ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
Գնահատելով Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի հաստատման գաղափարը, իբրեւ քաջալերանք` տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Կրէյս Խտըրլարեան 1.500.000 լ. ո. կը նուիրեն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին:
———————————————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԻՒՆՏԻՒԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԻՀՐԱՆ ԽՐԻՄԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 յուլիս 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՏԻԱՐ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ ԵՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ազգային եւ միութենական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր եւ հարազատին` ՍՕՍԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՀԱՐԻՒՐ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Հայ աւետարանական քոլեճի 9-րդ դասարանի բոլոր աշակերտներն ալ մասնակցած ըլլալով Լիբանանի պետական պրէօվէի քննութիւններուն, արձանագրած են հարիւր առ հարիւր յաջողութիւն:
Աշակերտներն են. Քարլա Պասթաճեան («Շատ լաւ» յիշատակութեամբ), Կարին Տեմիրճեան (Լաւ յիշատակութեամբ), Ալեն Արաբսէիսեան, Կերի Զէյթունցեան, Նայելի Մարգէեան, Անթոնի Օպէյտ, Հիւսէյն Օմէյրի:
Կը շնորհաւորենք աշակերտները, անոնց ծնողները եւ ուսուցիչները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծագոյն ուրախութեամբ եւ խորագոյն գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ վարժարանի 2016-2017 տարեշրջանի 9-րդ (պրէօվէ) դասարանի բոլոր աշակերտները յաջողեցան այս տարուան պետական քննութիւններուն: Աշակերտներ Ճիօ Գալուստ, Սարին Թեքիրեան, Ժան Փիեռ Ղուկասեան եւ Փերլա Ռաֆֆուլ յաջողեցան «լաւ» գնահատականով:
Տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ յաջողած բոլոր 38 աշակերտները եւ կը խնդակցի անոնց ծնողներուն` մաղթելով, որ նման իրագործումներ միշտ մնան անոնց ուղեկից` ուսման բոլոր հանգրուաններուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
30 յունիս, 2017
———————————————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հիմնուած` 1934-ին
Պուրճ Համուտ
2017-2018-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ`
ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ԵՒ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին 4 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր` ժամը 9:00-12:00:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ`
Երկրորդականի Գ. կարգի (պաքալորէա) եւ Միջնակարգի Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 11 սեպտեմբերին:
Մնացեալ բոլոր կարգերուն դասաւանդութիւնները կը սկսին երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
ԾԱՆՕԹ.- Կ՛ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները ծիլ դասարան, ամիսը 100 տոլար կրթաթոշակով:
ՆՈՐԵԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Նորեկ աշակերտներ պարտին ներկայացնել վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւն` ժամադրութեամբ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան դիմացի թաղը, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 պատշգամ եւ յարակից մասեր, գին` 120.000$: Դիմել` հեռ. 01-254187 կամ 03-260575 թիւերուն:
———————————————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:
———————————————————————
REQUIRE
A female accountant needed with a minimum experience of 1 year in the field. English & Armenian are a must. Kindly send your C.V. to yep.management@gmail.com
———————————————————————
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տեսչութիւնը կու գան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու պատուարժան տնօրէնութեանց, նաեւ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներու պատասխանատու մարմիններուն, անհատ նուիրատուներուն, որոնք մտային պայքար տանող հայ մանուկի օրուան` «Մարտ 1»-ի առիթով իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեամբ, այցելութեամբ եւ կոչերու հրապարակումով:
Հանգանակութենէն գոյացաւ հետեւեալը`
Լ. Ո. | Ամ. Տոլար | |
Հայկական եկեղեցիներէն` | 3.579.500 | 600 |
Հայկական վարժարաններէն | 8.513.000 | |
Անհատ նուիրատուներէն` | 930.000 | |
Այլք` | 1.515.000 | |
Ընդհանուր | 14.537.500 Լ. Ո. | 600 Ամ. տոլար |
Բոլոր նուիրատուներուն եւ այցելող կողմերուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սօսի Չիլինկիրեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Անթիլիասի մայրավանքին.
Տիկին Ժանէթ Տիլսիզեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վարդան Փափազեան 50$, տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Շողիկ Տիմիճեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժան եւ Նելլի Ճենազեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մինաս Միսիրեան 100$, տոքթ. Ռոզիթա Եղիայեան 100$, տէր եւ տիկին Նուպար Սոֆեան 100$, տէր եւ տիկին Նշան Պապիկեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Մալճեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Միհրան Մազմանեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Օհան եւ Մարալ Չափրազեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Հրաչ Գուրուեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Քաջայր Գուճանեան 50.000 լ. ո., Պորանեան եղբարք 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ալին Օհանեան 100$, տէր եւ տիկին Աւետիս Աստուրեան 50.000 լ. ո., տիկին Ալին Սանոսեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գալողլեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ռոզիկ Աղազարեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան 100$, տէր եւ տիկին Մարտիրոս Չիլինկիրեան 50$, «Թեն Թեն» հաստատութիւն 50.000 լ. ո., տիկին Թալին Թերզեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սուրէն Կոստանեան եւ ընտանիք 200.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կերի եւ Մարալ Պուժիգեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սիւզի Գարկոտորեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ Աճէմեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սահակ Աճէմեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լիզա Սոֆեան 50$, տէր եւ տիկին Ռոնի եւ Ռուլա Գուգճեան 100.000 լ. ո., տիար Էլի Զաքարեան 100.000 լ. ո., «Պլոմ» դրամատան տնօրէնութիւն եւ պաշտօնէութիւն (Սին Էլ Ֆիլ) 150.000 լ. ո., տիար Միշել Աքլիմոս 50.000 լ. ո., տիար Էլի Հապր 100.000 լ. ո., տիար Նաժի Թաննուրի 100$, տիար Անթուան Ֆարհաթ եւ ընտանիք 100.000 լ. ո., տիար Տանիէլ Ռուհանա 50$, տիար Ռիշար Շըլէյլա 100$, տիար Նատիմ Աֆէյշ 50.000 լ. ո., տիար Ապտօ Աուն եւ ընտանիք 100.000 լ. ո., մեթր Սիմոն Քարամ 50.000 լ. ո., տիար Սելիմ Մուսան 25.000 լ. ո.: