպառած են:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ փետրուար 21-ի`
«ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐ» հռչակման առիթով
ԳՈՒՐԳՈՒՐԱ՛ՆՔ ՄԱՅՐԵՆԻԻՆ
Բանախօս`
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ասմունք`
ԱՆԻ ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներուն:
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
———————————————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Շարքին եօթներորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին:
Նիւթ`
«ԾԽԱԽՈՏԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔՈՒԼՈՒԻՔԻ
(«Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէնուհի)
———————————————————————-
«ԷՀԼԱՆ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ
ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ 2017
«Պաշտպանե՛նք մեզի կտակուած գանձերը»
«Վարդանանք» Դ. Դեմիրճեան
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
«Վարդանանց Հերոսներու Պատգամը` Խաղաղութեա՞ն, թէ՞ Կրօնա-ազգայնամոլութեան Մարտահրաւէր»
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԱՐՔ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «ԷՀԼԱՆ» հանդիսասրահին մէջ, Ռաուտա, Պաուշրիէ:
ՀՐԱՒԷՐ
———————————————————————-
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն
ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի մանկաբոյժի, հոգեբոյժի եւ սննդագէտի մը:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ կամ իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել arcl-absmc@hotmail.com հասցէին: Հեռ. 01/253793-4-5
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Նորակառոյց շէնք, Տըպպայէ, 150 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 3 բաղնիք, 4-րդ յարկ, գեղատեսիլ: Գին` 280.000$, նաեւ գետնայարկ յարկաբաժին մը, 150 քառ. մեթր + թերաս 150 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-555114:
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պոլոնիայի շրջանին մէջ, 120 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ յարակից մասեր, երկար պատշգամ, լման կահաւորուած, ամսական վարձք` 350$: Հեռ. 76-837419:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
– ՃԱՇ –
14 ՄԱՐՏ 2017-ԻՆ
———————————————————————-
ՀԲԸՄ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
– ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
– ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
24 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
7 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
5 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
13 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
20 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՇԱԲԱԹ, 27 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
28 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: