ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիւզի Երէցեան-Գարաճեան (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Կարպիս Գարաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Վաչէ Գարաճեան եւ զաւակը (Ֆրանսա)
Տիար Հրայր Գարաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Փիթր եւ Կրէյս Սամահա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հալիմ եւ Նատին Հարմուշ եւ զաւակը
Տիկին Ֆրիտա Ալպեր Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գարաճեան եւ Երէցեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Պզտիկեան եւ Ոսկանեան ընտանիքներ
Մինասեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԺԱՆ ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 26 փետրուար 2018-ին, Մարսէյի մէջ, Ֆրանսա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 2 մարտին, Մարսէյի մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարալ Պաճաքեան եւ դուստրը` Սարին
Տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Անի Գաբլանեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Նանոր Էքմեքճեան
Պաճաքեան եւ Գաբլանեան ընտանիքներ
Էքմեքճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՇՆՈՐՀԻԿ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Հարուն» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 2 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, հանգուցեալին բնակարանը, Ռումիէ, «Լէ Վիլեթ» շէնքեր, պլոք H, 4-րդ յարկ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 3 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նուարդ Արքուսեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վաչիկ եւ Քրիստին Սարգիսեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ճօ եւ Արփի Արքուսեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Օրդ. Անժել Արքուսեան
Տիկին Ժանեթ Պերեճիգլեան եւ զաւակունք
Արքուսեան եւ Մորոյեան ընտանիքներ
Կելոյեան եւ Պերեճիգլեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Գէօրողլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, աներոջ, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ԺԱՆ ԱՐՔՈՒՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1940-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 236 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 1 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ առքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Պէյրութի մջ հանգուցեալին մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդուինն հանգուցեալին քրոջ` Ժանեթ Պերեճիգլեանի բնակարանին մէջ:
—————————————-
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ ուրբաթ, 2 մարտ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 6:30-ին
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուի օրուան պատգամով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՐՈՒԹ ԳԸՎԸՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԼԵՔՍԱՆ ԱՒԵՏԻՍ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ`
Դաստիարակչական յանձնախումբին
ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՛
«ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ»
Խօսք կ՛առնէ`
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հուսկ բանք եւ պահպանիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Տեղի պիտի ունենայ`
- Գեղարուեստական յայտագիր
- Հիւրասիրութիւն
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
Կազմակերպութեամբ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Գործակցութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան
Ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր
ԱՇՈՏ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Կը ներկայացնէ
«ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ ՊԱՐՏԷԶԻ ԳԱՆՁԵՐԸ. ՊԱԼԵԱՆՆԵՐ»
Դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ նոյնանուն գիրքի շնորհահանդէսը:
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2018-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 մայիս 2018:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, տեարք Համբիկ Պիլալեան, Սարգիս Նաճարեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
ԽՆԴՐԱՆՔ.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018