ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէն կը գուժէ իր հաւատաւոր եւ վաստակաշատ նախկին հերթապահին`
ՄՈՒՐԱՏ ԷՔՄԵՔՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 29 օգոստոս 2017-ին:
—————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Էլիզ Յարութիւնեան
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Օլկա Համբարձումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սիլվա Ներսէս եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Արա եւ Սեդա Յովսէփեան եւ ընտանիք
Տիկին Թագուհի Էքմեքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կերի եւ Սիրուն Սահակեան եւ ընտանիք
Տիկին Մարի Փանոսեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Թոնի եւ Թամար Քատի եւ ընտանիք
Տիար Յակոբ Խանճեան եւ ընտանիք
Տիկին Արշալոյս Մխցարթինեան եւ զաւակունք
Տիկին Զուարթ Զիլիֆեան եւ զաւակունք
Էքմեքճեան եւ Յարութիւնեան ընտանիքներ
Համբարձումեան եւ Ներսէս ընտանիքներ
Յովսէփեան եւ Սահակեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Քատի ընտանիքներ
Մխցարթինեան եւ Զիլիֆեան ընտանիքներ
Խանճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՄՈՒՐԱՏ ԷՔՄԵՔՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 29 օգոստոս 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 30 օգոստոս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ժիպէյլի Ս. Յովհաննէս-Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ժիպէյլի «Անթաշ» սրահին մէջ, իսկ հինգշաբթի, 31 օգոստոս եւ ուրբաթ, 1 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ժիպէյլի Հայկական ակումբին մէջ:
—————————————————————-
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ` ՊՈԼՈՆԻԱՅԻ ՄԱՈՒՆԵԹ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք Պոլոնիայի եւ Մրուժի մեր ազգայիններուն, որ կիրակի, 3 սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Պոլոնիայի Մաունեթ եկեղեցւոյ մէջ:
Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Սկիզբ Ս. պատարագի` | ժամը 11:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 12:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու օրուան սուրբ խորհուրդին:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————-
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ
Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբ
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով
Զեկուցական Հանդիպում
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐԶԵՐԸ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Զեկուցաբերներ`
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
(ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ)
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
(Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու)
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
Երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,
«Ազդակ»-ի ,Փիւնիկե սրահին մէջ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
Հրաւէր
—————————————————————-
«Վանայ Ձայն»-էն Ունկնդրեցէք
Image may be NSFW.
Clik here to view.«Տարեդարձներ» յայտագիրը ամէն չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Ծննդեան եւ մահուան ամեակներու նշումով կը ներկայացնենք ազգային գործիչներու, արուեստագէտներու եւ կուսակցական դէմքերու մասին վկայութիւններ, կենսագրական գիծեր, ինչպէս նաեւ անոնց մասին կը կատարենք ընթերցումներ:
Առաջին յայտագիրով` ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
«Տարեդարձներ» յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը:
—————————————————————-
Կրթական Տարեմուտ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի
Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-2:00:
Արձանագրութեան համար ներկայացող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ 2 լուսանկար, անձնաթուղթի լուսապատճէն, վիճակացոյց, բժշկական հաստատագիր, պետութեան կողմէ վաւերացուած փոխանցման գիր:
Տարազներու եւ դասագիրքերու վաճառքը կը սկսի 1 սեպտեմբերին:
Պաքալորէայի բաժինը օժտուած է ընկերատնտեսական եւ կենսաբանական զոյգ բաժանմունքներով:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2017-2018 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
– Պրէօվէի եւ պաքալորէայի դասարաններ
Երկուշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2017
– Միջնակարգ եւ երկրորդական
Արուեստից բաժանմունք (BT1, BT2, BT3)
Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017
– Նախակրթարան
Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017
– Մանկապարտէզ` Կոկոն եւ Ծաղիկ
Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017
Բողբոջ
Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017
– Առաջին զանգ եւ կրթական անդրանիկ տարեշրջանի հանդիսաւոր բացում
Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2017
– Մանկամսուր
Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017
—————————————————————-
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ)
Հեռաձայն` 01-891068 եւ 01-891099
2017-2018 Տարեշրջանի Արձանագրութիւններ
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2017 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2017 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին վարժարանիս մէջ պիտի բացուին «յետդպրոցական սերտողութեան» դասարաններ:
ԾԱՆՕԹ.- Փափաքողները կրնան դիմել տնօրէնութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,
Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:
Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:
Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
—————————————————————–
ԾԱԽՈՒ Է
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր,
Ա.- յարկաբաժին մը, 2-րդ յարկ, մայր ճամբու վրայ:
Բ. Խանութ մը:
Դիմել` հեռ. 03-427896:
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը, նաեւ ինքնաշարժի վարորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-745464:
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
JAVA հաստատութիւնը կարիքը ունի հայ երիտասարդ պաշտօնեաներու 22-էն 30 տարեկան: Հեռ. 01-502329 :