Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (13 Յունիս 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Բարսեղ եւ Մարի Ռոզ Թոփաքեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Լուսին Պօհճէլեան (Կիպրոս)
Տիկին Մելինէ Թոփաքեան
Տիար Արմենակ Թոփաքեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Թամար Թոփաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Քարոլ Թոփաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Վերա Հաւանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ռուպինա Պօհճէլեան (Կիպրոս)
Տէր եւ տիկին Արման եւ Հուրի Պալթայեան (Կիպրոս)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՏԻՐԱՆ ԹՈՓԱՔԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 11 յունիս 2018-ի երեկոյեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 13 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ հինգշաբթի, 14 յունիսին, հանգուցեալին բնարականը` Անթիլիաս, «Մալահ Եամմին» շէնք, 2-րդ յարկ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Շարլոթ Տէր Ղազարեան եւ զաւակը` Րաֆֆի
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Քէթի Յովսէփեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ուռի Ասատուրեան
Տէր եւ տիկին Սամեր եւ Քարինա Նաքուզի
Տէր եւ տիկին Ռոստոմ եւ Արին Գույումճեան
Տէր Ղազարեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Չալըմեան ընտանիքներ
Միքայէլեան եւ Պալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՒՇԵՐԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի 11 յունիս 2018-ին, Հայաստանի մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 13 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Երեւանի Քանաքեռ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

Ս. ԳՐՈՑ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ – 13-17 ՏԱՐԵԿԱՆ
ՊԱՐՄԱՆ – ՊԱՐՄԱՆՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

ՎԵՑ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
2 ՅՈՒԼԻՍԷՆ – 9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

Շաբաթը 4 օր` երկուշաբթիէն հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 8:30-էն կէսօրուան ժամը 1:30:

Վայր` Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարան, Պուրճ Համուտ:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ Աստուածաշնչական ծանօթութիւն, քրիստոնէական բարոյագիտութիւն, հոգեւոր երաժշտութիւն, ձեռային աշխատանք, ինքնաարտայայտման պահ, ընկերային եւ մարզական պահեր: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ կրօնական նիւթերով ժապաւէնի ցուցադրութիւն:

Այն ծնողները, որոնք կը փափաքին իրենց զաւակները մասնակից դարձնել սոյն ծրագիրին, պարտին կապ պահել պրն. Զաւէն Թղըլեանին հետ` հեռաձայնելով Ազգային առաջնորդարան` 01-258300 կամ 70-529963 թիւերուն:

ԲՈԼՈՐՍ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆՔ 2 ՅՈՒԼԻՍԻ ԱՌԱՒՕՏՈՒՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵԶԻ

—————————————

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի կատարէ Ռաուտայի վերանորոգ դպրոցին մէջ:

Նախնական արձանագրութիւնները կը կատարուին երկուշաբթի, 18 յունիս 2018-էն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 2:00:

Մխիթարեան վարժարան…
21-րդ դարու ուսումնարան:

Հեռաձայն 76-316042

Ե-նամակ.  info@mekhitarianlb.com

Կայք. www.mekhitarianlb.com

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի վաճառող օրիորդի մը` իր ցուցասրահին համար: Հեռ. 03-412442:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

22 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆԱՌԻԹՈՎ

ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ

ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>