—————————————————————————-
ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ
Մինչեւ կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 36-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ
Մի՛ փախցնէք այցելութեան ձեր միակ ու վերջին առիթը:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Պօղոս Էքշեան
Տէր եւ տիկին Ռոպեր եւ Թալին Էքշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Ռոզիկ Յովսէփեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռապիհ եւ Թամար Խուրի եւ զաւակունք
Տիկին Մայրանուշ Սէֆէրեան եւ զաւակունք
Տիկին Եղիսաբէթ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տիկին Սօսի Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Էքշեան եւ զաւակունք
Տիար Ժիրայր Էքշեան
Տէր եւ տիկին Պետրոս Էքշեան եւ զաւակունք
Տիկին Ազնիւ Յովսէփեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Էքշեան եւ զաւակունք
Օրդ. Ժանէթ Յակոբեան
Մկրտիչեան եւ Էքշեան ընտանիքներ
Յովսէփեան եւ Խուրի ընտանիքներ
Շերնեզեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Զաքարեան եւ Մահտէսեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան եւ Սվաճեան ընտանիքներ
Ճամպազեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Շհատի եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Տէօվլէթեան եւ Սիւմպիւլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԻՐՎԱՐԴ ԷՔՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ, Պէյրութ, 1942-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հինգշաբթի, 29 եւ ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն հոգիներու համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին:
Նախագահութեամբ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազիրեան» ակումբին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՃԻՏԱՊՈՒՐ
+ ԱՂՑԱՆ
Գին` 18.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
(Հայերէն եւ Անգլերէն)
ՀԱՏՈՐ ԼԵ.
Հայկազեան համալսարանի
հայագիտական Ամպիոն
Տպագրութիւն`
Գրիգոր Անթունեան
Պէյրութ, 2015
—————————————————————————-
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄԱՆՈՍԻ – ԼԱՓԱՃԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կու գանք յայտարարելու, թէ Լափաճի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունիլ 2015-2016 տարեշրջանի լափաճցի սաներու դիմումները:
Կը խնդրուի մեր հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս, մինչեւ 5 նոյեմբեր, ամէն հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միութեանս տան մէջ, Ամանոս:
Ընդունման վերջին պայմանաժամն է վերոյիշեալ թուականը, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարեյաջող տարեշրջան:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Երկու ցուցափեղկով: 90 քառ. մեթր, «Պանք Սիրի Անտ Լիպան» դրամատան մօտ: Դիմել` հեռ. 03-347510:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Պէյրութի մէջ ֆրանսական ճաշարան մը կարիքը ունի պաշտօնեաներու` հետեւեալ պաշտօններուն համար. Waiter, Runner, Barista: Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-985207 թիւին «Սի. Վի.»-ն ղրկել E-Mail: recruitmentbc2015@gmail.com
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի
ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
26 ԵՒ 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
45-ԱՄԵԱԿԻ ԿԱԼԱ ԸՆԹՐԻՔ
«ԼԸ ՌՈՅԱԼ» ՊԱՆԴՈԿ, ՏԸՊՊԱՅԷ:
28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
11 – 12 – 13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀԵՀՈՄ)
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
11, 12, 13, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015