ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Լաուրա Հայրապետեան եւ զաւակունք
Տիար Ժաք Հայրապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարալ Գույումճեան եւ զաւակները` Ռինա եւ Միսաք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Հուրի Հայրապետեան եւ զաւակը` Հրակ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Քէշիշեան եւ զաւակները` Սարին եւ Սերժ
Տիկին Գարուն Հայրապետեան եւ զաւակունք
Տիկին Անժել Միսիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սագօ Հայրապետեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Նիքոս եւ Էվիթա Աքիլլէոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քոսթաս եւ Նայիրի Եանկու եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քերիմ եւ Վերա Մալիք
Հայրապետեան եւ Ճապրայեան ընտանիքներ
Միսիսեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Սապունճեան ընտանիքներ
Աքիլլէոս եւ Եանկու ընտանիքներ
Մալիք ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, ներոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՈՎՍԱՆՆԱ (ՎԵՐԺԻՆԻ) ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃԱՊՐԱՅԵԱՆ, 1928-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յայսօր՝ ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ,
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցին:
—————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Թուլա-Քաթրինա Ռամա-Խանճեան
Տէր եւ տիկին Ժան-Սեպաստիան Խանճեան եւ զաւակունք
Ճոն-Ատամ Խանճեան
Նոյեմի-Ժուանա Խանճեան
Տէր եւ տիկին Յովակիմ Օննիկ Խանճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր (Կրեկորի) Օննիկ Խանճեան եւ ընտանիք
Դասիթօ Ռամա եւ ընտանիք
Փաուլա Գորքալէյնին Ռամա եւ ընտանիք
Քրիսի Ռամա եւ ընտանիք
Խանճեան եւ Ռամա ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊԵՐՃ ՕՆՆԻԿ ԽԱՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1942-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 9 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————-
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
Տիար Եսայի Եսայեան
Տէր Եւ Տիկին Սամուէլ Եւ Հելեն Խայեաթ
սիրով կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու իրենց որդւոյն եւ դստեր`
ՌԱԶՄԻԿի եւ ՌՈՒՊԻՆԱի
Ս. Պսակի Պաշտամունքին
Շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցի-Քանթարի:
Փեսեղբայր` Պրն. Գալէ Եսայեան
Հարսնքոյր` Օրդ. Փաթիլ Եսայեան
Ընդունելութիւն եւ շնորհաւորութիւն` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
—————————————————————-
ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆՆԵՐՈՒ
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ, Այնճար:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————-
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ`
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղյ. Նաճարեան
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ լսելու հայր սուրբին պատգամը:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱԼԵՔՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՐԱՉ ՕՀԱՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԱՀԷ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ՉԱԳԸՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վանքի Ս. Ռիթա եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ԵՂԻՍԱԲԷԹ ՇԱՀԻՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 սեպտեոբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————-
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,
Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:
Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:
Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
—————————————————————–
Մուսալերան Հերոսամարտի
102-Ամեակի
Ձեռնարկներու Շաբաթ
Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր, 2017
«Ռուբէն Նաքեան» գեղարուեստի ակադեմիայի բացում` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ռուբէն Նաքեան» ակադեմիայի շրջափակին մէջ:
Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2017
Տօնավաճառի բացում` կազմակերպութեամբ Այնճարի փառատօնի վարչութեան
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ:
Աւանդական տոհմիկ երեկոյ կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:
Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր, 2017
Ժողովրդային տօնախմբութիւն պատգամախօս` ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ
Գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ` հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ ՍԵՒԱԿ ԱՄՐՈՅԵԱՆի
Աշուղական երգերու մեկնաբան ԳԱՐՄԷՆ ԱՃԷՄԵԱՆի
Համազգայինի «Քնար» պարախումբին եւ տհոլահարներու համոյթին Մուսալերան աւանդական թմբուկ-զուռնային
Միաժամանակ տեղի պիտի ունենայ նաեւ մատաղի պատրաստութիւն, կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մուսալերան յուշարձան համալիրին շրջափակին մէջ:
Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-Ի Առաւօտեան
Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————————————-
Յայտարարութիւն
«Աքսոր Գասարճեան» Համալսարանական Ֆոնտը 2017-2018 Տարեշրջանի Համար Որոշած Է Կրթանպաստ Տրամադրել:
Դիմումնագիրները Կրնաք Ստանալ Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2017-Էն Սկսեալ ԱՖՀԻԼ-Ի Գրասենեակէն, «Արին» Շէնք, 3-Րդ Յարկ:
Մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2017 Պէտք Է Դիմումնագիրները Իրենց Ամբողջական Թղթածրարով Ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:
Առաջին Տարուան Ուսանողները Կրնան Դիմել:
Մանրամասնութեան Համար Կապուիլ ԱՖՀԻԼ-Ի Գրասենեակ, Հեռ. 01242556-57:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ» ՀԱՅ
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
—————————————————————-
Հայ Աւետարանական Գոլէճ
Հիմնուած 1923-ին
Հայկազեան համալսարանին կից
Հեռ. 01-349816, ե-նամակ` a_e_c@cyberia.net.lb
2017-2018
95-րդ Տարեշրջանի Վերամուտ
Քաղաքի Հայ աւետարանական գոլէճը կը շարունակէ ընդունիլ ծիլէն մինչեւ 12-րդ դասարան դիմող աշակերտներ:
Նորեկ աշակերտներուն դիմումները կ՛ընդունուին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:00, նախընտրաբար ժամադրութեամբ:
Կրթանպաստ պիտի տրամադրուի ուսումնապէս փայլուն, բայց նիւթապէս կարիքաւոր աշակերտներու:
Երեքշաբթի, 19 եւ չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան վերաքննութիւնները եւ մուտքի քննութիւնները:
Արձանագրութիւնները պիտի կատարուին ուրբաթ 22 եւ երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին ժամը 8:30-էն 12:30:
Փոխադրամիջոցները ապահովուած են ԲՈԼՈՐ շրջաններուն համար:
Վերամուտ
9-րդ եւ 12-րդ դասարան` հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017,
Նախակրթարանի Ա.էն երկրորդականի 11-րդ` երեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2017
Մանկապարտէզ` երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
Հայ Աւետարանական
Թորոսեան Վարժարան
2017-2018 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւններ
Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը պիտի շարունակէ իր կրթական առաքելութիւնը` մանկապարտէզէն մինչեւ իններորդ կարգերը: Նաեւ պիտի շարունակուի դպրոցէն ետք BZ KIDZ յայտագիրը, ուր աշակերտները իրենց տան պարտականութիւնը կը պատրաստեն յատուկ օգնականներու հետ:
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին հին թէ նոր աշակերտներու համար, ամէն օր բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն, ժամը 9:00-1:00:
Վերամուտի թուականներ.
9-րդ կարգ – 12 սեպտեմբեր
1-էն 8-րդ կարգեր – 26 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ – 3 հոկտեմբեր
Կը խնդրենք նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներէն 26 սեպտեմբերի առաւօտը, իսկ մանկապարտէզի աշակերտներուն ծնողներէն 3 հոկտեմբերի առաւօտը իրենց զաւակներուն հետ ներկայանալ դպրոց առաւօտեան ժամը 8:00-ին` միասնաբար պաշտամունքով սկսելու տարեշրջանը, ապա ստանալու հիմնական ցուցմունքները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Քոլեճ
2017-2018 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւնները
– Արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:
– Սղաճի եւ նոր տուրքերու պատճառած մտահոգութիւններուն դիմաց, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճը կը մնայ հայ ընտանիքին կողքին:
Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան որոշումով, 2017-2018 կրթական տարեշրջանի կրթաթոշակը կը մնայ անփոփոխ` միայն 750.000 լ. ո. (500 ամ. տոլար):
– Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ անցնող տարեշրջանի պետական քննութիւններուն մեր քոլեճի սաներուն յաջողութիւնը 100 առ հարիւր էր:
– Որակեալ ուսումի, հայեցի դաստիարակութեան եւ գուրգուրալից կրթութեան հասցէն` Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճ:
Հեռաձայն` 01-492726 եւ 03-792812:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, նորակառոյց շէնք, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 բաղնիք, 3 պատշգամ, վերելակ + կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-614934:
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը, նաեւ ինքնաշարժի վարորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-745464:
—————————————————————–
ՎԱՐՁՈՒ Է
Ոսկերչատուն մը, Պուրճ Համուտի մէջ, 150 քառ. մեթր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-360542:
—————————————————————–