ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Սիլվա Կիրակոսեան
Տէր եւ տիկին Էմանուէլ եւ Կրէյս Յովսէփեան-Կիրակոսեան եւ զաւակները` Փոլ, Ռաշել եւ Մարք
Տիկին Արաքսի Կիրակոսեան եւ զաւակը` Անթօ Համպոյեան
Տիար Յովհաննէս Կիրակոսեան
Օրդ. Մանուէլա Կիրակոսեան
Կիրակոսեան եւ Մունջօղլեան ընտանիքներ
Էլմայեան եւ Արման ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԺՈՒԼԻԵԹ (ՓՈԼ) ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՀԻՆՏԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ
Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը պիտի սկսի ընդունելու կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2018/2019 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:
Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ն, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԸ (38-րդ) հատորի
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7:00, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահ:
Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարան
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԻՐՔԸ 2017-ԻՆ
(լուսարձակ` 2017 տարուան ընթացքին լիբանանահայ գրողներու կողմէ Լիբանանի մէջ հրատարակուած գիրքերու վրայ)
Բանախօս` ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:00, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահ:
—————————————
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան» համալսարանական ֆոնտը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու կրթական նպաստ մը:
Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ:
Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:
Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:
Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ»
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:
Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն կամ ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն` www.afhil.com university fund application բաժինէն:
Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:
Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:
Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:
ԱՖՀԻԼ-ի անդամները բնականաբար կ՛օգտուին յատուկ դիմումնագիր մը լեցնելով:
Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:
ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայկական վարժարաններու երկրորդականի աշակերտներուն:
Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ:
Մինչեւ 22 հոկտեմբեր 2018 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:
Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:
Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` հեռ. 01/242556-57:
ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԱՐԱՄԸ»
ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Վերահրատարակութիւն`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ
Հրատարակութիւն ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ-1991
Պէյրութ, 2018
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը իր ցուցասրահին մէջ կարիքը ունի վաճառող երիտասարդ օրիորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ
ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պաուշրիէ, 150 քառ., մեթր, 7-րդ յարկ, լման կահաւորուած + կառատուն + վերելակ:
– Վարձու` ամսական 600$
– Ծախու` 250.000$
Դիմել` հեռ. 03-384160: