ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ազնիւ Բրուտեան եւ զաւակը` Յարութ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Թամար Յովհաննէսեան
Տիկին Ցոլեր Բրուտեան եւ դուստրը` Կալիա
Տիկին Մարիժան Պէօճեքեան եւ ընտանիք
Տիկին Թագուհի Բրուտեան եւ ընտանիք
Տիար Յովսէփ Գարամանուկեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մարտիկ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միսաք Թոփալ եւ ընտանիք
Տիկին Ժաքլին Տեմիրճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Սարգիսեան եւ դուստրը
Բրուտեան եւ Պէօճեքեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Միքայէլեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲՐՈՒՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1946-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Քրիստափոր Վարդանեան
Օրիորդ Ռիթա Վարդանեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փիեռ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Համբարձում Վարդանեան եւ զաւակունք
Տիկին Ծովիկ Վարդանեան եւ զաւակունք
Վարդանեան եւ Էսերեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1947-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2015-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Միքայէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ Միքայէլեան եւ զաւակունք
Տիար Զարեհ Միքայէլեան
Տիկին Մատլեն Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Մկրտիչեան եւ Գուշէրեան ընտանիքներ
Տէր Ղազարեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԵԴԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հայնի, 1923-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը` Պայատա:
—————————————————————————-
ԼՕԽ-Ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական Բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՇԱՐՔ
Նիւթ ` «Ընտանեկան Առողջութիւնը»
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4- րդ յարկ:
Շարքին Առաջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին:
Նիւթ`
«ԱՌՈՂՋ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ»
դասախօս`
Մէյրի Արեւեան
(Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Դասախօս)
—————————————————————————
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՇՈՄԻՆՈՎ ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԻ
ՍՈՒՖԼԷ + ԱՂՑԱՆ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունելու կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2015-2016 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:
Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ը, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր տարեշրջանի արձանագրութիւնները նախկին եւ նոր սաներուն համար պիտի կատարուին 1 հոկտեմբերէն մինչեւ 31 հոկտեմբեր, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն 7:00, մեր միութեան տան մէջ, Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր.
- Դիմողները իրենց հետ պէտք է ունենան փաստաթուղթ մը, որ ցոյց տայ աշակերտին դպրոց արձանագրուած ըլլալը:
- Վերոյիշեալ թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պսալիմ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ եւ յարակից մասեր, 135 քառ. մեթր, «Միտըլ Իսթ» հիւանդանոցի շրջան: Հեռ. 71-071395:
—————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Ոսկերչական գործատեղի մը` լման գործիքներով եւ կահոյքով, Պուրճ Համուտ, Մարաշ թաղ: Հեռ. 01-263355 եւ 01-241424:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, համակարգիչ եւ արաբերէն ու անգլերէն գիտնալը` պայման: Դիմել` հեռ. 01-500933 կամ 03-666546:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց: Հեռ. 04-297017 կամ 03-815043:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
6 յարկաբաժիններ եւ 6 խանութներ` զանազան չափերով, Պուրճ Համուտ, Ծերանոցին մօտ: Հեռ. 79-304093 կամ 03-115949:
—————————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Արաքսի Սողոմոնեան (Աւստրալիա) իրենց ծնողներուն` Աւետիս եւ Արուսեակ Սողոմոնեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 500 աւստրալիական տոլարով:
(12 հոկտեմբեր 2015)
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի
ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
26 ԵՒ 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015