ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Անի Քանտարժի եւ զաւակները` Կրէյս եւ Նոել
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Վարդուհի Պապիկեան
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Ռեբեկա Կարապետեան եւ զաւակը` Միհրան
Օրդ. Մարալ Քանտարժի
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Շողիկ Կարապետեան եւ զաւակները` Փալիկ եւ Շահան-Վարուժան
Գերպ. Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Լենա Պապիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժ եւ Թալին Պապիկեան եւ զաւակունք
Օրդ. Ռիթա Պապիկեան
Քանտարժի եւ Պապիկեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Գաուրիէ եւ Տաքքաշ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՔԱՆՏԱՐԺԻԻ
(Ծնեալ` ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, 1924-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 2:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 28 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 28 եւ ուրբաթ 29 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Ընտրութեան եւ Օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ, առաջին անգամ ըլլալով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գերշ. Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի:
Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՔՆԱՐԻԿ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար-Լիբանան
Հեռ. 01891068 – 891099
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին յուլիս ամսուն` միայն ամէն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, ժամը 8:30-էն 12:00:
Օգոստոս ամսուն վարժարանիս տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակները փակ կը մնան:
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, արձանագրութիւնները կը վերսկսին ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ ամառնային բարի արձակուրդ կը մաղթենք մեր ծնողներուն ու աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Գրասենեակ կամ սրահ 2-րդ յարկ, 180 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտ, «Սեւան» շէնք: Հեռ. 70/420246:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ