ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Ֆրիտա Կարապետեան
Տիար Պօղոս Կարապետեան
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Ֆրետերիք Կարապետեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Համբիկ եւ Վարդուհի Մարտիրոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Գոհար Արսլանեան եւ զաւակը
Կարապետեան եւ Շահպազեան ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Լանկըր ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Պուժանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԺԻՒԼԻԵԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 12 յուլիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 14 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկաս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին կիրակի, 15 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Տըպպայէ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ֆատի եւ Սիլվիա Ասաատ եւ զաւակները` Մարք-Ֆիլիփ եւ Ալեքսանտր (Ապու Տապի)
Տիար Հայկ Մելքիսէթեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Արա Մելքիսէթեան
Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Պերճուհի Զաւզաւաթճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին դոկտ. Փոլ Կարմիրեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սոնիա Զաւզաւաթճեան եւ ընտանիք
Տիար Ասատուր Կարմիրեան (Միացեալ Նահանգներ)
Մելքիսէթեան եւ Ասաատ ընտանիքներ
Կարմիրեան եւ Զաւզաւաթճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԹԱԳՈՒՀԻ (ՌԷՆ) ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 յուլիս 2018-ին, Ուաշինկթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 13 յուլիս 2018-ին, Ուաշինկթընի Ս. Մաթէոս առաքեալ մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Պէյրութի մէջ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին աւելի ուշ թուականի, յետ յուղարկաւորութեան:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱԶԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յուլիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կազմակերպութեամբ`
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի
ԽՄԲԵՐԳԱՅԻՆ ՀՈՒՆՁՔ
Կատարողութեամբ`
ԳՈՒՍԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ
Խմբավարութեամբ`
ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆԻ
Երգեհոնի ընկերակցութեամբ`
ՅԱՍՄԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 17 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հաճոյքն ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէայի բոլոր ճիւղերը ընդգրկող դասարաններուն կողքին, 2018-2019 տարեշրջանին պիտի ունենայ նաեւ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու համար
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT
Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն`
– Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ
– Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարութիւններ
– Ընկերային յարաբերութիւններու եւ զգացական դժուարութիւններ
Հետաքրքրուող ծնողները կրնան դիմել վարժարանիս տնօրէնութեան` հեռաձայնելով 01-442594 թիւին:
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են ու կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (GS)
– Կենսաբանութիւն (LS)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Վարժարանին մէջ`
– կը գործէ ուսման յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (մանկապարտէզէն` միջնակարգ),
– կը գործէ լիաժամ խորհրդատու-հոգեբան (school counselor),
– կը դասաւանդուի նկարագիրի կրթութիւն (child education),
– կը գործեն այլազան «ակումբ»-ներ (պարի, ճատրակի, մարզական, robotics…)
Վարժարանս օժտուած է վերանորոգուած եւ արդիական տարրալուծարանով:
Ուշադրութիւն
– Վարժարանս կը տրամադրէ յատուկ եւ սերտուած կրթանպաստի դրութիւն քաջալերելու համար ուսումնատենչ հայ աշակերտներու գոյատեւումը հայ վարժարանին մէջ:
– Հայկազեան համալսարան յաճախող ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստ կը տրամադրուի «Թրբանճեան ֆոնտ»-էն (պայմանով, որ աշակերտը վերջին երկու տարիներուն յաճախած ըլլայ ԿԲ վարժարան):
Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել.
ա.- Վերջին 2 տարիներու վիճակացոյց
բ.- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն
գ.- Երկու նոր լուսանկար
դ.- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ