Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (15 Սեպտեմբեր 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Տարիա Խտըշեան-Չափարեան եւ զաւակը` Ալպերթօ
Տիկին Սեդա Ունճեան
Տիկին Անժելա Խտըշեան
Խտըշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`

ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Պիտի կատարուի Ազգային թաղում:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Տիգրան Պէյլերեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Կրէյս Ֆատտուլ-Պէյլերեան եւ զաւակները` Երուանդ, Րաֆֆի եւ Տանիէլ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Պէյլերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Պէյլերեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Պէյլերեան եւ զաւակունք
Պէյլերեան եւ Գալպայեան ընտանիքներ
Թաթարեան եւ Ֆատտուլ ընտանիքներ
Թուֆենքճի եւ Լալայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԵՐՈՒԱՆԴ ՅԱԿՈԲ ՊԷՅԼԵՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարոեցաւ ւուրբաթ, 14 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Խաչվերացի մեռելոցին` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, հաւաքական հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն եւ հանգուցեալ ժողովականներուն համար:

Հոգեհանգիստին պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Հոգեհանգիստին պիտի մասնակցի թեմիս քահանաներու դասը:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

—————————————

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 103-ԱՄԵԱԿ-Ի
ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 79-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Շաբաթ, 15 սեպտեմեր 2018:

Ժողովրդային տօնախմբութիւն`

Հովանաւորութեամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

* Ժողովրդային քայլարշաւ.- Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն Մուսա լերան յուշարձան համալիր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

* Պաշտօնական հանդիսութիւն

Պատգամախօս` ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ կ՛ունենայ հանրածանօթ երգիչ`
(թենոր) ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի

Երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ:

* Տեղի պիտի ունենայ նաեւ մատաղի պատրաստութիւն` կազմակերպութեամբ

Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018:

Սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հոգեհանգստեան արարողութիւն Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:

ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

—————————————

«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Աքսոր Գասարճեան» համալսարանական ֆոնտը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու կրթական նպաստ մը:

Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ:

Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:

«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ»
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

—————————————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:

Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն կամ ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն` www.afhil.com university fund application բաժինէն:

Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:

Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

ԱՖՀԻԼ-ի անդամները բնականաբար կ՛օգտուին յատուկ դիմումնագիր մը լեցնելով:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:

ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ

—————————————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայկական վարժարաններու երկրորդականի աշակերտներուն:

Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ:

Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:

ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Կանացի հագուստներու վարպետ կարող: Դիմել` հեռ. 03/164767:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի իր ցուցադրասրահին մէջ վաճառող երիտասարդ օրիորդի մը: Հեռ. 03-412442:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>