Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (31 Յուլիս 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարի Արեւեան
Օրդ. Անի Արեւեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Թրէյսի Արեւեան եւ զաւակը` Ճոնի
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Լիւսի Արեւեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Արեւեան եւ զաւակները` Մարալ եւ Արի
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Հուրի Արեւեան եւ զաւակները` Անդրէաս եւ Ալին
Տիկին Ռոզիկ Պագալեան եւ զաւակները` Թադէ եւ Թալին
Արեւեան եւ Պագալեան ընտանիքներ
Սաղըրեան եւ Սալամէ ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Եղիկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Բեթլեհէմ, 1943-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 յուլիս 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 29 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 31 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբի բարեզարդման ֆոնտին եւ մասնաճիւղի սկաուտներուն:

—————————————————————–

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ – էՇՐԵՖԻԷ

ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

Նախագահութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆԻՆ

Վայր` Սայտայի ծովային բերդը,
Քընիսեթ Սէյիտեթ Մանթարա, Մըլիթա,
կէսօրուան ճաշ` Նապաթիէ:

Թուական` երեքշաբթի, 15 օգոստոս 2017-ին
Ս. Յակոբ եկեղեցիէն, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Սակ` 40$

Կը խնդրուի ճշդապահ ըլլալ:

Արձանագրութեան համար հեռաձայնել
01-266414, 71-113589, 03-856325, 03-891434, 76-697778 թիւերուն:

—————————————————————–

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Մզհերի շրջան, 145 քառ. մեթր, կահաւորուած, 3-րդ յարկ + վերելակ + կառատուն, գեղատեսիլ դիրք: Հեռ. 03-136187:

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Տըպպայէ, 110 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ եւ յարակից մասեր, 4-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, + կառատուն, գին` 165.000$: Հեռ. 03-885543:

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԻՑ

Երեւանի կից, Եղուարդ քաղաքին մէջ, 10 հեկտար հողատարածք` լիբանանեան «Կարտենիա Լեպընիզ ֆարմզ» ընկերութեան մօտ: Դիմել` WhatsApp կամ Viber +374-93-499105, պրն. Համլեթին:

—————————————————————–

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles