Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (15 Սեպտեմբեր 2017)

$
0
0

Խաչվերացի Տօնին Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի
102-Ամեակին Առիթով

Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Պիտի Պատարագէ Ու Քարոզէ`

Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Եպս. Փանոսեան
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2017-ին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն ժամը ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրուի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————-

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,

Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:

Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

—————————————-

Մուսալերան Հերոսամարտի
102-Ամեակի
Ձեռնարկներու Շաբաթ

 

Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2017
Տօնավաճառի բացում` կազմակերպութեամբ Այնճարի փառատօնի վարչութեան

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ:

Աւանդական տոհմիկ երեկոյ կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր, 2017
Ժողովրդային տօնախմբութիւն պատգամախօս` ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ

Գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ` հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ ՍԵՒԱԿ ԱՄՐՈՅԵԱՆի

Աշուղական երգերու մեկնաբան ԳԱՐՄԷՆ ԱՃԷՄԵԱՆի

Համազգայինի «Քնար» պարախումբին եւ տհոլահարներու համոյթին Մուսալերան աւանդական թմբուկ-զուռնային

Միաժամանակ տեղի պիտի ունենայ նաեւ մատաղի պատրաստութիւն, կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մուսալերան յուշարձան համալիրին շրջափակին մէջ:

Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-Ի Առաւօտեան
Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի:

ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

—————————————-

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը այսու կու գայ տեղեկացնելու, թէ 4 սեպտեմբեր 2017-ին «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան հայկական կեդրոնը վերաբացաւ իր դռները` թեւակոխելով աշխատանքի 31-րդ տարեշրջանը:

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ տնօրէնուհի ՎԱՐԴԻ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ հմուտ առաջնորդութեամբ մասնագէտներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ պաշտօնէութիւն` միակամ լծուած են իրագործելու կեդրոնիս առաքելութիւնը:

Համոզուած ենք, որ ինչպէս մինչեւ օրս, յառաջիկային եւս մեր ազգի զաւակները պիտի շարունակեն իրենց սէրն ու գնահատանքը արտայայտել` նեցուկ կանգնելով իր տեսակին մէջ իւրայատուկ «Զուարթնոց» դաստիարակչական կեդրոնին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

—————————————-

ԱՖՀԻԼ

Յայտարարութիւն

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2017-2018 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:

Դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն կամ ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն` www.afhil.com, university fund application բաժանմունքէն:

Մինչեւ 25 հոկտեմբեր 2017 դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով պէտք է ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:

Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

ԱՖՀԻԼ-ի անդամները բնականաբար կ՛օգտուին յատուկ դիմումնագիր մը լեցնելով:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, հեռ. 01/242556-57:

ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ

—————————————-

ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Քոլեճ

2017-2018 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւնները

– Արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:

– Սղաճի եւ նոր տուրքերու պատճառած մտահոգութիւններուն դիմաց, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճը կը մնայ հայ ընտանիքին կողքին:

Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան որոշումով, 2017-2018 կրթական տարեշրջանի կրթաթոշակը կը մնայ անփոփոխ` միայն 750.000 լ. ո. (500 ամ. տոլար):

– Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ անցնող տարեշրջանի պետական քննութիւններուն մեր քոլեճի սաներուն յաջողութիւնը 100 առ հարիւր էր:

– Որակեալ ուսումի, հայեցի դաստիարակութեան եւ գուրգուրալից կրթութեան հասցէն` Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճ:

Հեռաձայն` 01-492726 եւ 03-792812:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7-8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>