ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Անի Թէնպէլեան եւ զաւակները` Նարին, Ալիք եւ Հայկ
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Լիլի Թէնպէլեան եւ դուստրը` Բարտի
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Ալիս Ճինպաշեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Խաժակ
Տիար Համբիկ Թէնպէլեան եւ օրդ. Սիլվա Թէնպէլեան
Տէր եւ տիկին Մանուկ Թէնպէլեան եւ զաւակունք
Յովհաննէսեան, Այվազեան եւ Գոզանեան ընտանիքներ
Չէօրէքճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, աներհօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի 12 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 13 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30 եւ շաբաթ 14 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վիքի Կորկոտեան-Չաթալպաշեան
Փաթրիկ-Գէորգ Երուանդ Չաթալպաշեան եւ ընտանիք
Քաթլին Երուանդ Չաթալպաշեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Վարդգէս եւ Փերուզ Եագուպեանի ընտանիք
Տիկին Լիտիա Գրիգոր Չաթալպաշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան եւ զաւակունք
Չաթալպաշեան եւ Կորկոտեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Աժամի եւ Պօյաճեան ընտանիքներ
Քույումճեան եւ Ժետէոն ընտանիքներ
Կիրակոսեան եւ Թասլաքճեան ընտանիքներ
Քիրազեան եւ Եըլընըզեան ընտանիքներ
Աւետիքեան եւ Հազարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, տագրոջ, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԷՈՐԳ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 15 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Նաքքաշ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, իսկ երկուշաբթի, 16 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին:
—————————————
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2018
Հովանաւորութեամբ` Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին
Կազմակերպութեամբ` Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին
Մասնակցութեամբ` «Սուք էլ Էքըլ»-ին
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 15 ապրիլին, Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ:
- Փառատօնը կ՛ընդգրկէ տաղաւարներու ցուցադրութիւն-վաճառք:
- Փոքրերու յատուկ ժամանցի խաղեր:
- Գեղարուեստական յատուկ յայտագիր` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու:
Փառատօնի բացում` կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ