Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (7 Յուլիս 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Թերեզ Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Արլին Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քրիստին Շահպազեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Արոյեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարիամ Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Սոնա Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Մանուշակ Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Մարիեթ Շահպազեան եւ զաւակունք
Շահպազեան եւ Խտըրլարեան ընտանիքներ
Արոյեան եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Պօզեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Ահարոնեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Զամպաքճեան եւ Եղիայեան ընտանիքներ
Սապունճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, աներոջ եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 6 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 6 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթ, 7 եւ կիրակի, 8 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

—————————————

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 8 յուլիս 2018-ին, Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աբեղայական անդրանիկ Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂՅ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ լսելու հայր սուրբին անդրանիկ պատգամը:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

(ՆՈՐ ՍԻՍ)

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ կիրակի 8 յուլիս 2018-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԼԵԱՆ

Այս առիթով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ լսելու նորընծայ հայր սուրբին հոգեպարար պատգամը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար-Լիբանան
Հեռ. 01891068 – 891099

2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին յուլիս ամսուն` միայն ամէն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, ժամը 8:30-էն 12:00:

Օգոստոս ամսուն վարժարանիս տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակները փակ կը մնան:

Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, արձանագրութիւնները կը վերսկսին ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:

Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.

– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)

Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:

Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ ամառնային բարի արձակուրդ կը մաղթենք մեր ծնողներուն ու աշակերտներուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>