ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Այս տարի Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը կիրակի, 28 յունուար 2018-ին է: Սուրբին անուանակոչութեան եւ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ թուականին:
Մեր կրօնական կանոններուն եւ ազգային աւանդութեանց համաձայն, պիտի պատրաստուի ուխտի մատաղ /ճիտապուր/` անցեալ տարիներուն պէս:
Առ այդ, ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար (արու-անարատ) պիտի նուիրեն կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին գրասենեակը քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:
ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է բերել առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթ, 27 յունուար, առաւօտեան ժամը 10:00:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————-
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 26 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբ եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Դասախօսական 4-րդ շարքին երկրորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Նիւթ`
«ԱՐԵԱՆ ԳԵՐՃՆՇՈՒՄ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԱՐՏԱՇԷՍ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
(Սրտաբան)
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Գ. ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԽՐԱԽՃԱՆՔ
10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇ – (BRUNCH)
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018