Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (6 Յունուար 2018)

$
0
0

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին.

– Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

– Յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————-

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն ու Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին շաբաթ, 6 յունուար 2018, կէսօրուան ժամը 12.00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ|
ԴԻՒԱՆ

—————————————-

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական իր պատգամը տայ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ժամերգութիւն`                              ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ`                               ժամը 10:00-ին
Քարոզ`                                           ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք`                                      ժամը 11:30-ին

Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

Ծանօթ.- Ս. պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00: Իսկ յաջորդ օր` կիրակի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00:

Յայտնենք, որ ԽԹՄԱՆ երեկոյին` հինգշաբթի, 5 յունուար 2018-ին, Ճրագալոյցի Ս. պատարագը պիտի մատուցուի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Իսկ կիրակի 7 յունուարին, Մեռելոց յիշատակին, դարձեալ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

—————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————-

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Էշրեֆիէ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018 ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին
– Սկիզբ ժամերգութեան` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին
– Ընթերցուածներու ընթերցում` ժամը 3:30-ին
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 4:00-ին

ՇԱԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018
Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին:
Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ կը քարոզէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հայորդիները` ներկայ գտնուելու հոգեպարար շարականներուն եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս շնորհաբեր տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ԱԲՂՅ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`             ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ`                          ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ ջրօրհնէք`                 ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ
ՊԱՏԱՐԱԳ

Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`             ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ`                          ժամը 10:00-ին
Քարոզ`                                      ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք`                                 ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին ու ջրօրհնէքին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ ջրօրհնէքը կատարէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ`  ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք`  յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին

Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ դպրեվանքի տեսուչ

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ`      ժամը 9:30-ին
Քարոզ`    ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ 6 յունուար 2018-ին Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզԷ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`             ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ`                          ժամը 9:30-ին
Քարոզ`                                      ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք`                                 ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար սուրբ արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԾԱՆՕԹ.- Ս. պատարագէն ետք, ընկերակցութեամբ «Փոքրերու աշխարհ» խումբին, եկեղեցւոյս տիկնանց միութիւնը փոքրիկներուն պիտի բաժնէ նուէրներ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ ճաշի տօնավաճառ` եկեղեցւոյ բակը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԵՒ
ԶԱԼՔԱՅԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Այս շնորհաբեր առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

– Սկիզբ ժամերգութեան`          ժամը 8:00-ին
– Ս. պատարագ`                       ժամը 9:30-ին
– Քարոզ`                                   ժամը 10:30-ին
– Ջրօրհնէք`                              ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:

ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀԵԹՈՒՄ ԱԲՂՅ. ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ

—————————————

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԶԱԼՔԱ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

ՈՒՐԲԱԹ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018            ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՐԲԱԹ

Ժամը 10:30-ին     Սիրտ Յիսուսի նուիրուած Ս. պատարագ

ՇԱԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018                ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ժամը 8:30-ին      Թիւ Ս. պատարագ
Ժամը 10:30-ին  Ձայնաւոր Ս. պատարագ

Հանդիսապետութեամբ` ԱՐՀԻ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
օգնական եպիսկոպոսի

Յիսուսի կնքահայր` ԱՒՕ ՎԱՉԷ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Յետ Ս. պատարագի` հիւրասիրութիւն (Galletes des Rois եւ վիճակահանութիւն

ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018              ՕՐ ՄԵՌԵԼՈՑ

Ժամը 8:30-ին  Թիւ Ս. պատարագ
Ժամը 10:30-ին Ձայնաւոր Ս. պատարագ

Հոգեհանգստեան պաշտօն ժողովրդապետութեան 2017-ին վախճանած ննջեցեալներուն հոգիներուն հանգստեան համար

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՏԼԵՆ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին եւ ՀԱՅԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի մահուան ԺԹ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԳԱՐԱՊԱՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆի (ծնեալ` ԱՐԹԻՆԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

—————————————

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Բուժարանիս խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուս, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար, զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել` հետեւեալ ձեւով.

Կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, բուժարանը ապաստանեալներու պարագաներուն տրամադրութեան տակ պիտի դնէ իր մինի պասերը: Փափաքողները ճամբայ պիտի ելլեն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: Երթուդարձը` անվճար:

Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիին առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ շաբաթ, 6 յունուար 2018: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
Պէյրութի գրասենեակ 01-248851 / Whatsapp 81-287735
Բուժարան-Ազունիէ 05-220405

—————————————-

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ-ՀԱՅԱՇԷՆ

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Սիրով կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, ապա պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:

Այն ուխտաւորները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապուիլ թաղականութեան հետեւեալ թիւերուն` 01-328474 կամ 01-328487:

ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է եկեղեցի հասած ըլլան ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ

—————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժ վարող երիտասարդի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767:

—————————————-

ՎԱՐ­ՁՈՒ ՅԱՐ­ԿԱ­ԲԱ­ԺԻՆ

Ան­թի­լի­աս-Մզ­հեր, «Կա­րին II», 2-րդ յարկ, 3 նն­ջա­սե­նե­ակ, հիւ­րա­սե­նե­ակ,
2 բաղ­նիք, գե­ղա­տե­սիլ վայր + վե­րե­լակ + կա­ռա­տուն: Դի­մել` հեռ. 03-772072:

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Գ. ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԽՐԱԽՃԱՆՔ

10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՃԱՇ – (BRUNCH)

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>