Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (21 Յուլիս 2018)

$
0
0

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆի մահուան Գ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԻՆԱՍ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱՐՓԻՆԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկ

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր կազմակերպած 2018-ի վիճակահանութեան ձեռնարկի շահող թիւն է`

8784

որ կը ստանայ 2 անձի երթուդարձի օդանաւային տոմս, Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան ճամբորդական գրասենեակէն:

Այս առիթով հաստատութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ծառայութեան վեհ առաքելութիւնը քաջալերող իւրաքանչիւր անհատի եւ հաստատութեան, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ սպառել բոլոր տոմսերը:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՏՕՆ Ս. ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ

Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը Ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու

Ս. պատարագի զոհին, որ պիտի մատուցէ

ԱՐՀԻ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի թեմին

Կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:

Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:

Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`

– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:

Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:

Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:

Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`

ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԾԱԽՈՒ Է

Ծախու է երկյարկանի շէնք մը, Այնճարի մէջ: Հեռ. 03-679061:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի «Մեթրիքս»-ի վրայ գծող պաշտօնեայի մը: Դիմել` հեռ. 03-882792:

—————————————

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869:

—————————————

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏԻՆ

Արփինէ Մելքոնեանի մահուան քառասունքին առիթով,
– Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը 100$

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>