Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը այս տարի կը զուգադիպի կիրակի, 28 յունուար 2018-ին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ աւանդական մատաղի օրհնութիւն եւ տօնախմբութիւն:
Բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք երեք օրուան ծոմապահութեան մէջ են, Ս. հաղորդութիւն պիտի ստանան չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար պիտի նուիրեն կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին գրասենեակը, քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻ
Նկատի ունենալով, որ վերջին քանի մը տարիներուն, ժողովուրդին մօտ ընդհանրապէս եւ երիտասարդութեան մօտ յատկապէս, թատրոնի ու թատրերգութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը աճ արձանագրած է, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը ձեռնարկեց թատերական աշխատանոցի մը մշակման: Աշխատանոցին նպատակն է լիբանանահայ թատերական կեանքին մաս կազմող սիրողական դերասաններուն առիթ ընծայել` հետեւելու Լիբանանի թատերական մարզի հանրածանօթ թատերական մասնագէտներու դասընթացքներուն ու կարճ ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգել մասնագիտական գիտելիքներ եւ հմտութիւն:
Յոյսով ենք, որ բոլոր թատերասէրները եւ լիբանանահայ թատերախումբերուն դերասանները կը միանան այս աշխատանոցին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի
«ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ
(WORKSHOP)
ԾՐԱԳԻՐԸ Կ՛ԸՆԴԳՐԿԷ.
– Միջազգային եւ հայկական թատրոնի պատմութիւն (Վաչէ Ատրունի)
– Երաժշտութիւն եւ թատրոն (Լանա Ատրունի)
– Բեմական խօսք եւ առոգանութիւն (Վարդան Մկրտիչեան)
– Շնչառութիւն եւ relaxation (Շատի Զէյն)
– Mime եւ մարմնաշարժում (Այտա Սապրա)
– Stanislavski (Միշել Ժապըր)
– Improvisation (Հրայր Գալեմքէրեան)
– Թատերական աշխատանոցին կրնան մասնակցիլ լիբանանահայ թատերախումբերու 18 տարիքը բոլորած դերասաններ, ինչպէս նաեւ թատերասէրներ:
Տեւողութիւն` 3 ամիս
Վայր` «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն (Պուրճ Համուտ)
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03/938953 կամ 03/799472 թիւերուն:
—————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
Դաստիարակչական յանձնախումբին
Դասախօսութիւն`
ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅՑԸ
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆ-ԳԱՊԱՔԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
—————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՊԱՐԶ ԽՕՍՔԵՐ»
(Յօդուածներ, էսսէներ)
Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Գիրքը հրատարակուած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին մեկենասութեամբ:
Հրատարակութիւն` «Զանգակ-97» տպարանի
Երեւան – 2018
—————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վաճառատուն մը կարիքը ունի փորձառու քարտուղարուհիի մը, անգլերէնի իմացութիւնը եւ համակարգիչ գործածել գիտնալը` պայման:
Դիմել` հեռ. 71-885565:
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Տըքուանէի շրջան, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 բաղնիք եւ յարակից մասեր, ամսական 600$:
Դիմել` հեռ. 01-265359:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Գ. ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԽՐԱԽՃԱՆՔ
10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇ – (BRUNCH)
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018