Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (2 Օգոստոս 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ատրինէ Էկիւլեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Ռուբէն Էկիւլեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Արա եւ Մէյրի Պատան եւ ընտանիք (Աւստրալիա)
Գայեանէ եւ Անի Էկիւլեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Մանուկեան (Քանատա)
Քէշիշեան եւ Էկիւլեան ընտանիքներ
Պատան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՓԱՆՈՍ ԷԿԻՒԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1935-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 31 յուլիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 5:00-ին, Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա), յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 2 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Մանուէլ Սաղպազարեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ռիթա Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Միրէյ Քիւթիւքճեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Միհրան Կ. Քէշիշեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Յակոբ Կ. Քէշիշեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Թագուհի Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Էտմոն եւ Լուսի Ամատունի եւ զաւակունք
Տիկին Շուշան Նուպար Չորպաճեան եւ ընտանիք
Սաղպազարեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Գալայճեան եւ Քիւթիւքճեան ընտանիքներ
Իպրահիմ եւ Մինասեան ընտանիքներ
Պաստրմաճեան եւ Մոմճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՏԷԼ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆԻ

(Ծնեալ` Քէշիշեան)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 1 օգոստոս 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 3 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամ 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 4 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ: 

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Սեդա Խաչատուրեան
Տէր եւ տիկին Էտուար եւ Զարմիկ Խանզեթեան
Տիկին Վիոլեթ Մարկոսեան եւ զաւակները`
Քաթիա եւ Միհրան (Քանատա)
Տիկին Ժոզեֆին Վարագեան եւ զաւակունք
Տիար Միշել Տիք Խորոզեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Մկրեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժորժեթ Մկրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Նարեկ Մկրեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Մանուէլ Մկրեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Մկրեան եւ զաւակունք
Խաչատուրեան եւ Խանզեթեան ընտանիքներ
Մարկոսեան եւ Տիք Խորոզեան ընտանիքներ
Մկրեան եւ Թրթռեան ընտանիքներ
Վարագեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, տալոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

(Ծնեալ` Մկրեան)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 1 օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իր բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 2 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ ուրբաթ, 3 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Մեծայա՛րգ պրն. Վաչէ Քէօֆթէեան

Յարգելի՛ պարոն,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 14 յունիս 2017 թուականին կայացուցած իր նիստին, որուն ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԹԱԳՈՒՀԻ ՌԵՆ ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆի (ծնեալ` Կարմիրեան) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ (Տեպպաս հրապարակ), կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Կարմիրեան, Մելքիսէթեան, Ասաատ, Զաւզաւաթճեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ ցաւակցութիւն պիտի ընդունին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԱԼԵՔՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

—————————————

Հայ աւետարանական շամլեան թաթիկեան
Երկրորդական Վարժարան

Հիմնուած 1934-ին
Պուրճ Համուտ

2018-2019–ի Վերամուտ

Միշտ Հայ աշակերտին կողքին հոգածու դաստիարակութեամբեւսերտուած կրթաթոշակով:

 Արձանագրութիւն

Արձանագրութիւնները սկսած են եւ Տէրը կամի պիտի շարունակուին Սեպտեմբեր 4-էն սկսեալ ամէն օր՝ ժամը 9.00-12.00: Մինչեւ Յուլիսի վերջը ներկայացող դիմումնագիրներուն առաջնահերթութիւն պիտի տրուի:

Վերամուտ՝

  • Երկ. Գ. Կարգի(Bacc. II–i) եւ Միջ. Գ. Կարգի(Brevet) դասաւանդութիւնները կը սկսին Երկուշաբթի` 10 սեպտեմբերին:
  • Երկրորդական բաժնի դասաւանդութիւնները կը սկսին Երեքշաբթի` 25 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:
  • Նախակրթարանի բաժնի դասաւանդութիւնները կը սկսին  Չորեքշաբթի` 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:
  • Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի Հինգշաբթի՝ 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:

Ծանօթ: Կ’ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները ծիլ դասարան, ամիսը $120 կրթաթոշակով:

Նորեկ աշակերտներ

Նորեկ աշակերտներպարտին ներկայացնել, վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆէտէ»ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներումուտքի քննութիւն՝ ժամադրութեամբ:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:

Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:

Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`

– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:

Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:

Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:

Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`

ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, 100 քառ. մեթր, մայր ճամբու վրայ, 4-րդ յարկ:

Դիմել` հեռ. 76-691830:

—————————————

ԾԱԽՈՒ ԵՆ

Պուրճ Համուտի Սիսի շրջանին մէջ 2 անջատ յարկաբաժիններ,
իւրաքանչիւրը 65 քառ. մեթր, ինչպէս նաեւ 2 խանութներ:
Դիմել` հեռ. 03-781250:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Տիկին Սօսի Մենտիլեան Արամ եւ Պերճուհի Պեզիկեաններու յիշատակին ստանձնեց օրուան մը ճաշի ծախսը` 500.000 լ. ոսկիով:

1 օգոստոս 2018

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Սիրակ Տէր Ղուկասեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ տիկին Ճորճ Պալթայեան 25.000 լ.ո., տիար Էլիաս Ճարայր եւ ընտանիք 30.000 լ.ո., տիար Ուիսամ եւ Լարա Մանսուր 50.000 լ.ո.,  Սէյտ Ֆայատ եւ Սիւզի Սալլում 50.000 լ.ո., տիար Ժորժ Ժրէյժ եւ ընտանիք 15.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Նազարէթ Չէքէմեան եւ օրդ. Լիլի Խաչատուրեան 20.000 լ.ո., Պեթի Թաութըլ եւ Սաատ Սֆէյր 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սմբատ Ղազելեան 30.000 լ.ո., օրդ. Անի Սարեան 20$, տէր եւ տիկին Յակոբ Գոզեան 20.000 լ.ո., Գոնտոյեան ընտանիք 20.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ռազմիկ Յովսէփեան 30.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Թորոսեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Հրայր Գէորգեան 100.000 լ.ո., տիար Սլէյման Սալլում եւ ընտանիք 50.000 լ.ո., տիար Ռապիհ Մուաուատ 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեան 20.000 լ.ո., ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւն 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Վազգէն Պեքերեճեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Գլպաշեան 100.000 լ.ո., տիկին Սօսի Պալեան եւ տիար Արմէն 50.000 լ.ո. եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւն 150.000 լ.ո.:

Գրիգոր Սեդրակեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ տիկին Աբօ Պալաղամեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Միհրան Սեֆերեան 50.000 լ.ո., տիկին Մարի Զէյթունցեան 20.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Պետիկ Զէյթունեան 20.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Մայք եւ Լիւսի Եագուպեան 50.000 լ.ո.,  տէր եւ տիկին Թոնի եւ Միրէյ Խուրի 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Քարոլին Մարկոսեան 50.000 լ.ո., տիկին Ալին Աֆշարեան 25.000 լ.ո., Քաթիա եւ Ժաքոպ Դաւիթեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ժիրայր Չամիչեան 50.000 լ.ո., Հայկազեան համալսարանի տիկնանց (Պուք քլապ) 50.000 լ.ո., տիկին Ալիս Մախլութա 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Ժանօ Քեչեճեան 20.000 լ.ո., փաստաբան տիար Խալիլ Ապի Նատեր 50.000 լ.ո., տիար Վաչէ Միքայէլեան 50.000 լ.ո., տիկին Անահիտ Ֆայլպաշեան 50.000 լ.ո., տիկին Վերժին Ճէրճէրեան 50.000 լ.ո. եւ տիար Հապիպ Հապիպ 50.000 լ.ո.:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>