ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ԱՆՇԱՐԺ
ԳՈՅՔԻ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանիս կալուածներու եւ անշարժ գոյքի (շէնք, յարկաբաժին, վաճառատուն) սեփականատէրերու ուշադրութեան կը յանձնէ իրենց գոյքը լիբանանցիի կամ օտարահպատակի վարձու տալու օրինական պայմանները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Արդարեւ, կալուածի եւ անշարժ գոյքի վարձքի համաձայնագիրը պէտք է արձանագրուի քաղաքապետարանին մէջ:
Այդ արձանագրութեան համար պէտք է ներկայացնել երկու կողմերու ինքնութեան փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ կալուածի սեփականատիրութիւնը եւ զայն վարձու տալու իրաւասութիւնը հաստատող փաստաթուղթերն ու լուսապատճէնները: (Ամբողջական ցանկը կարելի է ստանալ քաղաքապետարանէն):
Եթէ վարձակալը օտարահպատակ է, պէտք է նաեւ ներկայացնել կեցութեան արտօնագիրը (իքամէ) կամ մեկնումի թուղթը (կարմիր քարտ):
Իսկ եթէ վարձուող կալուածը բնակարան չէ, անհրաժեշտ է նաեւ օտարահպատակի աշխատանքի արտօնագիրը: Այս պարագային պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ օտարահպատակի հետ վարձքի որեւէ պայմանագիր պէտք է համապատասխանէ աշխատանքի նախարարի թիւ 41 հրամանագիրին, որ հրապարակուած է 28 յունուար 2017-ին: Սոյն հրամանագիրը կը ճշդէ այն ասպարէզները, որոնց մէջ աշխատանքը կը վերապահուի լիբանանահպատակներուն:
Յարգելի քաղաքացիներէն կը խնդրուի անյապաղ արձանագրութեամբ օրինականացնել իրենց կարգավիճակը, որպէսզի չենթարկուին օրինական հետապնդումի:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ
———————————————————————-
ՀԲԸՄ ՀԵԸ
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ
ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ`
#ՍԱՌՆԱՐԱՆ#ԴՐԱՄ#ՓԱԽԼԱՒԱ
(ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ)
Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 17 (Կալա), շաբաթ, 18, կիրակի, 19, ուրբաթ, 24, շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 մարտ 2017, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
———————————————————————-
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը կը զուգադիպի կիրակի, 26 մարտ 2016-ին:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք:
Տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն` ամէն երեկոյ ժամը 6:30-էն սկսեալ:
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ հաւատացեալները ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:
Բոլոր այն հաւատացեալներէն, որոնք կ՛ուզեն իբրեւ ուխտ մատաղցու արու ոչխար նուիրել եւ կամ նիւթական նուէրներ ընել, կը խնդրուի ներկայանալ թաղական խորհուրդիս քարտուղարութեան գրասենեակը, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:30, բացի երկուշաբթի օրերէն:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
– ՃԱՇ –
14 ՄԱՐՏ 2017-ԻՆ
———————————————————————-
ՀԲԸՄ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
– ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
– ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
24 ՄԱՐՏ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
7 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
15 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
3 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
5 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
13 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
20 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
23 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
26 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏՆՕՐԷՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ
27 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
28 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՅՈՒՆԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: