Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ
7-11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017
Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:
Իսկ ամէն երեկոյեան ժամը 8:00-ին` 7-10 օգոստոս 2017, պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:
ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, «Տպարան Տօնիկեան»-ի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
—————————————————————–
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ – էՇՐԵՖԻԷ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ
Նախագահութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆԻՆ
Վայր` Սայտայի ծովային բերդը,
Քընիսեթ Սէյիտեթ Մանթարա, Մըլիթա,
կէսօրուան ճաշ` Նապաթիէ:
Թուական` երեքշաբթի, 15 օգոստոս 2017-ին
Ս. Յակոբ եկեղեցիէն, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Սակ` 40$
Կը խնդրուի ճշդապահ ըլլալ:
Արձանագրութեան համար հեռաձայնել
01-266414, 71-113589, 03-856325, 03-891434, 76-697778 թիւերուն:
—————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէայի բոլոր ճիւղերը ընդգրկող դասարաններուն կողքին, 2017-2018 տարեշրջանին պիտի ունենայ նաեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններու համար
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT
Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն`
- Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ
- Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարու-թիւններ
- Ընկերային յարաբերութիւններու եւ զգացական դժուարութիւններ
Հետաքրքրուող ծնողները կրնան դիմել վարժարանիս տնօրէնութեան` հեռաձայնելով 01-442594 թիւին:
—————————————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«REQUIEM»
Հեղինակ` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՆԱԳՈՒԼԵԱՆ
Խմբագիր` Երուանդ Տէր Խաչատրեան
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿ Հրատարակչութիւն
Երեւան, 2017
—————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԻՑ
Երեւանի կից, Եղուարդ քաղաքին մէջ, 10 հեկտար հողատարածք` լիբանանեան «Կարտենիա Լեպընիզ ֆարմզ» ընկերութեան մօտ: Դիմել` WhatsApp կամ Viber +374-93-499105, պրն. Համլեթին:
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
YESSAYAN Jewelery կարիքը ունի օգնական հաշուապահուհիի մը: Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ հասցէին` e-mail: info@yessayan.com . կամ yessayan@yessayan.com
—————————————————————–
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:
—————————————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պիաութի շրջան, նոր կառոյց, անձնական փակ ճամբայ, գեղատեսիլ դիրք, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ եւ յարակից մասեր, 2-րդ յարկ + վերելակ + կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-968434: