ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի ընկերներէն
ՆԱՓՈԼԻՈՆ ԳՕԼԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հերմինէ Յակոբեան-Աբիկեան
Տիար Սէրուժ Աբիկեան
Տիկին Մարիանա Աբիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարուն եւ Սարին Ֆըղալի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սօսի Աբիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Աբիկեան-Վարդիվառեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Ովսաննա Կոկանեան եւ ընտանիք
Օրդ. Էվլին Սիմիքեան
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Քաթիա Պաժիքեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Լուսին Պուչաքճեան եւ ընտանիք
Տիար Խորէն Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Լենա Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Սալբի Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սոնա Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Անի Դիմիճեան եւ զաւակունք
Աբիկեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Ֆըղալի եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Դիմիճեան եւ Սիմիքեան ընտանիքներ
Պաժիքեան եւ Գրաճեան ընտանիքներ
Արոյեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԶԱՔԱՐ ԱԲԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 25 մարտին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հայկուհի Սէրայլեան
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Էլիզապէթ Սէրայլեան
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թալին Ուրիշեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփինէ Հալաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սեդա Ադամեան եւ զաւակունք
Տիկին Սալբի Կարվանեան եւ զաւակունք
Օրդ. Նելլի Սէրայլեան
Օրդ. Պերճուհի Սերոբեան
Տէր եւ տիկին Ռաֆայէլ եւ Ազատուհի Սերոբեան եւ զաւակունք
Տիար Արմենակ Սերոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիրվարդ Պախտիարեան եւ զաւակունք
Սէրայլեան եւ Ուրիշեան ընտանիքներ
Փամպուքճեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Հալաճեան եւ Կարվանեան ընտանիքներ
Սերոբեան եւ Հատիտեան ընտանիքներ
Պախտիարեան եւ Արթին ընտանիքներ
Ասիս ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՐՏԱՇԷՍ ՍԷՐԱՅԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 24 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ռաքել Աւետիքեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տիար Վարդան Աւետիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մարալ Գալայճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սեդա Օսմանեան եւ զաւակը
Աւետիքեան եւ Մանսուրեան ընտանիքներ
Գալայճեան եւ Օսմանեան ընտանիքներ
Պարախեան եւ Սվազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 21 մարտ 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 24 մարտին հանգուցեալին բնակարանը` Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիրարփի Տիւնեաեան եւ զաւակը` Մարտիկ
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տիւնեաեան
Օրդ. Մարօ Տիւնեաեան
Տիար Յովհաննէս Պէքէրէճեան
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարլէն Պէքէրէճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Ժաքլին Պալապանեան եւ զաւակունք
Տիկին Էկլանթին Քիւլհանճեան եւ զաւակունք
Տիկին Պերճուկ Քիւլհանճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մանուշակ Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիրուն Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Շողիկ Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տիւնեաեան եւ Պէքէրէճեան ընտանիքներ
Պալապանեան եւ Քիւլհանճեան ընտանիքներ
Ասատուրեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Եղիայեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան եւ Հաճիպալեան ընտանիքներ
Տէրմխսեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Մանուկեան եւ Մարտիրոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՍՏԵՓԱՆ ՏԻՒՆԵԱԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1949-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբաթի, 23 մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ ուրբաթ, 24 մարտին կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն:
Սոյն արարողութեան պիտի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՍԱԿ ԱԲՂՅ. ԹԵՓԻՐՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՍԵՒԱԿ ԱԲՂՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ`
ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն` մասնակցութեամբ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ
Սոյն արարողութեան պիտի քարոզէ`
ԲՐՇ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՐԿ. ՍԵԼԼՈՒՄԵԱՆ
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՖԱՆԱՐ Ս. ՄԱՏՐԱՆ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք որ այս կիրակի, 26 մարտ 2017-ին յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Բարեջան Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի
Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը պիտի ժամանէ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի մուտքին պիտի արժանանայ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա թափօրով պիտի առաջնորդուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Սկիզբն ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 12:30-ին |
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` դիմաւորելու առաջնորդ սրբազան հայրը, ներկայ ըլլալու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԱՆԹՕԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2017-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐՕ ՃԸՂԸԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2017-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-ԻՆ
Քաջալերելով «Արցախ ֆոնտ»-ի վերաբնակեցման աշխատանքները`
– Ազգային մը` 1.500$
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
ԿԸ ՍԿՍԻ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԱՆՎՃԱՐ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ`
ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Ընթացիկ տարուան ապրիլի 3-էն սկսեալ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին մէջ կը սկսի քառամսեայ անվճար դասընթացք մը` Սուրիայէն տեղահանուած անձերուն համար: Ծրագիրը կը գործադրուի աջակցութեամբ l՛Oeuvre d՛Orient բարեսիրական կազմակերպութեան:
Դասընթացքներուն նպատակն է պատերազմին պատճառով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնել, որ անոնք ձեռք բերեն լեզուական, արհեստագիտական եւ արհեստներու վերաբերեալ նոր գիտելիքներ կամ զարգացնեն իրենց ունեցած գիտելիքները` նշեալ մարզերուն մէջ:
Դասընթացքները յատուկ են 16-էն վեր տարիք ունեցող նշեալ խումբի երկսեռ անդամներուն: Դասանիւթերն են` լեզուներ, համակարգչային գիտութիւններ եւ արհեստներ:
Դասընթացքներուն տեւողութիւնը 16 շաբաթ է, կը նպատակադրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել նուազագոյնը մէկ լեզուի, համակարգային գիտութիւններու մէկ ճիւղի եւ մէկ արհեստի ուսուցում:
Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին մէջ, շաբաթը 5 օր` երկուշաբթիէն ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-8:00:
Դասընթացքներու աւարտին մասնակիցներուն պիտի տրուի համապատասխան վկայագիր:
Դիմորդներու արձանագրութիւնները սկսած են: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի քարտուղարութիւն, հասցէ` Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց, հեռ. 01-260504:
22 մարտ 2017
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 125
Նիւթ`
«ԱՐՑԱԽԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐԸ»
Զեկուցող` ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ
(Արցախի լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ)
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ
ԿԱՐԻՔ
Հայկական դպրոց մը սկսած է ընդունիլ գործի դիմումնագիրներ ուսուչցական (բոլոր, բայց յատկապէս` հայագիտական նիւթերու), գրասենեկային եւ հերթապահական զանազան պաշտօններու համար:
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն եւ լուսանկարը ղրկել
jobsatschool@outlook.com հասցէին:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտ, Մարաշ թաղ, 32 քառ. մեթր, երկյարկանի: Դիմել` հեռ. 03-785237 կամ 01-258569:
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ պողոտայ, դեղարան Րաֆֆիի դիմաց, 180 քառ. մեթր, Ա. յարկ, ամսական 900$: Դիմել` հեռ. 03-772072:
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ պողոտայ, դեղարան Րաֆֆիի դիմաց: Դիմել` 03-772072:
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Նիւ Ժտէյտէի շրջան «Իտըն» պանդոկի ետեւի թաղ, 210 քառ. մեթր, 2-րդ յարկ, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 3 բաղնիք, սպասուհիի սենեակ, 4 պատշգամ, վերելակ + կառատուն, սակ` 330.000$: Դիմել` հեռ. 03-273685:
———————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով հետեւեալ ուխտաւորները ոչխար նուիրած են Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ.
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Շահպազեան, Հատիտեան եղբարք ի յիշատակ Արշալոյս Հատիտեանի, տէր եւ տիկին Գէորգ Գարատէօլեան, տէր եւ տիկին Զաքար Դաւիթեան, տէր եւ տիկին Իլիաս Ալլամ եւ տիար Քայսար Ալլամ (3 ոչխար), տէր եւ տիկին Ժորժ Գարամանուկեան, տէր եւ տիկին Սարգիս Պոյաճեան, տէր եւ տիկին Յարութիւն Պալթայեան, տէր եւ տիկին Յակոբ Լուսարարեան, Ճուլֆայեան եղբարք:
Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ.
Տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան 1000$, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութիւն 300$, տէր եւ տիկին Ալեքսան Սասունի 200$, տէր եւ տիկին Մանօ Շէկեան 200$, Պայթարեան եղբարք 200$, տէր եւ տիկին Յակոբ Թերզեան 200$, տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Լենա Նաճարեան 200$, տիկին Սիւզի Սէմէրճեան 200$, Օղկասեան եղբարք 200$, տէր եւ տիկին Անդրանիկ Մելքոնեան 150$, ՌԱԿ-ի «Պայքար» ակումբ 100$, տիար Պօղոս Սաքապետոյեան 100$, տիկին Մարօ Ֆուճուրեան 100$, տիար Վիգէն Հաննէսեան 100$, տէր եւ տիկին Մամաս Թոքաթլեան 100$, տէր եւ տիկին Սթիւ Աճէմեան 100$, տիար Ժան Սէմէրճեան 50$, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն 1,000,000 լ.ո., տիար Արթիւր Նազարեան 500,000 լ.ո., ազգային մը 500,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ռոպեր Մինասեան 500,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Բագրատունի 500,000 լ.ո., ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի ընկերներ 500,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Էքմէքճեան 500,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Մարտիկ Արսլանեան 500,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սահակ Աստուրեան 400,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Սիսլեան 300,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ալեքսան Մարտիրոսեան` ի յիշատակ փոքրիկն Սագօ Մարտիրոսեանի 300,000 լ.ո., Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 300,000 լ.ո., հայկական հաստատութիւն մը 300,000 լ.ո., տիկին Ռոզ Թիլպեան 300,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Չիլինկիրեան 300,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Համբիկ Միսիրեան 300,000 լ.ո., տիկին Անի Ապպուտ Պլանքօ 300,000 լ.ո., տիար Անդրանիկ Մսըրլեան 300,000 լ.ո., Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 300,000 լ.ո., Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 300,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ալեքսանտր Մուրատեան 300,000 լ.ո., տիկին Սալբի Սիմիթեան 300,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ժան Կարապետեան 250,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Հաննա Մահրուք 200,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կարապետ Նիկոլեան 200,000 լ.ո., տիար Վարուժան Պարսումեան 200,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Աբգար Ագիլեան 200,000 լ.ո., Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յովհաննէս Խզարճեան 200,000 լ.ո., Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 200,000 լ.ո., Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 200,000 լ.ո., Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ (Ռըմէյլ) 200,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Խաչիկ Պօղոսեան 200,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Շահէ Բոժոժեան 200,000 լ.ո., տիար Յարութիւն Մարտիրոսեան 200,000 լ.ո., օրդ. Նարէ Կէօվօղլանեան 200,000 լ.ո., տիար Միհրան Սէֆէրեան 150,000 լ.ո., Ֆանարի Մատրան թաղական խորհուրդ 150,000 լ.ո., Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդ 150,000 լ.ո., ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղ 150,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Վիգէն Թագաճեան 150,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յարութիւն Թապագեան 150,000 լ.ո., օրդ. Արփի Չպուգճեան 100,000 լ.ո., տիար Ժան Ներսէսեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կիրակոս Նէնէճեան 100,000 լ.ո., ազգային մը տիկին Շաքէին յիշատակին 100,000 լ.ո., տիար Արամ Աբգարեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Զոհրապ Աւետիսեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Գէորգ Աբրահամեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սարօ եւ Թալին Թոնդեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Փաթրիք Քիւրքճեան 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին տոքթ. Շահէ Բաշապեզեան 100,000 լ.ո., օրդ. Քնար Ֆուճուրեան 100,000 լ.ո., ազգային մը 100,000 լ.ո., տէր եւ տիկին Փոլ Թաթարեան 50,000 լ.ո., ազգային մը 50,000 լ.ո., Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ 50,000 լ.ո.:
Յովսէփեան եղբարք յանձն առին մատաղի պատրաստութիւնը, Պորանեան եղբարք տրամադրեցին մատաղի տուփերը, իսկ Գրիգոր եւ Վարուժ Մարտիրոսեանները նուիրեցին մատաղ եփելու վառելանիւթը:
Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն:
———————————————————————-
ՀԲԸՄ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
– ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
– ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
7 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
15 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
3 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
5 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
11 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
13 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
20 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԳԻՇԵՐՕԹԻԿԻ 70-ԱՄԵԱԿ
20 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
23 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
26 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏՆՕՐԷՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ
27 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
28 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒՆԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՅՈՒՆԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
3 ՅՈՒՆԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: