Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (19 Օգոստոս 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր նախկին ընկերներէն

ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՔՈՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 18 օգոստոս 2017-ին, Հայաստանի մէջ:

—————————————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարալ Շոքոյեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Սօսի Չիւրիւքեան եւ զաւակը` Հրայր
Տիկին Անուշ Շոքոյեան
Տիկին Սիրվարդ Սիմոնեան
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Մարալ Չիւրիւքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Մարինա Սիմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիւզի Սաքայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անտրէ եւ Նելլի Պրենտ եւ զաւակը
Շոքոյեան եւ Չիւրիւքեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Ջուլճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին, փեսային եւ հարազատին`

ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՔՈՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 18 օգոստոս 2017-ի առաւօտեան, Հայաստանի մէջ, սրտի կաթուածի պատճառով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Քանաքեռ-Զէյթուն, Երեւանի մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆի նահատակութեան 24-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 օգոստոս 2017-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՇՈՂԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆի (ծնեալ` ՀԱՆՏԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 օգոստոս 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————————————–

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,

Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:

Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

—————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Կանացի հագուստի հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, իր ցուցասրահին համար կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու, նաեւ հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 70-032666:

—————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ

Պուրճ Համուտ, Մեսրոպեան վարժարանին մօտ, 56 քառ. մեթր, երկյարկանի, 2 ցուցաբեղկով + կառատուն: Հեռ. 03-561818, պրն. Էլիին:

—————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Սիսի շրջան, 50 քառ. մեթր, 2-րդ յարկ: Դիմել` 03-775815:

—————————————————————–

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles