ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն`
ԱԼՊԵՐ ԱՍՈՂԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2015-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վարդան Կէպէնլեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Կէպէնլեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Կէպէնլեան եւ զաւակունք
Օրիորդ Լուսածին Խաչերեան
Տիկին Նուէր Պաշգապաքեան եւ զաւակունք
Տիկին Տիգրանուհի Խաչերեան եւ զաւակունք
Կէպէնլեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԿԷՊԷՆԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՉԵՐԵԱՆ, 1942-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 17 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 հոկտեմբերին, հանգուցեալին զաւկին` Րաֆֆի Կէպէնլեանի բնակարանը, Այն Ալաք, «Ղազի Ժապպուր» շէնք, Ա. յարկ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նոել Սարգիսեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Սարին Սարգիսեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թալին Շամուն (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Նուարդ Անտոնեան եւ զաւակունք
Հաճընեան եւ Շամուն ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Սերայտարեան եւ Անտոնեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Պուչաքճեան ընտանիքներ
Պարսումեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՖՐԱՆՍՈՒՀԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՍԵՐԱՅՏԱՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2015-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորթ Քարոլայնայի Չարլոթ քաղաքի (Միացեալ Նահանգներ) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ «Էվըրկրին» գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Լիբանանի մէջ հանգուցեալին հոգիին համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————————-
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութիւնը պիտի պատուէ իր չորս անդամները` Յարութիւն Թորոսեան (գեղանկարիչ), Նայիմ Տումիտ (արձանագործ), Սայիղա Աւայտա (գեղանկարիչ) եւ Ուսամա Ռիֆայի (արձանագործ):
Բարձր հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար
ՌԵՄՈՆ ԱՐԱՅԺԻԻ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Պիտի ցուցադրուին չորս արուեստագէտներուն գործերը:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
Անթիլիաս-Լիբանան
ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ
(2015-2016) 16-ՐԴ ՏԱՐԻ
Հովանաւորութեամբ Ս. աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերաբացումը Հայ կիներու հոգեւոր լսարանին:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդին զաւակները, ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, ներկայ գտնուելու Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող սոյն հոգեւոր լսարանին, լեցուելու համար քրիստոնէական եւ բարոյական արժէքներով:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
(Նոր Ատանա)
Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սերտողութիւնը կը վարէ`
ԱՐԺ. Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Հրաւիրուած էք ունկնդրելու Աստուծոյ խօսքը:
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող`
ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆԻ
մահուան ԺԴ. տարելիցին առիթով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան ԺԴ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
«ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ»
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՓԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ-ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՈՆԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ֆանարի Ս. մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՓԻՆԷ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՎԱՉԷ ԱՍԼԱՆԵԱՆի (Սթիւտիօ Վաչէ) մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԵՐԻՑՈՒՀԻ ԹԱԳՈՒՀԻ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆի մահուան 18-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱԿՈԲ (ԺԱՔ) ԱՐԹԻՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՄԻՍՈՎ ԵՒ ՇՈՄԻՆՈՎ
ՄԱՆԹԸ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, Գիւտ Խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ:
Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՇԱՐՔ
Նիւթ` «ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ»
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Շարքին երկրորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին:
Նիւթ`
«ԿԻՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ`
ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՍՈՒՆ ՏԱՐԻՔ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ
(կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան բժիշկ)
—————————————————————————-
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄԱՆՈՍԻ – ԼԱՓԱՃԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կու գանք յայտարարելու, թէ Լափաճի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունիլ 2015-2016 տարեշրջանի լափաճցի սաներու դիմումները:
Կը խնդրուի մեր հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս, մինչեւ 5 նոյեմբեր, ամէն հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միութեանս տան մէջ, Ամանոս:
Ընդունման վերջին պայմանաժամն է վերոյիշեալ թուականը, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարեյաջող տարեշրջան:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր տարեշրջանի արձանագրութիւնները նախկին եւ նոր սաներուն համար պիտի կատարուին 1 հոկտեմբերէն մինչեւ 31 հոկտեմբեր, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն 7:00, մեր միութեան տան մէջ, Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր.
- Դիմողները իրենց հետ պէտք է ունենան փաստաթուղթ մը, որ ցոյց տայ աշակերտին դպրոց արձանագրուած ըլլալը:
- Վերոյիշեալ թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
JAVA հաստատութիւնը` Սին Էլ Ֆիլ, կարիքը ունի գործաւորներու` իր աշխատանոցին մէջ: Տարիք` 20-էն 30-ի միջեւ: Անձամբ ներկայանալ կամ հեռ. 01-502329 եւ 01-480102 թիւերուն:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Պէյրութի մէջ ֆրանսական ճաշարան մը կարիքը ունի պաշտօնեաներու` հետեւեալ պաշտօններուն համար. Waiter, Runner, Barista: Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-985207 թիւին «Սի. Վի.»-ն ղրկել E-Mail: recruitmentbc2015@gmail.com
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
6 յարկաբաժիններ եւ 6 խանութներ` զանազան չափերով, Պուրճ Համուտ, Ծերանոցին մօտ: Հեռ. 79-304093 կամ 03-115949:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տարեց կնոջ մնայուն խնամողուհի մը: Դիմել` հեռ. 03-345285:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Սիսի շրջան, կահաւորուած, 2 սենեակ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-939219, պրն. Յովիկին:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պսալիմ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ եւ յարակից մասեր, 135 քառ. մեթր, «Միտըլ Իսթ» հիւանդանոցի շրջան: Հեռ. 71-071391:
—————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, համակարգիչ եւ արաբերէն ու անգլերէն գիտնալը` պայման: Դիմել` հեռ. 01-500933 կամ 03-666546:
—————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Յովհաննէս Բրուտեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տիկին Լիլիան Ռասի 100$, Յ. Քէշիշեան եւ ընտանիք 50$, տէր եւ տիկին Հրանդ Սիմոնեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Արա Սահակեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Նազարէթ Սիմոնեան 50.000 լ. ո., տիար Խաչիկ Գույումճեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տիար Ժորժ Ըսթֆեն 50.000 լ. ո., տիար Սարգիս Մկրտիչեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ Լատոյեան 40.000 լ. ո., տիար Պետիկ Օղկասեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յովհաննէս Շիրանեան 30.000 լ. ո., տիար Վարուժան Խանճեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վարդան Գույումճեան 25.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սեւակ Գույումճեան 25.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Պօղոսեան, 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Քնար Չոլագեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Գարամանուկեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սագօ եւ Լիզա Հալաճեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Գէորգ Տէր Գէորգեան 20.000 լ. ո., տիար Վրէժ Ճուխատարեան 20.000 լ. ո.:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի
ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
26 ԵՒ 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015