Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (18 Յունիս 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Արիանա Աւագեան եւ դուստրը` Արլին
Տիկին Էօժեն Աւագեան
Տիկին Լուսածին Կիւլվանէսեան
Տիկին Մարալ Գասապեան եւ զաւակը` Էտի
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շուշիկ Աւագեաններ եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լիլիան Ֆերմանեաններ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին դոկտ. Անդրանիկ եւ Ալինա Տագէսեաններ եւ զաւակը` դոկտ. Արեգ
Տիկին Սրբուհի Ֆերմանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Վահրատեան եւ զաւակունք
Աւագեան եւ Կիւլվանէսեան ընտանիքներ
Ադամեան եւ Պատիկեան ընտանիքներ
Աամուր եւ Ֆերմանեան ընտանիքներ
Մուրատ եւ Հաննա ընտանիքներ
Սաատէ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՄԻՆԱՍ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1963-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 15 յունիսի առաւօտեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 16 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի նոր Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար ժողովրդային քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ:

Առ այդ, հաճեցէք նկատի ունենալ.

ա.- Ընտրութեան կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը ամբողջացուցած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այն բոլոր զաւակները (առանց սեռի խտրութեան), որոնք վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական ու համայնքային իրաւունքներէն:

բ.- Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այն բոլոր զաւակները (առանց սեռի խտրութեան), որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած քաղաքացիական ու համայնքային իրաւունքներէ:

գ.- Երեսփոխաններու թեկնածութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին առաջնորդարանի դիւանատան մէջ, երկուշաբթի, 18 յունիսէն մինչեւ ուրբաթ, 29 յունիս 2018, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:

Թեկնածութեան արձանագրութեան համար հարկ է ճշդել ենթակային ծխական շրջանը եւ դիմումնագիրին հետ ներկայացնել.

ա.- Ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ
բ.- Մկրտութեան հաստատագիր
գ.- 2017 տարուան Ազգային տուրքի ստացական
դ.- Քրէական անպարտութիւնը հաստատող փաստաթուղթ (Սըժըլ Ատլի)

Յաւելեալ լուսաբանութեանց համար հաճեցէք կապ հաստատել Ազգային առաջնորդարանիս դիւանատան հետ` 01-258300 հեռաձայնի թիւով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կազմակերպութեամբ`
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական
Ուսանողական Միութեան

ԿԱԼԱ – ԸՆԹՐԻՔ
ՀԵՀՈՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ:

Կը հրաւիրենք բոլոր հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները` միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելենական հանդիսութիւնը եւ խթան հանդիսանալու ՀԵՀՈՄ-ի յառաջիկայ գործունէութեանց: Յայտնենք, որ այս կալային հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ համալսարանականներու կրթաթոշակի օժանդակութեան ֆոնտի մը ստեղծման ծրագիրին:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 76/088532, 76/868661 թիւերուն եւ կամ կապուիլ կաթողիկոսարան` 04/410001:

ՀԵՀՈՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԷՇՐԵՖԻԷ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ  ԵՐԳԵՐՈՒ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄՆԻՆ

Ելոյթ կ՛ունենան

Ջութակահար` Լիւսի  Չամսարեան,
Շաքէ Պաղտասարեան, Նժդեհ Պոտրումեան,
Մինաս Ադամեան, Մարալ Շաննագեան-Ադամեան,
Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան,
Արմիկ Քէրքէզեան, Շուշան Սարգիսեան,
Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկէրեան,  

ընկերակցութեամբ`
Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին

Տեղի կ՛ունենայ, ուրբաթ, 22 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Մուտքի սակ` 15.000 եւ 20.000 լ.ո.

Տոմսերը ստանալու համար դիմել
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գրասենեակ` հեռ. 10-449926
Բրդավաճառ «Գարին», Պուրճ Համուտ, հեռ. 01-266414
եւ ելոյթի օրը կիշէէն:

—————————————

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են ու կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:

Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.

– Ընդհանուր գիտութիւն (GS)
– Կենսաբանութիւն (LS)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)

Վարժարանին մէջ`

– կը գործէ ուսման յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (մանկապարտէզէն` միջնակարգ),
– կը գործէ լիաժամ խորհրդատու-հոգեբան (school counselor),
– կը դասաւանդուի նկարագիրի կրթութիւն (child education),
– կը գործեն այլազան «ակումբ»-ներ (պարի, ճատրակի, մարզական, robotics…)

Վարժարանս օժտուած է վերանորոգուած եւ արդիական տարրալուծարանով:

Ուշադրութիւն

– Վարժարանս կը տրամադրէ յատուկ եւ սերտուած կրթանպաստի դրութիւն քաջալերելու համար ուսումնատենչ հայ աշակերտներու գոյատեւումը հայ վարժարանին մէջ:
– Հայկազեան համալսարան յաճախող ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստ կը տրամադրուի «Թրբանճեան ֆոնտ»-էն (պայմանով, որ աշակերտը վերջին երկու տարիներուն յաճախած ըլլայ ԿԲ վարժարան):

Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել.

ա.- Վերջին 2 տարիներու վիճակացոյց
բ.- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն
գ.- Երկու նոր լուսանկար
դ.- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի կատարէ Ռաուտայի վերանորոգ դպրոցին մէջ:

Նախնական արձանագրութիւնները կը կատարուին երկուշաբթի, 18 յունիս 2018-էն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 2:00:

Մխիթարեան վարժարան…
21-րդ դարու ուսումնարան:

Հեռաձայն 76-316042

Ե-նամակ.  info@mekhitarianlb.com

Կայք. www.mekhitarianlb.com

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Լութֆիկ Սարգիսեան եղբարք 450.000 լ.ո., Տէկիրմէնճեան եղբարք 100 $, Սալթեք Սալխանեան 500 $, Համբար եւ Յարութ Եսայեաններ 200.000 լ.ո., Կիւրեղեան ընտանիք 400.000 լ.ո., տիար Յովհաննէս Հալաճեան 150 $, տէր եւ տիկին Սարգիս Կերեքմէզեան 200 $, տէր եւ տիկին Սարգիս Սիմիտեան 100.000 լ.ո., եղբարք Գրիգոր եւ Յարութ Եսայեաններ 600.000 լ.ո., փոքրիկն Սելին Գարլ Սապաալի 50 $, փոքրիկն Աննա Մարիա Սէրայտարեան 50 $, Լեւոն Գոլէհեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յարութիւն Արսլանեան 300 $, տէր եւ տիկին Յարութիւն Շահպազեան 200.000 լ.ո., SIT հաստատութիւն 100 $, տէր եւ տիկին Վարուժան Խանճեան 200 $, տէր եւ տիկին Յարութ Մուշեան 100 $, տէր եւ տիկին Վարդիվառ Քէսմէեան 100 $, տէր եւ տիկին Յարութ Տօնիկեան 100 $, տէր եւ տիկին (Փօլ Հաուս) Պետրոս Թորոսեան 500.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Մկրտիչ Թորոսեան 500.000 լ.ո., Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց 500.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Դաւիթեան 100.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կարապետ Պապահէքեան 50.000 լ.ո., Պայթարեան եղբարք 300 $, տէր եւ տիկին Շահէ Չաղլասեան 300.000 լ.ո., Առաքելեան եղբարք 400 $, տիար Յակոբ Լոշխաճեան 300 $, տիկին. Արմենուհի Մանսուրեան 50.000 լ.ո., տիար Սամուէլ Սամուէլ 500.000 լ.ո., տիկին Ազատուհի Տագէսեան 20.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Եսայեան 200 $, տէր եւ տիկին Քաջայր Գուճանեան 100 $, տէր եւ տիկին Սարգիս Զէյթճեան 100 $, տիկին Սօսի Թորդեան 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Դաւիթ Տէմիրճեան 250.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Գէորգ Պէրէճիքեան 150.000 լ.ո., Միհրան եւ Ռիթա Մուրատեաններ 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ժան Յովակիմեան 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Արամ Պէքարեան 100 $, Ֆանարի Ս. Մատրան թաղականութիւն 150.000 լ.ո., Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Հրաչ Պոյաճեան 200 $, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւն (Ռըմէյլ) 200.000 լ.ո., Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւն 150.000 լ.ո., ազգային մը 200 $, տէր եւ տիկին Րաֆֆի Զգուշեան 1.500.000 լ.ո., Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւն 300.000 լ.ո., Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւն 300.000 լ.ո., Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութիւն 300 $, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Նշան Պչաքճեան 200.000 լ.ո., ազգային մը 300.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կարօ Կարապետեան 300 $, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութիւն 450.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Կէօվէօղլանեան 200 $, տէր եւ տիկին Գրիգոր Թաշճեան 100 $, տէր եւ տիկին Ճորճ Սալորեան 100 $, տէր եւ տիկին Յարութ Նազարէթեան 100 $, տէր եւ տիկին Մկրտիչ Եափուճեան 200 $, տէր եւ տիկին Իշխան Մանիսաճեան 150.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Մարտօ Ապուսէֆեան 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կարօ Իսկենտերեան 300$, տէր եւ տիկին Գրիգոր Մարտիկեան 150.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Խաչիկ Առաքելեան 300.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յարութ Գրօղլեան 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Պօղոս Գոնիալեան 1.000.000 լ.ո., Ալեքսանեան եղբարք 500.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Սրբուկ Ճէնանեան 150.000 լ.ո., ՀՄԸՄ Ժունիէի վարչութիւն 150.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Տինա Չաւուշեան 100.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Սէֆէրեան 300.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Պետիկեան 200.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Թոնի Ասատուրեան 1.000.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Երէցեան 100 $, օր. Սիլվա Համբարձումեան 100 $, տէր եւ տիկին Վարուժան Համբարձումեան 100 $, ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ կոմիտէութիւն 750.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Հայկ Մեսրոպեան 300.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Մեսրոպեան 300.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ալեքսան Սուսանի 500 $, տէր եւ տիկին Յարութ Սուսանի 500.000 լ.ո., ՀՅԴ Աղբալեան կոմիտէութիւն 500 $, տէր եւ տիկին Յարութիւն Յարութիւնեան 200 $, DKERCO հաստատութիւն 500 $, տէր եւ տիկին Աւետիս Սարգիսեան 100 $, տէր եւ տիկին Րաֆֆի Սարգիսեան 100 $, ՀՅԴ Հրայր Մարուխեան կոմիտէութիւն 750.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Մեսրոպեան 750.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գալօղլեան 300 $, Սարգիս եւ Յակոբ Լուսարարեաններ 1.000.000 լ.ո.:

Անուանակոչութեան առիթով ոչխար նուիրողներու անուանացանկ.

Տէր եւ տիկին Ժիրայր Սաաթճեան, տէր եւ տիկին Պետրոս Գսաճիքեան, տէր եւ տիկին Ժան Կարապետեան, տէր եւ տիկին Արա Գոյունեան, տէր եւ տիկին Ղազար Ղազարեան, տիար Վարդան Գսաճիքեան, տիկին Գարուն Պոսնոյեան, տէր եւ տիկին Քրիստ Հալաճեան, տէր եւ տիկին Արմէն Գարօ Քէշիշեան, տէր եւ տիկին Սթիւ Ասֆահանի մէկական ոչխար:

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

22 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆԱՌԻԹՈՎ

ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ

ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>