Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (8 Յուլիս 2017)

$
0
0

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սոյն յայտարարութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կու գայ հայ հանրութեան տեղեկացնելու, թէ հայկական շրջաններու մէջ հայուհիներ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին անունով բնակարաններէ թէ վաճառատուներէ նիւթական օժանդակութիւններ կը հաւաքեն:

Շրջանային վարչութիւնը կը հերքէ այդ տիկիններուն ԼՕԽ-ի հետ առնչութիւնը եւ կը հաստատէ, որ անոնք կ՛օգտագործեն ԼՕԽ-ին անունը: Ուստի մեր ժողովուրդին կը տեղեկացնենք, որ ԼՕԽ-ի բոլոր ստացագիրները կը կրեն Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կնիքը եւ նշանակը, ինչպէս նաեւ այս տարեշրջանի ԼՕԽ-ի հանգանակութեան ծրագիրը արդէն իսկ աւարտած է:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԼՈՒՍԻՆ ԶԱՐՄԵՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 յուլիս 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————————————–

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ աւ­ե­տա­րա­նա­կան կեդ­րո­նա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հա­ճոյ­քը ու­նի ձեզ տե­ղե­կաց­նե­լու, թէ ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ պա­քա­լո­րէ­ա­յի բո­լոր ճիւ­ղե­րը ընդգր­կող դա­սա­րան­նե­րուն կող­քին, 2017-2018 տա­րեշր­ջա­նին պի­տի ու­նե­նայ նա­եւ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի դա­սա­րան­նե­րու հա­մար

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT

Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն`

  • Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ
  • Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարու-թիւններ
  • Ընկերային յարաբերութիւններու եւ զգացական դժուարութիւններ

Հե­տաքրք­րու­ող ծնող­նե­րը կր­նան դի­մել վար­ժա­րա­նիս տնօ­րէ­նու­թե­ան` հե­ռա­ձայ­նե­լով 01-442594 թիւ­ին:

—————————————————————–

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքայի մայր ճամբուն մօտ, կահաւորուած, 3 ննջասենեակ, յարակից մասեր, 2 պատշգամ, վերելակ+կառատուն, 2-րդ յարկ: Հեռ. 04-981917 կամ 03-325844:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>