Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (14 Օգոստոս 2017)

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Ցոլակ Ապտալեան
Տէր եւ տիկին Սեւակ Ապտալեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ Ապտալեան
Տէր եւ տիկին Անդիկ Մաւիսագալեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Թորոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Չիֆճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Մաթիկ Մաւիսագալեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ռոպըրթ Ապտալեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Ների եւ Չիլինկիրեան ընտանիքներ
Կասեան ընտանիք (Ֆրանսա)
Գասըմեան եւ Թումանեան ընտանիքներ (Հայաստան)
Ճէմճէմեան ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Թորոս եւ Կեցոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՇԱՔԷ ԱՊՏԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 օգոստոս 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` երեքշաբթի, 15 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին տեղւոյն վրայ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ:

—————————————————————–

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,

Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:

Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

—————————————————————–

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`

Օրդ. Անի Մանուկեան (Աւստրալիա) 50$

—————————————————————–

ԾԱ­ԽՈՒ ՀՈ­ՂԱ­ՇԵՐՏ

Պո­լոն­իա­յի շրջան, Պո­լոն­իա-Մրուժ մայր ճամ­բէն
50 մեթր ներս, 1550 քառ. մեթր, շի­նու­թեան իրա­ւունք
25/60 Լեռ­նա­յին տե­սա­րան: Դի­մել` հեռ. 03-134891:

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Սիսի շրջան, 50 քառ. մեթր, 2-րդ յարկ: Դիմել` 03-775815:

—————————————————————–

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>