Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Անի Կիտանեան եւ զաւակունք` Արազ եւ Սէրուժ
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Աննա Կիտանեան եւ դուստրը` Սառա
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ժոզեֆ Կիտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Կիտանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սաթենիկ Թալաթինեան
Տիկին Թերեզ Պէքարեան
Կիտանեան եւ Երէցեան ընտանիքներ
Կէօքճեան եւ Դաւթեան ընտանիքներ
Թալաթինեան եւ Պէքարեան ընտանիքներ
Ֆստըքճեան եւ Ֆոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԿԻՏԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵՐԷՑԵԱՆ, 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 6:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 6 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ուրբաթ, 7 եւ շաբաթ, 8 ապրիլին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Էլիաս եւ տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան-Հարունի եւ զաւակը` Ռայըն-Էլիոթ
Տէր եւ տիկին Թոֆիք եւ Սալուա Հարունի եւ զաւակը` Նիքոլա
Նախկին երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեան
Տիկին Լիլիան Հաշեմ եւ ընտանիք
Տիկին Ժանտարք Հաանա եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ապտօ եւ Ժաքլին Հաժ եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Փոլ Չուխատարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Չուխատարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին մեթր Սերժ Չուխատարեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, թոռնիկին, եղբօր որդւոյն, քրոջ զաւկին եւ հարազատին`

ԵՈՒՀԱՆ-ԱՆԹՈՆԻ ՀԱՐՈՒՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 7 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Աժալթունի Մար Զախիա եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Արփինէ Կիտցինեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մերուժան եւ Տիանա Կիտցինեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Էլիզա Կիտցինեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Անի Գուրուեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Սեդա Պեքճիճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սոնիկ Գրիգորեան եւ զաւակունք
Կիտցինեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Պեքճիճեան եւ Քեչեպաշեան ընտանիքներ
Կերեքմեզեան եւ Տեվելեան ընտանիքներ
Գապաքեան եւ Քեհէեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԺԱՆԵԹ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին, գիշերուան ժամը 10:00-ին, Մար Եուսեֆ հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————-

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին

Ծաղկազարդի տօնին առիթով մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

———————————————————————-

ՀՍԿՈՒՄԸ Ս. ՆՇԱՆ
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Հսկումի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂՅ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Հսկումի արարողութեան եւ լսելու հայր սուրբին պատգամը:

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ – ԶԱԼՔԱ

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մասնակցութեամբ` Ս. ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԻ եւ ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ դպրեվանքի ժառանգաւորներուն

Ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

Ժամը 5:30-ին Խաղաղական ժամերգութիւն
Ժամը 6:00-ին Ճանապարհ խաչի
Ժամը 6:45-ին Քարոզ` ԳԵՐ. Հ. ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Ժամը 7:00-ին Խաչի երկրպագութիւն

Սիրով հրաւիրուած են հաւատացեալները` մասնակցելու սոյն արարողութիւններուն:

———————————————————————-

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՖԱՆԱՐ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն` Ֆանարի Ս. Մատրան մէջ:

Սոյն արարողութեան պիտի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱԲՂՅ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:

ՖԱՆԱՐԻ ՄԱՏՐԱՆ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 6:00-ին: Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուի օրուան պատգամով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ
ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ թափօր` ժամը 11:00-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, զոր յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը:

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ԱՅՆՃԱՐ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:30-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն: Սոյն արարողութեան պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԱՅՆՃԱՐ

———————————————————————-

 ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ

 

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:15-ին
Պատարագ` ժամը 10:15-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 10:30-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի արարողութիւնը պիտի կատարէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան, լսելու պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:

Այս առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրին նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆԻ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին ու Դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Դռնբացէքի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017. Ծաղկազարդ

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Մանուկներու օրհնութիւն` եկեղեցւոյ դասին մէջ եւ ապա թափօր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղին մէջ` ժամը 11:30-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ` յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին

Ս. եւ անմահ պատարագը կը մատուցէ եւ օրուան պատգամը կը փոխանցէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հայորդիները մասնակից դառնալու օրուան խորհուրդներուն:

ԾԱՆՕԹ.- Կառատունը ապահովուած է եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Այսու կու գանք յայտարարելու հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ յառաջիկայ կիրակի, 9 ապրիլը կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:

Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ԱԲՂՅ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան Ս. խորհուրդով:

ԾԱՆՕԹ.- Փոքրիկներու թափօրը տեղի պիտի ունենայ յետ պատարագի:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԺՈՒՆԻԷԻ,
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԸ`
ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:

Այս առիթով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրին նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆԻ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին ու Դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ԶԱԼՔԱ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հանդիսապետութեամբ`
ԱՐՀԻ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆԻ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ – Զալքա:

Ձայնաւոր Ս. պատարագ` ժամը 10:30-ին
Ուռօրհնէք եւ թափօր` ժամը 11:30-ին
Անդաստան` ժամը 12:00-ին
Դռնբացէք` ժամը 17:00-ին

Սիրով հրաւիրուած են հաւատացեալները` մասնակցելու սոյն արարողութիւններուն:

———————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Մասնակցութեամբ երգիչ`
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի

Յեղափոխական երգերով ելոյթ կ՛ունենայ հայրենի երգիչ`
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ճաշարան «Սուլթան Էլ Ռումիէ»-ի մէջ, Քլէյաաթ:

Ծանօթ.- Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 03/570539 եւ 03/452348 թիւերուն:

———————————————————————-

   «Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Ինքնաշարժի հայ վարորդ մը ընտանիքի մը մօտ անձնական վարիչութեան գործ կը փնտռէ:
Տարիքը` 50 տարեկան: Դիմել` հեռ. 03-308458 թիւին:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Յարկաբաժին մը` Անթիլիաս, Մզհեր, 200 քառ. մեթր:
Հողաշերտ մը` Այնճարի մէջ, 620 քառ. մեթր:
Դիմել` հեռ. 79-124375 թիւին:

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Անթիլիաս, Սիմիթեան, «Գառնի» շէնք, Ա. յարկ, 217 քառ. մեթր: Գին` 275.000$:
Հեռ. 03-207772 կամ 01-266514 թիւն:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

7 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

15 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

3 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ

5 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

 ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

11 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

13 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

20 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԳԻՇԵՐՕԹԻԿԻ 70-ԱՄԵԱԿ

20 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

23 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

26 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏՆՕՐԷՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ

27 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒՆԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ 30-ԱՄԵԱԿ

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

ՈՒՐԲԱԹ,  2 ՅՈՒՆԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

23 եւ 24 յունիս

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,

իսկ 18 յունիս`

պալէ:

29 յունիս`

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>