Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (4 Օգոստոս 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Անտրէ Տաղեր
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Պապոյեան եւ դուստրը
Տիար Յովսէփ Պապոյեան
Տէր եւ տիկին Հրայր Պապոյեան եւ զաւակը
Օրդ. Վերժին (Պերճուկ) Տելլալեան
Տիկին Տաատ Անթոնիոս Տաղեր
Տէր եւ տիկին Քարլ Տաղեր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տանի Տաղեր եւ զաւակունք
Տաղեր եւ Պապոյեան ընտանիքներ
Տելլալեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Եագուպեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ
Կիրիթլեան եւ Ֆըստըգճեան ընտանիքներ
Ագրապեան եւ Լոշխաճեան ընտանիքներ
Գարաօղլանեան եւ Սողոմոնեան ընտանիքներ
Ապու Ժաուտէ եւ Անթոնիոս ընտանիքներ
Ռաշետ եւ Խուրի ընտանիքներ
Զահհար եւ Թանիոս ընտանիքներ
Ապի Ռաշետ եւ Գալֆայեան ընտանիքներ
Սալէմ եւ Պասիլ ընտանիքներ
Քարամ եւ Մաալուֆ ընտանիքներ
Հապըր ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ, քրոջ աղջիկին, հարսին եւ հարազատին`

ԼԻԶԱ ՏԱՂԵՐԻ
(Ծնեալ` ՊԱՊՈՅԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 4 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Ռապիէի Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ պաշտամունքի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 5 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 6 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ռապիէի աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————————————–

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 34 Դիմումի Ընդառաջում Յուլիսին Եռամսեայ Հաշուեկշիռ` 79 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յուլիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 34 դիմումի, մինչ մայիս եւ յունիս ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 45 պարագայ:

Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 16 զոյգեր, որոնցմէ 14-ը պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:

Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած 20 պարագաներէն 19-ը արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:

Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 1 նորածին, 2 հազար ամ. տոլար:

Այս ձեւով մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 79 հայեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

—————————————————————–

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ|ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ
ՊԻՔՖԱՅԱ
7-11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ եւ սրբազնագոյն հայրապետին ու կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու Հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

Երկուշաբթի, 7 օգոստոս 2017
Նիւթ` «Կիլիկեան Հայաստանի վանքերը»,
Կը ներկայացնէ` Հոգշ. Տ. Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան

Երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2017
Նիւթ` «Կիլիկեան Հայաստանի ուխտավայրերը»
Կը ներկայացնէ` Հոգշ. Տ. Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեան

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017
Նիւթ` «Պատմական Հայաստանի ուխտատեղիները»
Կը ներկայացնէ` Հոգշ. Տ. Հեթում աբղյ. Տաղլեան

Հինգշաբթի, 10 օգոստոս 2017
Նիւթ` «Սուրբ Մակարայ վանքը» (Կիպրոս)
Կը ներկայացնէ` Հոգշ. Տ. Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան

Ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017
Նիւթ` «Ուխտի հասկացողութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ»
Կը ներկայացնէ` Հոգշ. Տ. Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան

* * *

ԾԱՆՕԹ.-

Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:

 

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ՈՒԽՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳ 7-10 ՕԳՈՍՏՈՍ

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբթուան առիթով, 7-10 օգոստոս 2017-ին, ամէն երեկոյ ժամը 8:00-ին պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Երկուշաբթի, 7 օգոստոս 2017
Պիտի պատարագէ` Հոգշ. Տ. Աշոտ աբղյ. Խաչատուրեան

Երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2017
Պիտի պատարագէ` Հոգշ. Տ. Հեթում աբղյ. Տաղլեան

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017
Պիտի պատարագէ` Հոգշ. Տ. Օշին աբղյ. Չուալերթանեան

Հինգշաբթի, 10 օգոստոս 2017
Պիտի պատարագէ` Հոգշ. Տ. Լեւոն աբղյ. Եղիայեան

ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբթուան առիթով, ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ին`

– Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի կատարուի ԱՂՕՐՀՆԷՔ` ի պատրաստութիւն մատաղի:
– Ոչխարներու զենում` կէսօրուան ժամը 1:00-ին:
–  Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հսկում` երեկոյեան ժամը 7:30-ին:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Այսու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին վանքի հիմնադրութեան 65-ամեակին առիթով, օրհնութեամբը Սուրբ Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ եւ սրբազնագոյն կաթողիկոսին, ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ին, տեղի պիտի ունենայ ուխտերթութիւն մը, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք:

Սոյն ուխտերթութեան նպատակն է` Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն, իմաստութիւն եւ երկնառաք օրհնութիւն հայցել ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, աշխարհի ղեկավարներուն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց, մեր բանակին, մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ մեր զաւակներուն համար:

Ուխտերթութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն:

Ձեր մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ եւ մեր կեանքերը Քրիստոսով այլակերպելու վճռակամութեամբ ու փափաքով, բարձրանանք այն լեռը, ուր պիտի հանգչի մեր սիրտն ու հոգին:

Ուխտերթութեան աւարտին, իրիկուան շուրջ ժամը 11:00-ին, հանդիսապետութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ եւ սրբազնագոյն կաթողիկոսին, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր «Անդաստան», ապա վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ հայրապետական իր պատգամը, որմէ ետք բոլոր ներկաները պիտի ստանան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Աւարտին` հիւրասիրութիւն:

ՇԱԲԱԹ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

– Առաւօտեան Ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան Ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ

Ս. պատարագին երգեցողութիւնը պիտի կատարէ`
կաթողիկոսարանի «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբը,

ղեկավարութեամբ`
Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի

Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ ժողովուրդին հայրապետական իր պատգամը պիտի ուղղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի պիտի ունենայ
ԽԱՂՈՂի եւ ՄԱՏԱՂի օրհնութիւն:

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի պիտի ունենայ
ԽԱՂՈՂի օրհնութիւն:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

ՄԵՌԵԼՈՑ

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի` նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ սիրոյ սեղան` մասնակցութեամբ միաբանութեան, կաթողիկոսարանի տիկնանց յանձնախումբին, բանկալին եւ դպրեվանքի սարկաւագներուն:

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Անոնք, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար, խաղող կամ փոխան մատաղի կամ խաղողի նուիրատուութիւն կատարել ուխտի օրուան առիթով, պէտք է ամէնէն ուշը մինչեւ ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ի կէսօր, իրենց նուէրները յանձնեն Անթիլիասի մայրավանքը կամ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը:

Հեռաձայն.-
Անթիլիաս` 04 410 001/3, 04 523 461/2
Պիքֆայա` 04 983 634/5

—————————————————————–

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ
7-11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, «Տպարան Տօնիկեան»-ի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:

—————————————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԵՐԿԻՐ ՈՒ ԵՐԿԻՆՔ»

Բանաստեղծութիւններ, խոհեր, աղօթքներ եւ թարգմանութիւններ

Հեղինակ` ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ

Տպարան` ԷՏԻԹ ՓՐԻՆԹ

Երեւան, 2017

*

«ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՑՈԼՔԵՐ»

Հեղինակ` ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

լեզուական սրբագրիչ` ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Հրատարակութիւն` Տպարան Զաւէն եւ որդիք

Պէյրութ, 2017

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԻՑ

Երեւանի կից, Եղուարդ քաղաքին մէջ, 10 հեկտար հողատարածք` լիբանանեան «Կարտենիա Լեպընիզ ֆարմզ» ընկերութեան մօտ: Դիմել` WhatsApp կամ Viber +374-93-499105, պրն. Համլեթին:

—————————————————————–

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Մզհերի շրջան, 145 քառ. մեթր, կահաւորուած, 3-րդ յարկ + վերելակ + կառատուն, գեղատեսիլ դիրք: Հեռ. 03-136187:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>