ՄԱՀԱԶԴ
Ժան եւ Քեթի Պօղոսեան
Ռոպերթօ, Ռալֆ եւ Ռոնալտ Պօղոսեաններ
Նախկին նախարար տէր եւ տիկին Ղասսան եւ Մերի Սալամէ եւ զաւակները` Հալա-Լէա եւ Լունա
Տէր եւ տիկին Նասրի եւ Քրիսթիան Շամիի եւ զաւակները` Անթոնի եւ Անտրէ
Տէր եւ տիկին Ալպեր եւ Մոժկան Ազմայեշ եւ զաւակները` Տալիա եւ Նիքոլաս
Հանգուցեալ Օքթաւիա Ժոզեֆ Թամպուրժիի զաւակները
Հանգուցեալ Ժոզեֆ Ասիունիի զաւակները
Հանգուցեալ Հորթանս Ռազեք Աքատի զաւակները
Պօղոսեան եւ Ասիունի ընտանիքներ
Սալամէ եւ Շամի ընտանիքներ
Ազմայեշ եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Մարշա եւ Սաուայա ընտանիքներ
Ֆարաճեան եւ Շամանտի ընտանիքներ
Տը Սատըլեր եւ Կլուքսման ընտանիքներ
Տը Մոնֆերան, Խէյր եւ Ֆալկաս ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, կեսրոջ եւ հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ՌՈՊԵՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՍԻՈՒՆ)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 18 նոյեմբեր 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հայ կաթողիկէ Թահուիթա-Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նայիրի Քէշիշեան
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Սեզա Յովակիմեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Նինա Գաբլանճեան
Տիար Սեպուհ Քէշիշեան
Տիկին Ռուպինա Չատըրճեան
Քէշիշեան եւ Չատըրճեան ընտանիքներ
Ովքիանեան եւ Ասիլեան ընտանիքներ
Ճիզմէեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 22, հինգշաբթի, 23 եւ ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը` Տհուր Զալքա «Լըպոս ու Շարթունի» շէնք:
—————————————-
Այսօր՝ «Վանայ Ձայն»-էն
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, 200 քառ. մեթր, 3-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 71-866226:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ
Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր,
3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ,
լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր,+ անձնական կառատուն:
- Գեղատեսիլ դիրք:
Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր,
Հարպոյեան շէնքերու կից:
Դիմել հեռաձայն. 04-718528 կամ 03-645972 թիւերուն
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Կիլիկիա թաղ, 22 քառ. մեթր, + ձեղնայարկ, + տեքորով + բաղնիք:
Հեռ. 01-242957 կամ 03-470985:
—————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869 կամ 01-680715:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
1, 2 եւ 3 դեկտեմբեր
«Արցախ ֆոնտ»-ի
«ԱՐՑԱԽԵԱՆ» տօնավաճառ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
7-8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ. 03/905441 ԵՒ 70/962747
—————————————-
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՈՒՐԲԱԹ 15, ՇԱԲԱԹ 16 ԵՒ
ԿԻՐԱԿԻ 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇ – (BRUNCH)
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ