Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (6 Մարտ 2018)

$
0
0
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ

Միջինքի առիթով եւ համաձայն Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան պիտի նախագահէ եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Այս առիթով օրուան ժամերգութիւններուն երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Արեւագալի ժամերգութիւն` ժամը 9:30-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 10:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:

ԵՐԹԵՒԵԿ

Դիւրացնելու համար դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի մեր ժողովուրդին երթեւեկը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին հետեւեալ վայրերէն դէպի քաղաք պիտի մեկնին մասնաւոր փոխադրակառքեր.

1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Գէորգ եկեղեցի
3.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
4.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Ֆանար, Լէյլաւան
10.- Ռաուտա
11.- Զալքայի ակումբ
12.- «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին դիմաց
13.- Սիմիթեան շէնքեր (Անթիլիաս)

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————-

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն:

Պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱԲՂՅ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ ապրելու աղօթքի հոգեթով պահը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանահայ բժշկական միութեան Ընդհանուր անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2018-ին, միութեան տան մէջ, Մար Մըխայէլ: Վարչական մասնակի ընտրութիւններէն ետք, վարչութեան կազմն է`

Ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան
Ատենադպիր տոքթ. Յարութ Այնթապլեան
Գանձապահ տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան
Հաշուապահ տոքթ. Արա Փոլատեան
Խորհրդականներ տոքթ. Զարեհ Գասարճեան
տոքթ. Պերճ Տաքէսեան
տոքթ. Մհեր Մելքիսէթեան

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Դասախօսական 4-րդ շարքին հինգերորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Նիւթ`

«ՔԻՄԻԱԿԱՆ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊԱՀԱԾՈՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Դասախօս`
ՄԱՐԻԱ ԹԷՔԷԵԱՆ
(Սննդագէտ)

—————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ, լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր + անձնական կառատուն:

Գեղատեսիլ դիրք:

Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր, Հարպոյեան շէնքերու կից:

Դիմել` հեռաձայն 01-324172 կամ 76-568201 թիւերուն:

———————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Յակոբ Հայթայեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Թորիկեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Տիգրան Քէշիշեան 25.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մանուէլ Աղպոշեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Շանթ Աղպոշեան 20.000 լ. ո., տիկին Փոլին Աղպոշեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պետրոս Օսմանեան 50.000 լ. ո., Նետիմ Հատտատ 50.000 լ. ո., տիար Խաչիկ Պապիկեան 100.000 լ. ո., տիար Ռոպեր Պապիկեան 50.000 լ. ո., տիկին Ազատիկ Պապիկեան 25.000 լ. ո., տիկին Շնորհիկ Պապիկեան 25.000 լ. ո.:

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ

. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>