ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ «ՄԱՆԱՐ»
ԿԱՅԱՆԷՆ
Այսօր` երեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, հետեւեցէ՛ք «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
—————————————
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(21-23 ՄԱՐՏ 2018)
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ`
ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ
ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ`
ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ
ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ
ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ
ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏ
Չորեքշաբթի, 9:00-11:00
ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ
Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեան, նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Վսեմաշուք Բակօ Սահակեան, նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս
Ամեն. եւ Գերերջ. Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարք
Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան
Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն պատմագէտներ:
—————————————
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ
Հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Ներկայութեամբ`
Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ
ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ
Պաշտօնական անձնաւորութիւններու, պետական նախարարներու, երեսփոխաններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նանոր Պետրոսեան եւ դուստրը` Ռուպի
Տիկին Մատլեն Պետրոսեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Կրասիա Մելքոնեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նայիրի Փաթանեան եւ զաւակունք
Տիար Յովհաննէս Փանոսեան
Տէր եւ տիկին Վահան եւ Թամար Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Տիլապազեան եւ զաւակունք
Փանոսեան եւ Թազեան ընտանիքներ
Քէօշէեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Պեննա եւ Տիլապազեան ընտանիքներ
Անտրաուոս եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Անտոնեան եւ Հերկելեան ընտանիքներ
Քորէսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՍԻՄՈՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի
(Ծնեալ` 1975-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 17 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին այսօր` երեքշաբթի, 20 մարտին, հանգուցեալին բնակարանը, իսկ չորեքշաբթի, 21 մարտին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութիւնը կը գուժէ իր երիցագոյն եւ բազմավաստակ եղբօր`
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱՆԷՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան
Տէր եւ տիկին Արա եւ Յասմիկ Պզտիկեան եւ զաւակները` Արթիւր եւ Արէն
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Հուրիկ Գասապեան եւ զաւակները` Սանահին եւ Արին
Տէր եւ տիկին տոքթ. Մինաս Նանէճեան
Տիկին Մարի Կիւզելեան եւ զաւակը` Վահէ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Յարութ Նանէճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտեմ Նանէճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Մարք Պէյլերեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ժոզեֆ Կիւզելեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփի Առաքելեան եւ զաւակները` Պաղտիկ եւ Շանթ
Տէր եւ տիկին Արա Առաքելեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սեւակ Առաքելեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարկօ Քիւփելեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Ճեմճեմեան եւ զաւակունք
Վարդանեան եւ Կարպոյեան ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Ետալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱՆԷՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 20 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 21 եւ հինգշաբթի, 22 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Նորաշէնի Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութեան:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ստեփան Անթոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Անթոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Պարտաքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էտուար Թորիկեան
Անթոսեան եւ Տէր Սահակեան ընտանիքներ
Շահպազեան եւ Հապիպ ընտանիքներ
Պարտաքճեան եւ Թորիկեան ընտանիքներ
Չերչեան եւ Թլսըմեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԱՆԹՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ, 1926-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երէկ` կիրակի, 18 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 20 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 20 մարտին, թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 21 մարտին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 700, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏ
ԿՈՉ
Սիրելի՛ հայրենակից,
«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 42 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ երեք ամիսներէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ կը տառապի:
Ան լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:
Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 255.000 եւրօ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:
Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք, սիրելի՛ հայրենակիցներ` լիայոյս ըլլալով, որ պիտի ընդառաջէք «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտի կոչին:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը փրկած պիտի ըլլաք:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
—————————————
ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Հրապարակուած` Մեթնի դատական վճիռներու գործադրութեան գրասենեակէն
Գործադիր վճիռ թիւ 731/2016
Սոյն կոչնագիրը կը վերաբերի թիւ 731/2016 գործադիր վճիռին, որ ներկայացուած է գործադրող կողմ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Ժան Գառնիկ Մուսըլլիին, առ ի գործադրութիւն հանգուցեալ Անդրանիկ Գառնիկ Մուսըլլիի կտակին, որ պատրաստուած է Պուրճ Համուտի նոտարին կողմէ` 287 թիւով եւ որուն արձանագրութեան թիւն է 4237/1991:
Մեթնի դատական վճիռներու գործադրութեան գրասենեակը 12 մարտ 2018-ին որոշեց այս կոչնագիրը մամուլով հրապարակել, որպէսզի խնդրոյ առարկայ անձին ներկայացուցիչը ներկայանայ գրասենեակ եւ ստանձնէ գործադիր ազդարարութիւնն ու անոր հետ կապ ունեցող յարակից փաստաթուղթերը, այլապէս այս կոչնագիրին մամուլով վերջին անգամ հրապարակումէն երկու ամիս ետք խնդրոյ առարկայ անձին համար կը նշանակուի յատուկ ներկայացուցիչ, որ կը կատարէ օրինական ներկայացուցիչի փոխանորդի դերը` հիմնուելով դատական օրէնսգիրքի թիւ 15 յօդուածին վրայ:
ՄԵԹՆԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՎՃԻՌՆԵՐՈՒ
ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ԺԱՆ ԱՆԹՈՒՆ
—————————————
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Դասախօսական 4-րդ շարքին վեցերորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Նիւթ`
«ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ
(Կիներու եւ ծննդաբերութեանց մասնագէտ)
—————————————
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
– Ազգային մը 1500$
– Ալիք Տէր Պետրոսեան 200$
– Դշխուն Գալայճեան 100$
– Զաւէն Տէր Պետրոսեան 200$
– Շաղիկ Տէր Պետրոսեան 100$
– Անգինէ Գալայճեան 200$
– Թամար Տէր Պետրոսեան 100$
—————————————-
ՀՄԸՄ-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԵՐԵՒԱՆ – ԱՐՑԱԽ
(10 ՕՐ – 21-31 ՅՈՒԼԻՍ)
- 100-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցութիւն + կեցութիւն + շրջապտոյտներ + սնունդ
ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԹԻՒՈՎ ՏԵՂԵՐ ՍԱԿ` 950$
Արձանագրութեան պայմանաժամ. 4 ապրիլ 2018
Մանրամասնութեան համար դիմել:
Հեռաձայն 03-129875, 03-648916, 03-666506
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ, լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր + անձնական կառատուն:
Գեղատեսիլ դիրք:
Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր, Հարպոյեան շէնքերու կից:
Դիմել` հեռաձայն 01-324172 կամ 76-568201 թիւերուն:
—————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ժեհթաուի, «Սէն Մարք»-էն առաջ, մայր պողոտայի վրայ: 2 ննջասենեակ, ճաշասենեակ, հիւրասենեակ + 2 բաղնիք + 3 պատշգամ: 2-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 70-170408:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ